ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր շփումներ կ՚ունենայ Ուաշինկթընի մէջ։ Իր այցելութիւնը կը տեւէ երկու օր։ Չավուշօղլու մասնակցութիւն կը բերէ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ պայքարի ձեռնարկած միջազգային համախոհութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան վաղը աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ապու Տապիի մէջ ան պիտի մասնակցի Հայաստան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ներդրումային համաժողովին։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին միջեւ տեսակցութիւն:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հայկական լրագրական աշխարհի երէց դէմքերէն մին՝ Վանիկ Սանթրեան։ Սովետական լրագրական դպրոցէն հասած վարպետ մամլոյ սպասաւոր մըն էր ան։
Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան երէկ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը պարգեւատրեց աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրը։ Այսպէս, իրեն շնորհուեցաւ Հայ Կաթողիկէից Արքեպիսկոպոսարանի նորահաստատ «Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան» շքանշանը։
Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին նախաձեռնութեամբ՝ տեղի ունեցած է «Կրացիա» պարի փառատօնին բացման արարողութիւնը՝ նուիրուած պարուսոյց Էլէնա Սարգսեանի յիշատակին:
Հայաստանի Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի ցուցասրահին մէջ բացուեցաւ «Թոլսթոյը կեանքի մէջ» խորագրով ժամանակաւոր ցուցահանդէսը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Ապրիլի 25-ը:
Հայաստանի ՄԱԿ-ի անդամակցութեան 25-ամեակին առթիւ Նիւ Եորքի մէջ փայլուն համերգ մը:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահութեան տարեկան հաշուետուութիւնը: