ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՕՐԵՐ
Գերմանիոյ Քարլսրուէ, Էտլինկէն եւ Պատէն-Պատէն քաղաքներուն մէջ Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանութեան հովանաւորութեան ներքոյ եւ նորաստեղծ Գերմանա-հայկական երաժշտական միութեան կազմակերպութեամբ նախընթաց օր սկսան հայկական մշակոյթի օրերը։
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի նախագահները տեսակցեցան՝ քննարկելով տարածքաշրջանի կացութիւնն ու երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան կը տեսակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։
«Հայփոստ»ի կողմէ թողարկուած դրոշմաթուղթերը Երեւանի մէջ կնքուեցան հանդիսաւոր արարողութեամբ:
Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի եւ ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանները ընդգրկուեցան ԻՒՆԷՍՔՕ-ի օրացոյցին վրայ։
Գիտաժողովներու ընթացքին ներկայացուած հետազօտութիւնները ունին բարձր արժէք:
Էրտողան երէկ տեսակցեցաւ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի եւ զօրավար Հուլուսի Աքարի հետ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեան երկու տարի եւս կը մնայ իր պաշտօնին վրայ։
«Կին» միջազգային շարժանկարի փառատօնը 14-րդ անգամ մէկ հարթակի վրայ կը համախմբէ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ստեղծագործող կին բեմադրիչները: Փառատօնին կը ներկայացուի վաթսուն շարժապատկեր քսան երկրէ: Ան այս տարի տեղի կ՚ունենայ Նոյեմբերի 14-18 թուականներուն միջեւ:
Կիւմրիի «Մարիամ եւ Երանուհի Ասլամազեան քոյրերու» պատկերասրահին մէջ բացուած է Խորհրդային Հայաստանի Ժողովրդական նկարիչ, Ռուսաստանի Գեղարուեստի ակամդեմիայի ակադեմիկոս, ծանօթ քանդակագործ, գեղանկարիչ եւ մանկավարժ Նիկողայոս (Նիքոլայ) Նիկողոսեանի անունը կրող ցուցասրահը։ Նորաբաց ցուցասրահին մէջ կը ցուցադրուին կենդանի առասպելի Մոսկուայի հաւաքածոյի հաստոցային դիմաքանդակներու ընտրանի շարքի աշխատանքները։