Լրահոս

ՅԱՄԱՌ ՍՊԱՍՈՒՄ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը ջանան կազմակերպել նոր հանդիպում մը:
Յաջորդ ամիս կ՚ակնկալուի յայտարարութիւն մը՝ նախագահներու միջեւ հերթական տեսակցութեան շուրջ:

ՀԲԸՄ FOCUS 2017

Աշխարհի զանազան երկիրներէն հարիւրաւոր երիտասարդներ համախմբուեցան Լիբանանի մէջ:
Պէյրութի մէջ կազմակերպուած բազմամշակոյթ միջավայրով պիէնալի ընթացքին 100 հազար տոլար հանգանակուեցաւ կրթաթոշակի ծրագիրներուն համար: «Տեմիրճեան» կեդրոնի երդիքին տակ կազմակերպուած շնորհանդէսը փայլուն անցաւ:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՕՐՕՐՆԵՐ ԾՐԱԳՐԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երեւանի Կոմիտասի թանգարան-կաճառին մէջ, այսօր, տեղի կ՚ունենայ «Օրօրներ» կրթական ծրագրի եօթներորդ հանդիպումը՝ որու ընթացքին մասնակիցները կը ծանօթանան հայ աւանդական օրօրոցայիններուն, այնուհետեւ կը սորվին քանի մը երգ։

ԱՄԵՆԱՓԱՅԼՈՒՆ ԱՍՏՂԸ

Հոլիվուտի Փառքի ծառուղիին մէջ երէկ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը պաշտօնապէս իր արդար տեղը առաւ առասպելական երգիչը:
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուր մեծ պատիւի մը արժանացաւ «Կենդանի կատարում» դասաւորումէն ներս՝ իր ընտանիքին ներկայութեամբ:

ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՆՈՐ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀԸ

Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը ամերիկացի նոր համանախագահ մը նշանակեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին համար։ Այսպէս, Օգոստոսի 28-ի դրութեամբ պիտի աւարտի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հակլընտի պաշտօնավարութիւնը։

Էջեր