ՊԱՐԱՔ ՕՊԱՄԱՅԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
Միացեալ Նահանգներու 44-րդ նախագահ Պարաք Օպամա Օգոստոսի 4-ին նշեց իր ծննդեան 56-րդ տարեդարձը: Օպամա պատմութեան էջերուն մէջ իր տեղը գրաւեց որպէս Միացեալ Նահանգներու սեւամորթ առաջին նախագահ:
Միացեալ Նահանգներու 44-րդ նախագահ Պարաք Օպամա Օգոստոսի 4-ին նշեց իր ծննդեան 56-րդ տարեդարձը: Օպամա պատմութեան էջերուն մէջ իր տեղը գրաւեց որպէս Միացեալ Նահանգներու սեւամորթ առաջին նախագահ:
Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի եւ յարակից համալիրի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման հարցին շուրջ Անթիլիասի կողմէ ձեռնարկուած աշխատանքները կը շարունակուին։ Թուրքիոյ արդարադատութեան համակարգէն ներս առնուած քայլերէն արդիւնք մը չստանալէ վերջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հարցը տեղափոխած էր Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեան (ԵՄԻԱ)։
Թաքսիմի հրապարակին վրայ շուտով պիտի փլցուի «Աթաթիւրք» մշակոյթի կեդրոնին (AKM) այժմու շէնքը։ Նոր կառուցուելիք համալիրը շուրջ եօթ անգամ աւելի ընդարձակ պիտի ըլլայ այժմու շէնքէն։
Ամէն ամիս Պեվըրլի Հիլզ քաղաքի, Միացեալ Նահանգներ, Առողջապահութեան եւ ապահովութեան յանձնաժողովը կը մեծարէ քաղաքէն կազմակերպութիւն մը կամ անձնաւորութիւն մը, որ յատկանշական ներդրում ունեցած է Պեվըրլի Հիլզի բնակչութեան առողջապահութեան եւ ապահովութեան բարելաւման ջանքերուն մէջ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց, որ Երեւան ուշադրութեամբ կը հետեւի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւններուն մէջ ծայր տուած լարուածութեան եւ համապատասխան բոլոր զարգացումներուն։ Tert.am կայքէջի հարցման ի պատասխան Շաւարշ Քոչարեան ըսաւ.
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան յայտարարեց, որ երկրէն ներս տարածքային զարգացման անհամաչափութիւնները իր կառավարութեան կարեւորագոյն մարտահրաւէրներու շարքին կը գտնուին։ Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի կառավարութեան հերթական նիստը։
Հայաստանի եւ Վրաստանի ղեկավարութիւնները կը ձգտին արժեւորել իրենց բնորոշ ուժեղ կողմերն ու մրցակցային առաւելութիւնները:
Երեւան եւ Թիֆլիզ ծրագիր մը կը մշակեն՝ դէպի երրորդ երկիրներ ընդհանուր արտածման հնարաւորութիւններու եւ ապրանքները իրարմէ ներածելու շուրջ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Այս տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Ուաշինկթըն-Մոսկուա յարաբերութիւններու լարուած մթոլորտին մէջ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճանսընի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Պորիս Ճանսընի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս հեռախօսազրոյցը, որու ընթացքին երկու նախարարները կանգ առին Կիպրոսի հիմնախնդրին եւ Իրաքի վերաբերեալ հարցերու վրայ։
Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի բարձր հովանաւորութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան եւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, Շուշիի Ռէալական ուսումնարանի բացօթեայ տարածքէն ներս, յառաջիկայ Սեպտեմբերի 1-ին, տեղի պիտի ունենայ Հարօ Ստեփանեանի «Սասունցի Դաւիթ» հերոսական օփերայի համաշխարհային անդրանիկ ներկայացումը։