Ախալցխայի Պատուաւոր Քաղաքացիի Կոչման Արժանի են Բազմաթիւ Հայեր
Այս տարի կը լրանայ չորրորդ տարին, որ Ախալցխայի քաղաքապետարանը Յունիսի 30-ին քանի մը ախալցխացիներու կը շնորհէ պատուաւոր քաղաքացիի կոչում: Անցեալ երեք տարիներուն ընթացքին ոչ մէկ հայ այդ կոչումին արժանացած է եւ նոյնիսկ յայտնուած է թեկնածուներու ցուցակին վրայ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը ջանան իրենց յայտարարութիւններով կանխել սահմանային լարուածութիւնը:
Լոնտոնի արեւմտեան շրջանին մէջ բազմայարկ բնակելի շէնք մը կ՚այրի: Ականատեսներու վկայութեամբ եւ ստացուող տեսանիւթերու համաձայն՝ հրդեհը պատած է ամբողջ շէնքը։
Հայաստանի մէջ առաջին անգամ տեղի կ՚ունենայ Փողային գործիքներու փառատօն, որուն իրականացման կ՚աջակցին Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնն ու Երեւանի քաղաքապետարանը։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախագահեց Գերմանիոյ հայոց թեմի տարեկան պատգամաւորական ժողովին:
Հայաստանի Հանրային ռատիոյի գործադիր տնօրէն նշանակուեցաւ յայտնի լրագրող Մարկ Գրիգորեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան այս պաշտօնին կոչուեցաւ Հանրային հեռուստառատիօընկերութեան խորհուրդի երէկուան որոշման հիման վրայ։
Գանատահայ յայտնի մեներգչուհի Իզապէլ Պայրաքտարեան այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան, ուր մաս կը կազմէ «Արամ Խաչատրեան» 13-րդ միջազգային երաժշտական մրցոյթի դատակազմին։ Իզապէլ Պայրաքտարեան, որ Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» օփերայի մենակատարներէն մին է, երէկ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ։