ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ ԱՊԱԿԱՅՈՒՆԱՑՆԵԼ ՇՓՄԱՆ ԳԾԻՆ ՎՐԱՅ
ԵԱՀԿ-ի կողմէ հրապարակուեցաւ 2016 թուականի զեկոյցը, որու բովանդակութեան մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ ԵԱՀԿ կը շարունակէ ձգտիլ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ ու տեւական կարգաւորման։
«Սուրիոյ զարգացումները տեղի չեն տար համաշխարհային պատերազմի մը», նման յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ երէկ Երեւանի մէջ վաստակաւոր դիւանագէտ Արման Նաւասարդեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դեսպան Նաւասարդեան համոզուած է, որ հետագային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն տեսակէտէ կարեւոր ուղղութիւններէն մին պիտի ըլլայ Հարաւային Կովկասը։
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն վերջ համախոհական նոր կառավարութեան մը ձեւաւորուիլը առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ երկրին օրակարգը։ Ընտրութիւններէն առաջին դիրքի վրայ դուրս եկած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը թէեւ ունի անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը խորհրդարանէն ներս, սակայն մտադիր է համախոհական կառավարութիւն մը կազմել Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հետ։
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց Միխէյիլ Ճանելիծէն:
Բանկալթիի խաչմերուկին վրայ ներկայիս բացուած է նոր ճաշարան մը, որ կը կոչուի «Փաշա տէօնէր»։ Շատ բանուկ կէտի մը վրայ բացուած այս ճաշարանին սեփականատէրերն են՝ Տարօն Թորոս, Սեւան Սելվիլէր եւ Սելահատտին Չալըշքան։
Էտուարտօ Էրնէքեանի «Կարաս» գինիի գործարանը կը համագործակցի ֆրանսացի յայտնի գինեգէտի հետ:
Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէ այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ կը հիւրընկալուի Միխէյիլ Ճանելիծէ, որ Եդուարդ Նալպանտեանի հետ բանակցութիւններ կը վարէ՝ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին եւ տարածքաշրջանային իրադարձութիւններուն շուրջ։