ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐՆԵՐ
Անգարա-Ուաշինկթըն օրակարգին կուտակուած բարդ խնդիրներուն շուրջ բարձր մակարդակի վրայ քննարկման հնարաւորութիւն:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Էնթընի Պլինքըն կ՚անդրադառնան՝ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ բազմաբնոյթ նիւթերու:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Զրոյցի ընթացքին նախարարը եւ ընդհանուր քարտուղարը առաջնահերթօրէն քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ստեղծուած մարդասիրական տագնապին մանրամասնութիւնները՝ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով։
CRR-ի երդիքին տակ, Հարպիյէ, կիրակի երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Թրքական երաժշտութեան մէջ հայ յօրինողներ» խորագրեալ հերթական համերգը։ Երկար տարիներէ ի վեր կը կազմակերպուին նմանաբնոյթ համերգներ, որոնք միշտ ալ կ՚արժանանան հետաքրքրութեան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Հայաստանի Ազգային գրադարանը վերջերս թուայնացուցած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի «Քառասնամեայ յիշատակարան»ը։ Այս մէկը 1948 թուականին հրատարակուած էր, թերթիս հիմնադրութեան 40-ամեայ յոբելենական շրջանին՝ բանասէր Թորոս Ազատեանի ծաւալուն ուսումնասիրութեան հիման վրայ։
Անգարայի աղբիւրները՝ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մասին:
Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ նախատեսուած հանդիպման հաւանականութիւնը կը շարունակէ օրակարգի վրայ մնալ՝ հնարաւոր ժամկէտներու արծարծումով հանդերձ։ Անգարա-Մոսկուա-Դամասկոս առանցքին վրայ դիւանագիտական երթեւեկը այս շրջանին աշխուժացած է էականօրէն։
Համաշխարհային դրամատունը այս տարուան տեղեկագրին մէջ կը կանխատեսէ բազում դժուարութիւններ:
Աւելի քան ամիսէ մը ի վեր շրջափակուած Արցախէ ներս մարդասիրական աղէտը տակաւ կը հասնի մտահոգիչ համեմատութիւններու։ Կարմիր խաչի ջանքերով շաբաթավերջին 9 հիւանդ Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան փոխադրուեցաւ բուժման համար։
Մինչ համաշխարհային օրակարգը ծանրաբեռնուած է կլիմայական աղէտի եւ բնապահպանական մարտահրաւէրներու վերաբերեալ մտահոգիչ խնդիրներով, ՄԱԿ-ի կողմէ հրապարակուած նոր զեկոյցի մը մէջ մատնանշուեցաւ յարաբերաբար դրական լուր մը։ Այսպէս, երկագունդի պաշտպանիչ օզոն շերտը թէեւ դանդաղ, սակայն նկատելի կերպով կը վերականգնուի։
Քաղաքակրթութիւններու խորհրդանշան դարձած աշխարհի մեծ քաղաքները կը բնորոշուին նաեւ իրենց կոթողային շէնքերով։ Պետական կառոյցներ, համալսարաններ, դատարաններ, սակարաններ, վարժարաններ, եւ այլն… Ճիշդ է, որ անոնք կը պայմանաւորեն մարդոց վստահութիւնը հանրային դրութեան նկատմամբ, նաեւ հասարակութեան ընդհանուր համակարգին հանդէպ վերաբերմունքը կը ձեւաւորեն։