ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԼՈՅՍԸ

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Իւրաքանչիւր Սուրբ Յարութեան տաղաւարին զիրար կ՚ողջունենք այս աւետիսին բառերովը։ Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս երբ կը փոխանցենք Սուրբ Յարութեան աւետիսը, կը յիշենք, թէ աւելի քան տարիէ մը ի վեր հարկադրուած էինք ապրիլ եւ տակաւին կը շարունակենք ապրիլ աչքով անտեսանելի ժահրի մը յառաջացուցած ժխտական կեանքի պայմաններուն անբաղձալի հովանիին ներքեւ։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթինի հետ։ Երկու նախարարները զրոյցի ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ ունեցան տարածքաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ նիւթերու շուրջ։
Փաշինեան յաջորդ շաբթուան մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Փութինի հետ:
ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքի ծիրէն ներս տեսակցութիւններ:
Հայաստանի Ազգային ժողովը երէկ որոշեց փոփոխութեան ենթարկել երկրի ընտրական օրէնսգիրքը:
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հերթական անգամ զգուշացումներով հանդէս եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ «Յայտարարութիւններ կը հնչեն հարցի լուծման յոյսը վերստին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին հետ կապելու վերաբերեալ։
Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Արտակ Դաւթեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար զօրավար Ռուստամ Մուրատովի հետ։ Երկու հրամանատարները հանդիպման ընթացքին քննարկեցին անվտանգութեան ապահովման եւ համագործակցութեան կազմակերպման վերաբերեալ հարցեր։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը։ Այս վերջինը այցելած էր նաեւ Պաքու։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Կը հաղորդուի, որ երկու ղեկավարները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ իրավիճակը։
Էրտողան տեղեկացուց, որ իսլամաց մօտալուտ Ռամազանի տօնէն վերջ այց մը պիտի տայ Շուշի: