ՄՂՁԱՒԱՆՋԱՅԻՆ ՕՐԵՐ
Ռազմաճակատի ծանր ձախողումէն վերջ, հայութիւնը ստիպողութեան դէմ յանդիման՝ համակերպելու համար այն իրողութեան, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը այլեւս գործնականօրէն գոյութիւն չունի: Արցախի եւ յարակից շրջաններու ժողովուրդը գաղթի ճանապարհը բռնած է: Եկեղեցիներէն եւ վանական համալիրներէն դուրս կը բերուին ամենասուրբ մասունքներն ու նուիրական արժէքները. գործընթացը կը համակարգէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը:
Երեւանի մէջ պոռթկում եւ հանրահաւաք:
Հայաստանի ներքին քաղաքական ցնցումը արգելք կը հանդիսանայ անցումը կազմակերպելու: Հանրութիւնը կը պահանջէ կառավարութեան հրաժարումը: Փաշինեանի վարչախումբը կը յամառի պահել իշխանութիւնը: Ընդդիմութիւնը առկայ մթնոլորտը կը վերածէ մօտաւոր անցեալի յեղափոխութեան հաշուեյարդարի: Անորոշութեան հաւանական հետեւանքները կը մտահոգեն աչալուրջ շրջանակները:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այս առաւօտ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ քննարկուած է երկրէն ներս ստեղծուած իրավիճակը։
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ գլխաւորուած Հայ ազգային քոնկրէսը տեղեկացուց, որ երկրի իշխանութիւնը՝ «Իմ քայլը» աններելի յանցանք մը գործած է ամբողջ հայ ժողովուրդին դէմ։
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հրադադարի յայտարարութեան զուգահեռ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրքը արդէն կը տեղակայուի հակամարտութեան տարածքաշրջանէն ներս։ Ռուսաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ռուս զինուորականները արդէն վերահսկողութիւն հաստատած են Լաչինի միջանցքէն ներս։
Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան տեսակէտէ երկիրը ղեկավարելու հնարաւորութիւնը հետզհետէ կը նուազի: Երեւանի մէջ ընդդիմութիւնը այսօր հանրահաւաք մը կը կազմակերպէ Ազատութեան հրապարակին վրայ: Աչալուրջ շրջանակները կ՚ընդգծեն ցնցումներէ խուսափելու՝ մանաւանդ ներքին բախումներէ հեռու մնալու հրամայականը: Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի կասեցման համար ստորագրուած հրադադարի համաձայնութեան ծանր պայմանները Հայաստանի մէջ ծնունդ տուին քաղաքական անխուսափելի տագնապի մը:
Լեռնային Ղարաբաղէ ներս կրակի դադրեցման ուղղեալ համաձայնութեան ստորագրումով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ Անգարա եւ Մոսկուա կը շարունակեն անմիջական կապ պահել:
Ռուսաստանի միջնորդութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադարի հաստատման համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյացած հրադադարի համաձայնութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Մոսկուայի աշխոյժ դերակատարութեամբ եւ Անգարայի ակնյայտ ազդեցութեամբ ստորագրուած այս փաստաթուղթը բոլոր հարթութիւններու վրայ ուշադրութեան արժանացած է։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) հայաշխարհէ ներս ստեղծուած ծանր կացութեան զուգահեռ երէկ հանդէս եկաւ զգաստութեան, արիութեան եւ միասնականութեան կոչով մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Նիւ Եորքի աղբիւրներուն կողմէ հրապարակուած այս կոչին բնագիրը։