ԳՈՅՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՎՏԱՆԳ
Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն հետ հանդիպում:
Ըստ Փաշինեանի, մարդասիրական տագնապը կանխելու միջոցն է՝ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը:
Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն հետ հանդիպում:
Ըստ Փաշինեանի, մարդասիրական տագնապը կանխելու միջոցն է՝ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը:
Հայկական կողմը Արցախի պատերազմական գործողութիւններու մթնոլորտին մէջ կը շարունակէ հրապարակել նոր նահատակներու անուններ։ Ցայսօր պատերազմական գործողութիւններու ժամանակ զոհուած հայ զինուորներու թիւը արդէն անցած է 500-ի շեմը (532)։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու հետ։ Հայաստանի կառավարութենէն ներս տեղի ունեցած տեսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ Թուրքիոյ անմիջական աջակցութիւնով սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին։
Արցախի հրատապ իրադարձութիւնները համայն հայութեան ուշադրութեան կեդրոնին յայտնուած են։ Սփիւռքի զանազան հայաշատ կեդրոններէն ներս կը կատարուին ցոյցեր՝ ի պաշտպանութիւն Արցախի եւ Հայաստանի։
Արցախի ճակատին վրայ միշտ լարուածութիւն. Կարմիր խաչը տեղեկացուց, որ հրադադարի պահպանման կանոնները բաւարար չեն՝ գործողութիւններու սկսելու համար: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շարունակ կրակ եւ արցունք:
Զօհրապ Մնացականեան այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա, ուր Սերկէյ Լաւրովի կողմէ ընդունուելու առընթեր, կը տեսակցի նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ:
Արցախի պատերազմի մթնոլորտին մէջ Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ փոխանցուած պատգամներուն մէջ հետզհետէ աւելի ընդգծեալ ձեւով կ՚արտայայտուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ակնկալութիւնը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հարցազրոյց մը տուաւ գերմանական ZDF հեռուստակայանին։
Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան շաբաթավերջին Երեւանի մէջ այցելութիւն մը տուաւ այն ռուս լրագրողին, որ Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ռմբակոծման ժամանակ վիրաւորուած էր ծանրօրէն։ Արցախի մէջ վիրահատուելէ վերջ վիրաւորեալ ռուս լրագրողը արդէն փոխադրուած է Երեւան, ուր ապաքինման փուլի մէջ կը գտնուի։
Արցախի պատերազմի մթնոլորտին մէջ յաճախ օրակարգի վրայ կու գայ Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանի ի նպաստ աջակցութիւնը՝ զէնք ու զինամթերքի մատակարարման միջոցաւ։ Երեւան պաշտօնապէս ամենաբարձր մակարդակի վրայ այս կապակցութեամբ անհանգստութիւն յայտնած է։
Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ երկու շաբթուան լայնածաւալ պատերազմի ծանր պայմաններուն ներքեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեղի ունեցաւ առաջին ուղղակի շփումը:
Մինչ Արցախի ճակատին վրայ ռազմական գործողութիւնները նոյնութեամբ շարունակուեցան՝ Լաւրով, Մնացականեան եւ Պայրամով աւելի քան տասն ժամ բանակցութիւններ վարեցին Մոսկուայի մէջ:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ անտեսելով յայտարարուած հրադադարը՝ Ատրպէյճան ժամը՝ 12.05-ին ձեռնարկած է յարձակումի մը։