1008 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ երէկ վերստին հրապարակեց վիճակագրական վերջին տուեալները։ Նախարար Ֆահրետտին Քոճա շեշտեց, որ միջին հաշուով շաբաթ մը առաջուան տուեալներու բաղդատմամբ օրական նոր դէպքերու թիւը վճռած են հազարի շեմէն վար իջեցնել։
Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ ժողով մը գումարեցին Պրիւքսելի մէջ։ Ժողովականները քննարկեցին Եւրոմիութիւն-Թուրքիա յարաբերութիւններու ընթացքը։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ տեղի ունեցան բախումներ, որոնք շարունակուեցան նաեւ այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ, ժամը 12.30-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը Տաւուշի մարզէն փորձեցին խախտել Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ատրպէյճանի զինուորները կ՚օգտագործէին ՈԻԱԶ մակնիշի ինքնաշարժ մը։
Արմէն Սարգսեան անձնական միջոցներով պիտի օժանդակէ Ստեփանակերտի ծննդատան վերազինման։
Սեւակ Թորոսեան. «Մեծ դատավարութիւնները մէջտեղ բերած են հանրային ազատութիւնները»։
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս այս շրջանին կը բացայայտուին գայթակղութիւններ:
Վճռաբեկ ատեանի արձակած վճռի հիման վրայ Հանրապետութեան նախագահը ստորագրեց հրամանագիր մը:
Հայաստանի ազգային անվտանգութեան համար կ՚որդեգրուի նոր հայեցակարգ մը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այս շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Արցախ։ Ան երէկ մեկնեցաւ Ստեփանակերտ, ուր հիւրընկալւեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի կողմէ։