ԲԱՐԵՆՊԱՍՏ ՄԹՆՈԼՈՐՏ
Պաքուի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Միխայիլ Պոչարնիքով յայտարարեց, որ 2019 թուականին աւելի բարենպաստ միջավայր մը պիտի ստեղծուի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն տեսակէտէ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ռուս դիւանագէտը յայտնեց, որ ինք զգուշաւոր լաւատեսութեամբ կը գնահատէ կարգաւորման գործընթացի վերջին միտումները։
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը Հենրիխ Մխիթարեան Անգլիոյ Փրէօմիէր լիկին մէջ խաղացած մրցման ժամանակ ունեցաւ վնասուածք մը, որու հետեւանքով շուրջ մէկուկէս ամիս հեռու պիտի մնայ մարզադաշտերէ։ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ Լոնտոնի «Արսենալ»ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան մարզադաշտ պիտի կարողանայ վերադառնալ հազիւ յառաջիկայ փետրուարին։
ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչը կը վերադառնայ Երեւան:
Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ պատմական հովուատան տեղը վերածուած է պանդոկի մը:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը ժողով մը գումարեց Երեւանի մէջ:
Պոխումի համալսարանի դասախօսը կ՚արժեւորէ Սփիւռքի նախարարութեան ծաւալած գործունէութիւնը:
Վատիկանի Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ կատարուած է բացումը աւազէ վիթխարի քանդակի մը, որ կը պատկերէ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդի աստուածաշնչեան տեսարանը:
Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Պէտք է ապահովենք տարածքաշրջանի անվտանգութիւնը»:
Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան յառաջիկայ շաբթուան մէջ այցելութիւն մը պիտի տայ Ռուսաստան: