ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԸ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան նախընթաց օր այցելեց «Մուրացան» համալսարանական հիւանդանոցը, ուր բուժում կը ստանան յատուկ խնամքի կարօտ երեխաներ։ Սա Հայաստանի կարեւորագոյն բժշկական մասնագիտական հաստատութիւններէն մին է։
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան, դէպի Փարիզ աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի համանախագահներուն հետ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան։
«Սթար» զտարանը նոր հարթութեան մը վրայ դրաւ երկկողմանի գործակցութիւնը:
Էմինէօնիւի պատմական Եգիպտական շուկայի Գործարարներու միութեան ղեկավարութիւնը վերջերս հրաժեշտի այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահինին, որ ներկայիս նշանակուած է Անգարայի կուսակալ։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջերս հիւրընկալուեցաւ կարեւոր հիւր մը. յանձինն՝ Սաթի Մանկասարեանի (Ունճեան)։ Ան վարժարանի հիմքերը դրած Ունճեան գերդաստանի շառաւիղներէն է ու նախկին շրջանաւարտուհիներէն։
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան ղեկավարներուն միջեւ տեսակցութիւն:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու իրաւաբան ու հասարակական գործիչ Մեհմէտ Սիւլէյման Թիւրքէրը։ Այս վերջինը ՃՀՓ-է ներս դիմում ներկայացուցած է՝ որպէսզի կղզեաց քաղաքապետի թեկնածու ցոյց տրուի։
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս «Ագափէ» յանձնախումբը կը ծաւալէ աշխոյժ աշխատանք:
Նարեկ եւ Տիգրան Հախնազարեանները համատեղ սկաւառակ ձայնագրած են։ Այսպէս, թաւջութակահար, Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ Նարեկ Հախնազարեան իր եղբօր՝ խմբավար, ջութակահար Տիգրան Հախնազարեանի եւ Վիեննայի սիմֆոնիկ նուագախումբի հետ միասին սկաւառակ մը ձայնագրած է: