ԸՍՏ ՊՐԱՅԶԱՅԻ, ԹՈՒՐՔԻԱ ԿՐՆԱՅ ԱՋԱԿՑԻԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց փոխ-նախարար Մեթիու Պրայզա «Անատոլու» գործակալութեան յայտարարութիւններ ըրաւ՝ Հայաստանի մէջ 9 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Մեթիու Պրայզա փոխ-նախարար ըլլալէ առաջ եղած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ։
«Արմինիա ֆանտ Եու.Էս.Էյ.»ի (Armenia Fund USA) 2018-ի բժշկական առաքելութիւնը, որ տեղի ունեցաւ սեպտեմբերի 22-26 թուականներուն միջեւ, Հայաստանի Տաւուշի մարզին մէջ գտնուող Նոյեմբերեանի հիւանդանոցին մէջ, իսկ սեպտեմբեր 27-էն հոկտեմբեր 5-ի ընթացքին՝ Ստեփանակերտի մէջ միասնաբար իրագործուեցաւ «Արմինիա ֆանտ Եու.Էս.Էյ.»ի եւ «Էտվենթիսթ հելթ»ի կողմէ:
ՀԲԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան նախագահը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ստորագրեց շարք մը հրամանագրեր, որոնց հիման վրայ փոփոխութեան ենթարկուեցան երկրի կարգ մը դեսպանները։ Այսպէս, Էտկար Ղազարեան ետ կանչուեցաւ Լեհաստանի դեսպանի պաշտօնէն։
Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան երէկ Ստեփանակերտի մէջ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու՝ վերջերս տարածքաշրջան կատարած այցելութեան արդիւնքներուն։