ՃՈՆ ՊՈԼԹԸՆ ԿԸ ՀՐԱՀՐԷ ԱՄՆ-Ի ԿՈՂՄԷ ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՀՌՉԱԿՈՒԻԼԸ

Ամերիկեան «The Intercept» կայքէջը հաղորդեց, որ Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթըն հետզհետէ կ՚աւելցնէ իր ազդեցութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան մէջ եւ ան կը ձգտի ռմբակոծել Իրանը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մեհ-տի Հասանի ստորագրութեամբ լոյս տեսած է այս լրատուութիւնը, ըստ որու Պոլթըն ԱՄՆ-ի վարչախումբէն ներս լուրջ ուժի մը հասած է եւ կը ձգտի Իրանի դէմ պատերազմի։
Անգլիոյ Եւրոմիութենէն դուրս գալու գործընթացը՝ BREXIT վերածուեցաւ իսկական թնճուկի մը։ Լոնտոնի ղեկավարութեան եւ ԵՄ-ի միջեւ համաձայնեցուած BREXIT-ի համաձայնութիւնը չարժանացաւ Անգլիոյ խորհրդարանի հաւանութեան։
Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Վարուժան Ներսէսեան Սպիտակ տան մէջ յանձնեց իր հաւատարմագիրը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հաւատարմագրի յանձնման արարողութիւնը տեղի ունեցած է յունուարի 11-ին։
Հայաստան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կը ձգտին ընդլայնել համագործակցութիւնը:
Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետները երէկ տեսակցեցան Պոլնիսի մէջ:
Անգարա-Ուաշինկթըն լարուածութեան օրը աւարտին հասաւ նախագահներու միջեւ հեռախօսազրոյցով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի երէկուան անդրանիկ նիստը:
Հայաստանի նախագահին այցելութիւնը՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: