ԵՍԱՍԷՐԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդ արարածին մէջ գոյութիւն ունի Ես մը, որ անբաժան մէկ մասնիկն է մարդու ինքնութեան եւ կամայ թէ ակամայ մարդ արարածը պարտաւոր է գոհացում տալ այդ Եսին՝ շատ անգամ ի հեճուկս ուրիշներու:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդ արարածին մէջ գոյութիւն ունի Ես մը, որ անբաժան մէկ մասնիկն է մարդու ինքնութեան եւ կամայ թէ ակամայ մարդ արարածը պարտաւոր է գոհացում տալ այդ Եսին՝ շատ անգամ ի հեճուկս ուրիշներու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի երկրորդ կիրակին կոչուած է «Արտաքսման Կիրակի», նկատի ունենալով առաջին մարդու՝ Ադամին դրախտէն արտաքսումը՝ վտարումը։
Արտաքսման այս կիրակի օրը, վերյիշելով Ադամին դրախտէն վտարումը, իր անհնազանդութիւնը, մեր ուշադրութիւնը կը դարձնենք անոր պահեցողութեանը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այնպէս ինչպէս եկեղեցւոյ պարագային հաւատացեալները, նոյնպէս ալ մամուլի պարագային ընթերցողները կը պակսին եւ կարծես օրէ օր այդ պակասը աւելիով կը զգացուի՝ շատ անգամ յուսահատութեան մատնելով խմբագրութիւններն ու գրողները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Քանզի Աստուծոյ բարկութիւնը երկինքէն կը յայտնուի մարդոց բոլոր ամբարշտութեանը եւ անիրաւութեանը վրայ, որոնք ճշմարտութիւնը անիրաւութեամբ բռներ են». (ՀՌՈՎՄ. Ա 18)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աշխարհի վրայ բոլո՛ր կործանարար ու աւերիչ բաները մի՛շտ ալ մարդուն կը ներկայանան պսպղուն ու դիւթիչ ձեւով կը յայտնուին եւ կը յաջողին յափշտակել ու իրենց ճիրաններուն մէջ առնել անոնք՝ որոնք պարզամտութեամբ կը զմայլին եւ յանկարծ կը յայտնուին անոնց թակարդին մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գիտութիւն-կրօնք յարաբերութիւնը, անկասկած, մարդկային միտքը ամենէն շատ զբաղեցնող հիմնական հարց մըն է եղած ամբողջ պատմութեան ընթացքին։ Ուստի այս հարցը ուսումնասիրուած է բազմաթիւ մտաւորականներու կողմէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երբեւէ մտածա՞ծ, էք թէ ձեր կեանքի ընթացքին քանի՞ անգամ «ինչո՞ւ» հարցը տուած էք. եթէ ոչ, ապա պատասխանը անյստակ է, որովհետեւ մեր մարդկային կեանքը իր ամբողջութեանը մէջ «ինչո՞ւ»ներու շարան մըն է՝ որ ո՛չ սկիզբ եւ ոչ ալ վերջ ունի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդոց սիրելի բարեկամներ են ծառերը՝ որոնք կու տան մեզի ի՛նչ որ ամրան տոգորիչ օրերուն՝ գերազանցապէս ցանկալի եւ գնահատելի է ստուերամած զովութիւնը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 75 տարիներ առաջ`1948-ին, հրապարակագիր Շաւարշ Միսաքեան խօսելով իր ժամանակի նոր սերունդին եւ մանաւանդ անոնց մէջ գոյութիւն ունեցող մտաւորական դասին մասին, թախիծով կը բարձրաձայնէր. «Կը նօսրանան, կը նօսրանան սրընթաց...» եւ այս նօսրացման իբր հետեւանք փշրանքներն են, որոնք մենք ունինք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Վաղեմի քրիստոնեաները անզիջող դիրք բռնած էին եւ չէին ուզեր գործ ունենալ բազմաթիւ չաստուածներու հետ եւ ո՛չ ալ բազմաթիւ տէրերու հետ։ «Որովհետեւ թէպէտ անուանապէս կան երկնաւոր եւ երկրաւոր աստուածներ, ինչպէս որ մեր շուրջը կը տեսնենք, թէ կան բազմաթիւ -աստուած-ներ եւ բազմաթիւ -տէր-եր, բայց մեզի համար մէկ Աստուած կայ, Հայրը, որմէ սկիզբ առած է ամէն բան եւ մենք իրեն համար կանք. եւ կայ մէկ Տէր՝ Յիսուս Քրիստոսը, որուն միջոցաւ ստեղծուեցաւ ամէն բան, եւ մենք անոր միջոցաւ կանք». (Ա ԿՈՐՆԹ. Ը 5-6)։