ԽՈՒԼԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՄՐԵՐՈՒ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երկար տարիներ հաշմանդամներու դէմ անմարդկային վերաբերմունք ունենալէ ետք մարդկային ընկերութիւնը սկսաւ հասկնալ, որ անոնք եւս մէկ անդամն ու մասնիկն են այս ընկերութեան եւ հետեւաբար ունին իրենց իրաւունքներն ու կարիքները: