Հոգե-մտաւոր

ՄԱՐՄԻՆԸ ԵՒ ՀՈԳԻՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հակառակ նիւթապաշտ դարու մը նիւթապաշտ փիլիսոփայութեան, կա՛յ եւ կը մնայ «հոգի»ն, որքան ատեն որ կը մնայ մարդս։ Կեանքը, աղբիւրը մեր հոգեկան բոլոր գործունէութիւններուն, դեռ կարելի չէ եղած նիւթէն բխեցնել։

ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Բոլորիս ալ ծանօթ է մեր հայ ժողովուրդին, մանաւա՛նդ իգական սեռի պատկանողներուն բամբասանքին հանդէպ ունեցած տկարութիւնն ու անսահման սէրը, որ ձեւով մը մեր ժողովուրդին կեանքը «կը քաղցրացնէ» եւ քիչ մըն ալ կ՚իմաստաւորէ, որովհետեւ որպէս եզրակացութիւն այդ բամբասուողը մի՛շտ մեղաւոր, իսկ իրենք անմեղ դուրս կու գան:

ԹԱՐԳՄԱՆԻՉ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԱՆԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՎԱՍՏԱԿԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երբ այս տողերը կը գրենք հայերէն տառերով, եւ դուք, սիրելի՜ ընթերցողներ, կը կարդաք զանոնք, ասիկա կը պարտինք Ս. Սահակ Պարթեւի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի, եւ երբ կ՚ընթերցենք Սուրբ Գիրքը հայերէն լեզուով, կը պարտինք Թարգմանիչ վարդապետներու՝ որոնք կը յիշենք երախտալից սրտով եւ կը խոնարհինք անոնց այս կենարար ժառանգութեանը առջեւ։

ՎԻՇՏ ՄԸ՝ «ԲԱՐԻՔ»Ի ՏԵՍՔՈՎ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հաւանաբար քիչ մը տարօրինակ հնչէ, սակայն ճշմարտութիւն է որ մարդ իր կեանքի ընթացքին ամենէն շատ վնասն ու վիրաւորանքը օտարաներէ աւելի կը ստանայ իր սիրելիներուն կողմէ՝ յաճախ գիտակցաբար եւ յաճախ ալ անգիտակցաբար:

ՍՈՒՏ ՈՒ ՃԻՇԴ ՀՐԱՇՔՆԵՐ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Նուազագոյնը մէկ անգամ անպայմանօրէն հանդիպած ըլլալու էք անձի մը, որ ձեզի պատմէ իր հետ կատարուած հրաշքի մը տեսութեան մասին. հաւանաբար երեւակայածին նկատած էք այդ մէկը, սակայն առ ի յարգանք համբերութեամբ շարունակած էք «ականջ կտրած» ունկնդրել եւ կամ ալ իրապէս հաւատալով փառաբանակից դարձած էք... սակայն հարցը միշտ մնացած է նոյնը. հրաշքները ճշմարտութի՞ւն են, թէ ոչ երեւակայութեան ծնունդ:

ԱՐԴԻՒՆԱՒՈՐ ԿԵԱՆՔ ԱՊՐԻԼ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կ՚ըսեն, որ կարեւորը երկար ապրիլը չէ, այլ արդիւնաւոր եւ մարդկութեան օգտակար ապրիլն է։ Լաւ ապրիլ, արդիւնաւոր ապրիլ՝ երկար ապրելու հետ կապ չունի։ Ուստի, պատմութիւնը կը վկայէ մարդոց, որոնք կարճ ապրած են, բայց շատ օգտակար գործեր արտադրած են։

ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՆ ՄՈՒՐԱՑԿԱՆՆԵՐԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վերջերս Լիբանանի մէջ նիւթապէս լաւ վիճակի մէջ գտնուող երիտասարդ տղայ մը Լիբանանի փողոցներուն մէջ «բարեգործութիւն» կ՚ընէ։ Բարեգործութիւն բառը կը չակերտենք, որովհետեւ ողորմութիւնը կու տայ անո՛ր՝ որ աւարտին մեծամեծ խօսքեր կ՚ըսէ իր հասցէին ուղղուած, որպէսզի այդ գովասանքի խօսքերը նկարահանէ եւ տեղադրէ համացանցի զանազան հարթակներու մէջ... մարդոց աչքին լաւապէս մտցնելու համար իր «բարերար» ըլլալու հանգամանքը:

ՈԽԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎՐԷԺԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ոխակալութիւն» եւ «վրէժխնդրութիւն». ահաւասիկ երկու քստմնեցուցիչ՝ սարսուռ եւ գարշանք պատճառող երկու բառեր, որոնք պէտք է մնան միայն բառարաններու մէջ եւ երբեք չգործածուին՝ կեանքի չկոչուի՛ն։

ՎԱՐՏԻՔՆԵՐԴ ՉԻ՛ ԼՈՒԱՍ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աստուծոյ անսխալականութեան վրայ կասկած չունիմ, սակայն կ՚ենթադրեմ, որ Ինք եւս զղջացած պէտք է ըլլայ հիմնական երկու բաներու համար. առաջին՝ ջրհեղեղը հազարամեակներ առաջ կատարած ըլլալուն, իսկ երկրորդ՝ մարդուն հետ անգամ մը եւս ջրհեղեղ չընելու ուխտ կնքած ըլլալուն, այլապէս այսօր առանց երկմտելու դարձեալ ջրհեղեղ մը տեղի կ՚ունենար՝ աւելի ահաւոր քան առաջինը:

Էջեր