ԳԻՏՑԱԾՈՎԸ ՉԱՓԵԼՈՒ ՍԽԱԼԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գիտութիւնը սահման չունի. այն որ կը կարծէ, թէ ամէն ինչ գիտէ, չարաչար կը սխալի, քանի որ ան «չգիտցածները» չի գիտեր, «չգիտցածներուն» չ՚անդրադառնար։ Այս իմաստով գիտունը այն է՝ որ իմաստութիւնը ունի չգիտցածներուն անդրադառնալու, չգիտցածները «գիտնա՛լու»։