ԲԱՐԵԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յակոբոս Տեառնեղբայր, իր ընդհանրական նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է, այնպէս ալ հաւատքը առանց գործերու մեռած է» (ՅԱԿՈԲ. Բ 26)։ Եւ ինչպէս յաճախ կը կրկնենք, չի բաւեր բարիին մասին խորհիլ, բարին խօսիլ, այլ եւ մանաւա՛նդ պէտք է բարի գործել՝ մտածումը եւ խօսքը գործնականի վերածել։