ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ԻՐԱՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ - Ա -
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինչպէս խոստացած էինք, ստորեւ հատուածներ կը ներկայացնենք Վահան Վարդապետ Բաստամեանցի «Կանոնագիտական երկեր» գիրքէն։ Վաղարշակ Սարկաւագ Սերովբեանի իր անձնական գրադարանէն մեզի նուիրած գիրքը, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակութիւններէն է, աշխատասիրուած է՝ «Հայ-Բիւզանդական եկեղեցական բանակցութիւնների վաւերագրերը» խորագրեալ աշխատասիրութեան հեղինակ Ազատ Բազոյեանի կողմէ։