ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ
Տ. ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տարի մը եւս բոլորեցինք, օրե՜ր, ամիսնե՜ր եւ տարի մը եւս ահաւասիկ անցաւ, եւ մարդկային կեանքէն կաթիլ մը եւս պակսեցաւ…։ Անցած տարին ամբողջ կեանքի նկատմամբ «կաթի՞լ» մըն է, թէ «տարափ», Աստուած գիտէ՝ ոմանց համար «կաթիլ» մը իրենց կեանքէն, ուրիշներու համար «տարափ», այսինքն կեանքէն մեծ մաս մը։