ՄՏԵՐԻՄ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մտերիմ խօսակցութիւններ»ը մեր մեծհօր Արտաշէս Գալփաքճեանի 1937-ական թուականներուն, «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի մէջ հրատարակուած յօդուածաշարքին վերտառութիւնն է, ուր «Հօր մը իր զաւկին հետ» մտերիմ խօսակցութիւնները կը ներկայացուի։ Այս շարքէն է ահաւասիկ 25 Սեպտեմբեր 1937-ին հրատարակուած յօդուածը: