ՎՐԱՑ ԹԱՄԱՐԱ ԹԱԳՈՒՀԻՆ (1184-1212)
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
12-րդ դարու վերջերուն՝ Վրաց թագաւորական գահը բարձրացաւ Թամարա թագուհին՝ որ իր գործերով մեծապէս սիրելի եղաւ ժողովուրդին, եւ բազմաթիւ երգերու եւ ոգեւորութեան առարկայ հանդիսացաւ։ Թամարա թագուհիի իշխանութեան ժամանակաշրջանին, Վրաստան իր քաղաքական ու մտաւորական զարգացման բարձրագոյն աստիճանին հասաւ։