ՃԱՐՊԻԿ ԵՒ ԱՇԽԱՏԱՍԷՐ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընկերային կեանքի մէջ, ընդհանրապէս գնահատելի կը նկատուի ճարպիկութիւնը, աշխատասիրութիւնը եւ ջանադրութիւնը։ Այս յատկութիւններն են որ մարդս օգտակար անդամ մը կ՚ընեն ընկերութեան եւ զինքն ալ յաջողութեան կ՚առաջնորդեն։