Արխիւ
Հանրապետութեան նախագահը երէկ ծանր ոճով ձայն բարձրացուց Վատիկանի կողմէ հնչած տեսակէտներուն դէմ:
Էրտողան զառանցանք որակեց հայկական հարցին շուրջ Ս. Պապին կողմէ շաբաթավերջին կատարուած յայտարարութիւնները:
Պատրիարքարանի երդիքին տակ երէկ առաւօտ կազմակերպուեցաւ պատմական նշանակութեամբ ստորագրման արարողութիւն մը:
Գալֆաեանն ու Դպրեվանքը թուղթի վրայ պաշտօնապէս պիտի մնան երկու անջատ կառոյց, բայց գործնականին մէջ պիտի նոյնանան բոլոր առումներով։ Համայնքային շրջանակները կ՚ողջունեն ստեղծուած համագործակցութեան մթնոլորտը եւ անով պայմանաւորուած փայլուն հեռանկարները:
Տոց. Թորոս Ալճանի բացատրութիւններով, այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը հետամուտ է կրթական աշխարհի փոփոխեալ չափանիշներուն այլեւս քայլ յարմարցնելու եւ թրքահայ կեանքէն ներս միասնականութեան ոգիով գործելու մշակոյթի վերահաստատման:
Գալֆաեան Տան եւ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնները երկար ջանքերէ մը վերջ որոշեցին ծրագրաւորեալ ձեւով միացնել երկու կրթօճախներու ճակատագիրը:
Սկիւտարի մէջ կը նախատեսուի յառաջիկայ շրջանին կրթական նոր եւ ընդարձակ համալիրի մը կառուցումը՝ երաշխաւորելու համար երկու վարժարաններուն ապագայ առողջ գոյատեւումը:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Կրթական բնագաւառը թրքահայ իրականութեան մօտ երկար տասնամեակներէ ի վեր նոյնացած է քարացած խնդիրներով։ Վէրք մը, որ կը կոտտայ շատ երկար ժամանակէ ի վեր ու չի սպիանար դժբախտաբար։
Յովհաննէս Այվազովսկիի եւ հայկական առաջին տպագիր Աստուածաշունչի յոբելեանները պիտի ներառուին UNISCO-ի յոբելեաններու ցանկին մէջ: «Արմէնփրէս»ի հաղորդումով, այս մասին, յայտնած են Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնէն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ երկխօսութեամբ միայն կը հասնի ճշմարտութեան, ան այս միջոցով է, որ կրնայ գտնել ճշմարտութիւնը եւ երջանկութիւնը՝ զորս անդադար փնտռած է դարերէ ի վեր։ Մարդուն արժանապատուութեան ամենավսեմ երեւոյթը կը գտնուի մարդուն Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու կոչումին մէջ։
Թուրքիա-Ղազախիստան Բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդին ժողովը:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Նուրսուլթան Նազարպայեւ պիտի քննարկեն տարածքաշրջանային հարցեր:
Թուրքիոյ բողոքի մթնոլորտին մէջ Ս. Պապը երէկ քայլ մը առաջ տարաւ իր յայտարարութիւնները:
Ֆրանսիսքոս Ա. Քահանայապետը յայտնեց, որ իրերը պէտք է կոչել իրենց իսկ անունով: Իտալիոյ Արտաքին գործոց նախարար Փաոլօ Ճենթիլոնի անարդար նկատեց Անգարայի հակազդեցութիւնը:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջին օրերուն Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց կարգ մը խումբեր։ Այսպէս, Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհախորհուրդի նախագահ Անն Պրասէօրը, որ վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Յուշ» ընկերութիւնը շուրջ երկու տարիէ ի վեր համացանցի վրայ կը զետեղէ աշխարհի հայկական գերեզմաններուն, խաչքարերուն եւ յատկանշական վայրերուն մասին տեղեկութիւններ:
Տքթ. Միհրան Վարդանեան Օքսֆորտի համալսարանէն Հայաստան վերադառնալէ վերջ ձեռնարկած է շատ հետաքրքրական ու եզակի գործունէութեան:
Նկարչուհի Նուարդ Եըլտըզ երէկ երեկոյեան բացաւ անհատական ցուցահանդէս մը՝ Լեւենտի թենիսի ակումբին մէջ։ Ցուցահանդէսի այցելուները կը ծանօթանան Նուարդ Եըլտըզի ստեղծագործութիւններուն, որոնք ընդհանրապէս ներշնչուած են բնութենէն, նաեւ կը ցոլացնեն Իսթանպուլի տեսարաններ։
Շիշլի մարզակումբը նախապատրաստական աշխատութիւններու ձեռնարկած է կեանքի կոչելու համար «Նորածագում» խորագրեալ ծրագրի մը, որով կը նախատեսուի կազմակերպել սիրոյ սեղան մը եւ ստեղծել զօրակցութեան մթնոլորտ։ 1946 թուականին հիմնուած այս մարզակումբը յառաջիկայ տարի պիտի թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանը, որուն ընդառաջ կը ձգտի ամրապնդել իր գործած ենթագետինը։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը վերջին օրերուն ոգեկոչեց թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի բարեյիշատակ հիմնադիր Զենոբ Էֆէնտի Մէրամէթճեանը։ Անցեալ Կիրակի, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի, մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցաւ լուսահոգի բարերարը, հանդիսապետութեամբ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծայրագոյն Վարդապետ Անուշեանի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քրիստոս եկաւ աշխարհին իր՝ ամբողջ սիրով ու խոնարհութեամբ, բայց մարդոց սիրտը եւ հոգին լեցուած էր աշխարհիկ տեսակ տեսակ հրայրքներով, զանազան զբաղումներով՝ ուր տեղ չկար սիրոյ, խոնարհութեամբ իրեն տեղ փնտռող Քրիստոսի անկեղծ սիրոյն։
Ամերիկահայ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանի եւ ընտանիքին Հայաստան կատարած այցելութիւնը կը շարունակէ արժանանալ անմիջական հետաքրքրութեան։ Շաբաթավերջին Քիմ Քարտաշեանի եւ հարազատներուն շրջայցին համահաւասար հետաքրքրութիւն ստեղծեց նաեւ ամուսնոյն՝ ռեփ երաժշտութեան յայտնի աստղ Քանյէ Ուեստի ելոյթը։
Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Անն Պրասէօր երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր օրուան ընթացքին մէկտեղուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Անն Պրասէօր Երեւանի մէջ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման միակ ուղին կը համարուի երկխօսութիւնը։
2015-ի տարելիցին շրջագծով Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ հրատարակուեցան տասնհինգ գիրքեր։ 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն շրջագծէն ներս, երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ այս գիրքերուն շնորհանդէսը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայկական հարցին շուրջ Վատիկանէն հնչած յայտարարութիւնները կը շարունակեն զբաղեցնել օրակարգը։ Շաբաթավերջին Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին ներկայ գտնուած է նաեւ լիբանանահայ բանաստեղծ Սագօ Արեան, որ վերջին տարիներուն բնակութիւն հաստատած է Երեւանի մէջ։ Իր տպաւորութիւնները որոշ չափով կը բիւրեղացնեն հայկական կողմի տրամադրութիւնները՝ Ս. Աթոռի որդեգրած դիրքի լոյսին տակ։ Ստորեւ որոշ յապաւումներով կը ներկայացնենք Վատիկանի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ իր խորհրդածութիւնները։
Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 160-ամեայ ոգեւոր յոբելեանը։
Արարողոթւիւններուն նախագահեց եւ քարոզեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Ս. Զատկի տօնին յաջորդած օրերուն Գատըգիւղի ընտանիքը ընթրիքի սեղանով մը մեծարեց նորապսակ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանը:
Թաղի նորաօծ քարոզիչը հոգեւոր անդաստանէն ներս մուտք գործած է՝ բոլորի զօրակցութեան ու գնահատանքին առարկայ դառնալով: