Արխիւ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը այցելեց Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան, որ հոգեւոր դաս-զրոյց մը ունեցաւ աշակերտներուն հետ։ Տէր հայրը դպրոցէն ներս հիւրընկալուեցաւ մեծ ջերմութեամբ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2018

Երէկ երեկոյեան Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ մեր համայնքի նոր սերունդին ուղղեալ ժամադրութիւն մը։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ ամառ Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբը աշխատանքի լծուած է Խորհրդակցական մարմնին առընթեր։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2018

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Ըստ Չինաստանի քաղաքականութեան վերլուծաբան Միքայէլ Վայզմանի, Չինաստանի նախագահ Չի Ժիմփինկի օրով պիտի չըլլայ սթաթիւքոյի ուժ մը՝ ընդունելու միջազգային ներկայ իրավիճակը եւ ոչ ալ պէտք է ակնկալել, որ անիկա վերատեսութեան ենթարկէ միջազգային կանոնները, այլ ան կը փորձէ ներկայանալ իբրեւ բարենորոգող, որ նպատակ ունի ձեռքբերումներ արձանագրել:
Հակառակ անոր որ արեւմտեան բոլոր աղբիւրները, սկսեալ՝ ամերիկեան լրատուամիջոցներէն, կը յայտնեն, որ Չինաստան վերատեսութեան պիտի ենթարկէ միջազգային յարաբերութիւնները, մինչեւ օրս ոչ մէկ մատնանշում կամ փաստ կայ այս հարցին շուրջ: 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2018

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Եոկայի դասընթացք կայ, Մարիա՛, երթա՞նք:
-Քանի՞ պահ է, ու ամօթ չըլլայ հարցնելը, Արազ, քանի՞ կ՚արժէ դասընթացքը:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Տ. Անդրանիկ Վրդ. Գէորգեանը եւ Տ. Մովսէս Վրդ. Սարգսեանը։ Այս վերջինները ներկայ շաբթուան սկիզբին իրենց թեզերը պաշտպանած ըլլալով երէկ առաւօտ Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ արժանացան մասնաւոր վարդապետական աստիճանի տուչութեան՝ ձեռամբ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2018

Երեւանի մէջ, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ «Պեռնինիի դպրոց. հռոմէական պարոք» ցուցահանդէսը։ Այս ձեռնարկը եւրոպական պարոք արուեստի բացառիկ ցուցադրութիւններէն մին է Հայաստանի մէջ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2018

2019 թուականին Հայաստան պիտի ըլլայ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան շրջանային նախագահը:
Սեն Փեթերսպուրկի մէջ երէկ տեղի ունեցան ԱՊՀ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի գագաթաժողովները՝ Փաշինեանի մասնակցութեամբ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2018

1988 թուականի մեծ երկրաշարժէն երեք տասնամեակ անց հայաշխարհէն ներս յուզումնախառն ոգեկոչումներ:
Հայաստանի հիւսիսին բազմահարիւր ընտանիքներ տակաւին չունին բնակարան. ընկերային ծանր կացութիւն:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2018

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպում Միլանոյի մէջ:
Մնացականեան-Մամէտեարով տեսակցութեան ներկայ էին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Ընդհանուր տիեզերքի մէջ անուրանալի եւ անժխտելի սկզբունք մըն է, թէ բոլոր երեւոյթները իրենց ծնունդի պատճառները ունին։ Ուստի, պատճառ-արդիւնք յարաբերութիւնը ամէն մարզի մէջ ի զօրու է եւ անայլայլելի՛։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Հայաստանի նոր կառավարութիւնը, իբրեւ գործելակերպ, որդեգրած է հանրային քննարկումներու ճանապարհը: Հասարակական հնչեղութիւն ունեցող որեւէ հարց յառաջիկային պիտի դրուի հանրային քննարկումի եւ այդ քննարկումներուն ժամանակ միայն յառաջացած կարծիքներուն, թեր ու դէմ կողմերուն արդիւնքին՝ կ՚ընդունուի որոշում մը:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի վարիչ մարմնի ատենապետ Գրիգոր Խոտանեան կը պատասխանէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն։
-Պր. Խոտանեան ներկայիս ի՞նչ են ամերիկահայ գաղութի առաջնահերթութիւնները։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2018

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վերջերս ստացայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան անդամներէն՝ Գեր. Տ. Մակար Եպսկ. Աշգարեանի հեղինակած՝ «Յովհաննէս առաքեալի երեք ընդհանրական նամակները, բացատրողական սերտողութիւն» գիրքը, որ տպուած է Թեհրան, 2018-ին, Տիկին Նինա Աւետեանի «սիրայօժար մեկենասութեամբ» (էջ 6): Գիրքը լաթակազմ է եւ բաղկացած՝ 240 էջերէ:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2018

Կա­թո­ղի­կէ հա­յոց ար­քե­պիս­կո­պո­սա­րա­նի ա­ռըն­թեր գոր­ծող Օր­թա­գիւ­ղի «Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ» հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու ըն­կե­րու­թիւ­նը այս շա­բա­թա­վեր­ջին գի­տա­ժո­ղով մը կը կազ­մա­կեր­պէ Իս­թան­պու­լի «Պիլ­կի» հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։ Եր­կօ­րեայ այս մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղո­վը խո­շո­րա­ցոյ­ցի տակ կ՚առ­նէ հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման տե­սան­կիւ­նէն Օս­մա­նեան կայս­րու­թիւնն ու հա­յե­րը՝ մա­նա­ւանդ մշա­կոյ­թի եւ տնտե­սու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ։ 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2018

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, դեկտեմբերի 14-ին ան Պաքուի մէջ պիտի մասնակցի Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2018

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջերս այցելեց Հոլանտա։ Լախէյի մէջ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ընդունուեցաւ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեանի կողմէ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2018

Բարեջան առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի 61-ամեակը. «Հաւատքը գործով կեանքի կոչել»:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս տեղի ունեցաւ «Christmas Ball»ի աւանդական տօնախմբութիւնը:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2018

Լեւոն Լաճիկեանի գծանկարները կ՚արժեւորուին տխուր տարելիցի մթնոլորտին մէջ:
Յայտնի նկարիչը կը ցոլացնէ պատմական քաղաքի ինքնուրոյն դիմագիծը եւ ժառանգութիւնը:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2018

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի ընտանիքէն վարչայիններ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր, փոխ-ատենապետ Նայիլ Թոփլայըճը, Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ եւ նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պենլիօղլու, որ ներկայիս թաղային խորհուրդի մշակութային նիւթերու գծով խորհրդականն է։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2018

«Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթ» նամականիշի կնքման արարողութիւնը Երեւանի մէջ համախմբեց թերթիս խումբ մը համակիրներն ու գործակիցները։

Էջեր