Արխիւ
Մխիթարեան միաբանութեան դիւանը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ կարեւոր նորութիւններով:
Զէքիեան Գերապայծառի նշանակումէն ի վեր անցած ժամանակաշրջանին հասունցած են ծրագրեր, որոնց նպատակն է դիմագրաւել հիմնական երեք հարցեր. կոչումներու նուազում, բարձր պարտքներ եւ կալուածներու արժեւորում:
Երէկ, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ վերջին Արեւագալը, որուն հանդիսապետեց եւ քարոզեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ բանաստեղծական հանդէս մը, որով ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Անցեալ տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին վրայ դպրոցէն ներս այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ բանաստեղծութեան օր մը։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ։ Մեր հիւրերը եղան այս տարուան աւարտական դասարանէն Ճուլիա Բերգամալեան, Արթուր Նորիկեան, Անահիտ Ադամեան, Ճուլիեթթա Պօղոսեան, Ժաննա Միքայէլեան։
Ընտրեալ-տեղապահն ու պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը այս առաւօտ կանուխ շատ կարեւոր հանդիպում մը ունեցան Գումգաբուի մէջ:
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան խտացեալ ջանքերով կ՚որոնեն հասարակաց յայտարար մը: Հաւաական է նոր շփում մը կուսակալութեան հետ՝ Շիրինօղլուի մասնակցութեամբ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տասն տարի առաջ իր կնոջ ուղղած նամակին մէջ Օմար Ապտիւլ Ռահման կը բողոքէր, որ բանտապահները զինք մեկուսացուցած են եւ կտրած՝ արտաքին աշխարհի լուրերէն:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Հէ՛յ, արթնցէք, ասքան քնանա՞լ մը կ՚ըլլայ, այսօր գործի օր է, պէտք է կանուխ սկսինք ու վերջացնենք մեր գործը: Հիմա կու գայ աղջիկս ալ ուր որ է, խօսեցաւ հետս քիչ առաջ հեռաձայնով, կը հարցնէր, թէ բանի մը պէտք ունի՞նք, որ յետոյ վար իջնել չըլլայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Համբերութիւնը կեա՛նք է», կ՚ըսէ ժողովրդական իմաստութիւնը, բայց անմիջապէս ետք կ՚աւեցնէ. «Շատն ալ տանջա՛նք է»։ Կեանքի զանազան նեղութիւններու, դժուարութիւններու, մինչեւ իսկ ցաւերու եւ վիշտերու որպէս դեղթափ կամ դարման, ընդհանրապէս կը յանձնարարուի համբերութիւն եւ յաճախ ցոյց կը տրուի կեանքէն օրինակներ՝ ուր համբերատարութեամբ յաղթահարուած են նեղութիւններ։ Այս իմաստով «համբերութիւն»ը, մարդս խաւարէն դէպի լոյս տանող միջոց մը, ճամբայ մըն է։
Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղծուած տագնապալի կացութիւնը միշտ առաջնահերթ օրակարգի վրայ:
Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան եւ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան պիտի կարենա՞ն հասնիլ համաձայնութեան:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը պանծացուց անմահ երգիծաբանին յիշատակը, մահուան 125-րդ տարելիցին առթիւ երէկ երեկոյեան կազմակերպուած ձեռնարկով:
Հանդիսութեան նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան - Մէրամէթճեան վարժարանի սաները հանդէս եկան յաջող ելոյթներով:
ՍԵԼԼԱ ԹՆՃՈՒԿԵԱՆ
Հաւանա քաղաքի «Habanos man of the year» հանրածանօթ մրցանակին կը տիրանայ այն անձը, որ ամենէն շատ ներդրում ունեցած է քուպական սիկառներու շուկայի շահաբեր արդիւնաբերութեան ու տարածման մէջ:
ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Մոռցուած կամ լուսանցքայնացուած արուեստագէտներ եղած են, կան ու ասկէ ետք ալ պիտի ըլլան աշխարհի տարածքին: Երբ թոյլերն ու միջակներն են անոնք, ժամանակը դաժանաբար կը վարուի անոնց հետ եւ մոռացութեան կ՚ենթարկէ արդարօրէն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին օրերուն ընթացքին, ինչ որ տեղի կ՚ունենար Սուրիոյ երկնակամարին վրայ, նորութիւն մը չէր: Խօսքը կը վերաբերի իսրայէլեան օդուժին կողմէ կատարուած քանի մը գրոհներուն, որոնք թիրախ ընտրած էին Սուրիոյ բանակի տարբեր դիրքեր:
Ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ, ըստ էութեան, կայ համաձայնութիւն:
Լաւրով. «Հայաստան եւ Ատրպէյճան տարբեր կերպ կը տեսնեն որոշումներու գործադրութեան յաջորդականութիւնը»:
Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութիւնը Անթիլիասին վերադարձնելու հարցը միշտ այժմէական:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը վերջերս նոր նամակ մը ուղարկեց Եւրոպայի Մարդու իրաւանց ատեանին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տիեզերքի բոլոր արարածներուն մէջ միա՛յն մարդն է որ կը բնորոշուի «Աստուածայինին զգացումով»ը։ Աստուածճանաչութիւն եւ կրօնքի զգացում՝ մարդուն միայն յատուկ հոգեվիճակ մըն է։ Արդարեւ մարդկային հոգին, որքան ալ տարուի երկրաւոր վայելքներու հրապոյրէն, ի վերջոյ չի կրնար գերին դառնալ ու մնալ անոնց եւ չի թողուր, որ վերջնականապէս տիրապետեն իր վրայ։
Էսաեան վարժարանէն ներս տեղի ունեցաւ Ս. Զատկի աւանդական երկօրեայ քէրմէսը։ Դպրոցի ծնողաց միութեան եւ քէրմէսի կարգադիր յանձնախումբին ջանքերով կազմակերպուած ծրագիր մըն է այս մէկը։
Վարշաւիոյ Կարտինալ Սթեֆան Վիշինսքիի անուան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ-կական սփիւռքի արուեստը» խորագրով միջազգային գիտաժողով մը, որ իրականացաւ Հայաստանի եւ Լեհաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակի եւ Լեհաստանի հայ համայնքի կազմաւորման 650-ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս:
Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնին մէջ «Esquire» թերթի Ռուսաստանի նախկին պատասխանատու-խմբագիր, ԹՈՒՄՕ-ի դասընթացավար Գրիգոր Աթանէսեան՝ լրագրութեան մասին հանդէս եկած է հանրային դասախօսութեամբ:
Հայաստանի մէջ 2017 թուականի Յունուար-Փետրուար ամիսներուն նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ գորգերու եւ գորգեղէնի արտադրութեան ծաւալը աճած է 60 տոկոսով: