Արխիւ

Հինգշաբթի, Փետրուար 23, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան վեր­ջին նիս­տե­րէն մէ­կուն ըն­թաց­քին քննարկ­ման դրուե­ցաւ իւ­րա­յա­տուկ ո­րո­շում մը: Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ո­րո­շած է վա­ճառ­քի հա­նել պե­տա­կան գան­ձա­րա­նի մէջ պա­հուող մար­գա­րիտ­նե­րը, այն հի­ման վրայ, որ մար­գա­րիտ պա­հե­լը ար­դիւ­նա­ւէտ ու նպա­տա­կա­յար­մար չէ, քա­նի որ մեծ ծախ­սեր կը պա­հան­ջէ, իսկ թան­կար­ժէք այդ քա­րը տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին կ՚են­թար­կուի քայ­քայ­ման, փճաց­ման եւ չո­րաց­ման, կը կորսնց­նէ իր ապ­րան­քա­յին տեսքն ու ար­ժէ­քը:

Հինգշաբթի, Փետրուար 23, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Վար­դա­նանց պա­տե­րազ­մը, ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դի մը գո­յա­պահ­պան­ման եւ գո­յա­տեւ­ման իւ­րա­յա­տուկ տի­պա՛րն է. ան, հո­գե­ւոր ա­զա­տու­թեան, մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րու, մշա­կոյ­թի՝ լե­զուի, դպրու­թեան, հա­ւատ­քի պաշտ­պա­նու­թի՛ւնն է։ Ար­դա­րեւ, սխա՛լ է ա­նի­կա հասկ­նալ աշ­խար­հա­յին ար­ժէք­նե­րուն նկատ­մամբ, քա­նի որ Վան­դա­նանց ճա­կա­տա­մար­տը բո­լո­րո­վին գա­ղա­փա­րա­յին, սկզբուն­քի հո­գե­ւոր եւ մտա­ւոր ար­ժէք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան, ա­զա­տու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան ար­դար պայ­քա՛ր մըն է։

Հինգշաբթի, Փետրուար 23, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս առաւօտ Ս. Վարդանանց տօնակատարութեան մասնակցեցան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կը խորհրդակցի Պոլսոյ Պատրիարքութեան երեք սրբազաններուն հետ՝ պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան լուրջ խնդիրներուն մասին:

Հինգշաբթի, Փետրուար 23, 2017

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեան յայ­տա­րա­րեց, որ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սէ ներս Թուր­քիա ինք­զինք կը դրսե­ւո­րէ չա­փա­զանց ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան։ «Ռիա-Նո­վոս­տի» գոր­ծա­կա­լու­թեան տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ ան քննա­դա­տեց Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ ա­ւել­ցուց, որ այդ մէ­կը ուղ­ղուած է տա­րած­քաշր­ջա­նի շա­հե­րուն դէմ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 23, 2017

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները երէկ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հարցին:
Լաւրով. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այլընտրանք չունին՝ բացի քաղաքական-դիւանագիտական միջոցներէ»:

Հինգշաբթի, Փետրուար 23, 2017

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Բա­րե­կեն­դա­նի խրախ­ճանք մը, որ ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թեան։ Ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնուե­ցան Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, դպրո­ցի ծնո­ղաց միու­թե­նէն եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մէն դէմ­քեր, ինչ­պէս նաեւ այլ հիւ­րեր։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2017

Մայ­րե­նիի օ­րուան առ­թիւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ բա­ցուած «Հայ­կաշ­խարհ» ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն ման­կա­պա­տա­նե­կան կայ­քէ­ջի (Armlands.com) շնոր­հան­դէ­սը եւ «Իմ քաղցր լե­զու» խո­րագ­րեալ շա­րադ­րու­թեան մրցոյ­թի ար­դիւնք­նե­րը:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2017

Գեր­մա­նա­կան ըն­կե­րու­թիւն մը հան­դէս ե­կած է նո­րա­րար գա­ղա­փա­րի ի­րա­կա­նաց­մամբ: Ան ջու­րին վրայ ծփա­ցող ու­ռե­ցուած հսկայական խա­ղահ­րա­պա­րակ մը կա­ռու­ցած է:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2017

Ար­հես­տա­վարժ կռփա­մար­տիկ, գեր­մի­ջին քա­շա­յին կար­գի WBO-ի վար­կա­ծով աշ­խար­հի նախ­կին ա­խո­յեան հա­յազ­գի Ար­թուր Աբ­րա­հա­մի յա­ջորդ մե­նա­մար­տը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ապ­րի­լի 22-ին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2017

Պուէ­նոս Այ­րէ­սի Սեր­վան­թէ­սի ա­նուան ազ­գա­յին թատ­րո­նի գլխա­ւոր տնօ­րէն նշա­նա­կուած է հա­յազ­գի Ա­լե­խանտ­րօ Տան­տա­նեան:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2017

Կան հա­մազ­գա­յին ար­ժէք­ներ, ո­րոնց կա­րե­լի է անդ­րա­դառ­նալ միայն մե­ծա­գոյն ակ­նա­ծան­քով, մաք­րա­մա­քուր զգա­ցո­ղու­թիւն­նե­րով, ա­նափ սի­րով ու նուի­րու­մով: Նման ար­ժէք­նե­րու շար­քին կ՚ա­ռանձ­նա­նայ մայ­րե­նի լե­զուն: Իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ թե­րեւս ու­նի մայ­րե­նիի վե­րա­բե­րեալ իր ըմբռ­նում­ներն ու պատ­կե­րա­ցում­նե­րը, մայ­րե­նիի հան­դէպ իր պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու գի­տակ­ցու­մը:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին, հայ­կա­կան լրա­հո­սին մէջ ե­րեւ­ցած ո­րոշ շփո­թէն ետք, յստակ կը դառ­նար, որ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քու­թեան ընդ­հա­նուր փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի Հինգ­շաբ­թի օր Մայր Ա­թոռ ժա­մա­նու­մը ար­դիւնքն է նա­խա­պէս ե­ղած կար­գադ­րու­թիւն­նե­րու:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2017

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ վաղը պիտի սկսին Պոլսոյ Պատրիարքութեան առկայ խնդիրներուն շուրջ խորհրդակցութիւնները՝ Վեհափառ Հայրապետին հովանաւորութեամբ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր կէս գիշերին պիտի ուղեւորուի Երեւան եւ վաղը առաւօտեան կանուխ ժամերուն հասած պիտի ըլլայ մայրավանք: Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան յայտարարութիւններ կ՚ընէ Հայաստանի լրատուամիջոցներուն եւ մշտապէս միասին է Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ: Համայնքային զանազան շրջանակներ կը ջանան ներկայ փուլին իրենց մօտեցումներուն եւ սպասումներուն շուրջ տեղեակ պահել Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որ աղօթքով ու շինիչ յորդորներով հետամուտ է համերաշխ լուծում մը ապահովել՝ որպէսզի երեք սրբազանները փոխադարձ ըմբռնումով յառաջ տանին պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կանոններուն հիման վրայ:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2017

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ե­րէկ մեծ շու­քով նշեց Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց Քա­հա­նա­յից տօ­նը։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ նա­խա­գա­հեց ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Սուրբ եւ ան­մահ պա­տա­րագ մա­տու­ցուե­ցաւ միած­նաէջ Մայր Տա­ճա­րին մէջ, ձե­ռամբ՝ Տ. Ե­ղի­շէ Քհնյ. Նա­զա­րեա­նի։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2017

Ե­րէկ, Է­սաեան վար­ժա­րա­նի մէջ ձեռ­նարկ մը տե­ղի ու­նե­ցաւ՝ Հա­մաշ­խար­հա­յին մայ­րե­նիի օ­րուան առ­թիւ։ Սո­վո­րա­կան ձե­ւա­չա­փէ դուրս կազ­մա­կեր­պուած էր մայ­րե­նիին ձօ­նուած օ­րուան յայ­տա­գի­րը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2017

Գում­գա­բուի մէջ ե­րէկ ա­ւան­դա­կան շու­քով նշուե­ցաւ Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց Քա­հա­նա­յից տօ­նը։ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ եր­դի­քին տակ ա­ւան­դա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ազ­նիւ ըլ­լալ» կը նշա­նա­կէ՝ բա­բա­խուն սիրտ մը ու­նե­նալ, բա­րի­քի մա­սին խոր­հիլ, ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րով օժ­տուած ըլ­լալ եւ անդ­րա­դառ­նալ իր իսկ ինք­նու­թեան։

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ Իգ­նա­տիոս Ան­տիո­քա­ցի կ՚ը­սէ, թէ՝ ե­րէց­նե­րը իբ­րեւ Աս­տու­ծոյ խոր­հուր­դին ան­դամ­նե­րը եւ իբ­րեւ ա­ռա­քեալ­նե­րուն հա­մա­խում­բը՝ ա­ռանց ա­նոնց կա­րե­լի չէ՛ Ե­կե­ղե­ցիի մը մա­սին խօ­սիլ։ Ուս­տի «ձեռ­նադ­րուած պաշ­տօ­նա­տար»ին ե­կե­ղե­ցա­կան ծա­ռա­յու­թեան մէ­ջէն՝ Քրիս­տոս Ի՛նքն է որ ներ­կայ է Իր Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ իբ­րեւ Գլուխ՝ Իր Մար­մի­նին, իբ­րեւ Հո­վիւ՝ Իր հօ­տին, Քա­հա­նա­յա­պետ՝ փրկչա­գործ զո­հին եւ Վար­դա­պետ՝ ճշմար­տու­թեան։ Այս ի­մաս­տով, քա­հա­նան կը գոր­ծէ յան­ձին Քրիս­տո­սի։

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017

Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւնն ու Հա­յաս­տա­նի Մշա­կու­թա­յին հիմ­նադ­րա­մը՝ Գիրք նուի­րե­լու օ­րը ըն­թեր­ցող­նե­րուն հա­մար պատ­րաս­տած են ու վե­րա­ծած՝ ա­նակն­կա­լի: Փետ­րուար 19-ին, ժա­մը 12.00-էն մին­չեւ ե­րե­կոյ, Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին շար­ժա­կան գրա­խա­նու­թը՝ «Գրա­բուս»ը, շրջե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի հա­մայնք­նե­րուն մէջ:

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) «Վա­հէ Կա­րա­պե­տեան» կեդ­րո­նին մէջ, ՀԲԸՄ-ի Հա­յաս­տա­նի գրա­սե­նեա­կը եւ «Սու­րիա­հա­յե­րու հիմ­նախն­դիր­նե­րը հա­մա­կար­գող կեդ­րոն»ը կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն սփիւռ­քա­հայ բա­րե­րար­ներ Տէր եւ Տի­կին Գըրգ եւ Ար­սի­նէ Գա­զա­զեան­նե­րու՝ ՀԲԸՄ-ի Սու­րիա­հա­յե­րու օգ­նու­թեան հիմ­նադ­րա­մին կա­տա­րած 25 հա­զար տո­լա­րի նուի­րա­տուու­թեան բաշ­խու­մը:

Էջեր