Արխիւ
VADİP-ի ժողովին ընթացքին դարձեալ օրակարգի վրայ եկաւ Պէյքոզի երբեմնի գերեզմանատան տարածքի արժեւորման հարցը։ Պետրոս Շիրինօղլու յայտնեց, որ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի հետ անդրադարձած էր այս խնդրին։
VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին Պետրոս Շիրինօղլու մանրամասնութիւններ փոխանցեց Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի հետ վերջերս Անգարայի մէջ ունեցած տեսակցութեան ընթացքին։ Ան յայտնեց, թէ մամուլին մէջ ամենայն մանրամասնութեամբ թէեւ հաղորդուած էր զրոյցին բովանդակութիւնը, սակայն յարմար դատած էր նաեւ համայնքի վարիչները լուսաբանել պաշտօնապէս, ուղղակիօրէն։
Իսթանպուլի երկու սրբազաններուն միջեւ յարաբերութիւնները հունէ դուրս եկան՝ առկայ անցումային շրջանին ստեղծելով նոր մարտահրաւէր մը:
Կրօնական Ժողովի Ատենապետը հրաժարեցաւ:
Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան ծանր մեղադրանքներ հասցէագրեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին, հոգեւորականաց դասուն, աշխարհական վարիչներուն եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին:
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հրաժարականէն վերջ կապ հաստատեցինք Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ՝ հաշուի առնելով, որ Կրօնական Ժողովը ներկայ պայմաններով Պատրիարքական Աթոռի միակ օրինական մարմինն է ու շատ կարեւոր դերակատարութիւն ունի առկայ անցումային շրջանին։ Այս կապակցութեամբ Ընդհանուր Փոխանորդը ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին յայտարարեց հետեւեալը.
Առկախեալ ընտրութիւնները թրքահայութեան կեանքը կը կաթուածահարեն՝ անկանխատեսելի հետեւանքներով ու մաշեցուցիչ վերիվայրումներով:
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ մասնակցեցաւ VADİP-ի հերթական ժողովին: Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ գլխաւորուած համայնքային վարիչները ուշադրութեամբ ունկնդրեցին արմատական քայլի պատճառներուն եւ հանդէս եկան շինիչ թելադրութիւններով մանաւանդ պաղարիւնութեան կոչով:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Վտանգաւոր նոր փոթորիկ մը ստեղծուած է համայնքային կեանքէն ներս։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հրաժարականը, աւելորդ է ըսել, որ կու գայ խորացնել առկայ յոռետեսութիւնը մեր հաւաքական կեանքին տեսակէտէ։ Բաց պէտք է խօսիլ։ Մեր համեստ համոզումով, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան լաւագոյն որոշումը չէ տուած, յարմարագոյն քայլը չէ առած։
Ցնցումի մէջ է թրքահայ համայնքը։ Բեւեռացումներ, իրարու անհաղորդ ճամբարներ եւ իրերամերժ տրամադրութիւններ… Պառակտումը կը ցնցէ թրքահայութիւնը։
Յիսուսի տաճար ընծայման տօնը՝ որ կը կոչ-ւի նաեւ «Տեառնընդառաջ», կը տօնուի 14 Փետրուարին, այսինքն Յիսուսի ծնունդէն քառասուն օր յետոյ։ Այս տօնը Յիսուսի, տաճարին մէջ Աստուծոյ նուիրելու կամ ընծայելու տօնն է։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մէջ յառաջիկայ Ապրիլին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ դիտարկումներ՝ երկրի քաղաքական կլիմային շուրջ:
«Կովկաս» քաղաքական-կրթական գիտահետազօտական հիմնարկի տնօրէն Ալեքսանտր Իսկանտարեան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:
Հին Հռոմը չի սահմանափակուիր միայն փիլիսոփաներով, կլատիաթէօրներով եւ թատրոններով: Հռոմէացիները իրենցմէ յետոյ շատ գաղտնիքներ թողած են, իսկ որոշ հռոմէական սովորոյթներու մասին չեն գրուած նոյնիսկ պատմութեան գիրքերու մէջ: Այս մասին ահաւասիկ ուշագրաւ տեղեկութիւններ կը ներկայացնենք հռոմէացիներու կեանքին մասին:
«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է յատկանշական նոր գիրք մը։ Ամերիկահայ աշխարհահռչակ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի նշանաւոր գործը՝ «Անունս Արամ է»ն ընթերցողներուն թրքերէնով կը մատուցուի նորովի։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Կորուստը մեծ եղաւ բարձրագոյն ուսմամբ վկայեալ մտաւորական եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ երկարամեայ ծառայութեամբ գնահատուած Տքթ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Գրիգորեանի (1932-2017) վախճանումով: Սրբազան Հօր անունը սերտօրէն կապուած կը մնայ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ մանաւանդ Վիեննայի գաղութի կազմաւորման կենսական գործին հետ:
ԳԷՈՐԳ ՉԻՉԵԱՆ
Հայաստան տեղափոխուած իւրաքանչիւր հայրենադարձ իր պատմութիւնը ունի: Ատոնք տարբեր են ու ինքնատիպ, ինչպէս աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ծնած ու մեծցած հայերը, որոնց Հայաստան բերած են նման, միեւնոյն ժամանակ այնքան տարբեր ճանապարհներ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ինչպէս նախատեսած էինք («Միացեալ Նահանգներու Միջին Արեւելք Վերադարձը … Եւ Անգարան» Տեսնել ԺԱՄԱՆԱԿ՝ 23 Յունուար 2017-ի թիւը կամ թերթի կայքէջի «Հարթակ» բաժինը), որ Ուաշինկթըն եւ Անգարա յարաբերութիւնները նոր փուլ մը կը թեւակոխեն:
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան եւ Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Էնկին անցեալ շաբթուան մէջ այց մը տուին Սկիւտարի քաղաքապետ Հիւլմի Թիւրքմէնին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հաց»ը իր ընդհանուր իմաստով, կը նշանակէ այն՝ ի՛նչ որ անհրաժեշտ է մարդկային մարմնաւոր-ֆիզիքական կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար։
Հայաստանի Բնապահպանութեան նախարարութիւնը կը նախատեսէ Գառնիի մէջ ճոպանուղի կառուցել: Այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ արտայայտուած է Հայաստանի Բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան։ Ան նշած է, որ իրենք շուրջ 180 միլիոն տոլարի ներդրումային ծրագիրներ պիտի իրականացնեն:
Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով՝ շաբաթավերջին Պուէնոս Այրէսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան նշանակուեցաւ Էսթերա Մկրտումեան, որ յառաջիկայ շրջանին պիտի գործուղղուի Արժանթին։
Երէկ, Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն։ Այսպէս, նախագահ ընտրուեցաւ Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր, որ իր առաջին ելոյթին մէջ կոչ ուղղեց ազատութեան ու ժողովրդավարութեան համար։
Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան փոխադրութեան ոլորտի լիազօր մարմիններու ղեկավարներուն ժողովը:
Խորհրդակցութեան մասնակից նախարարները հիւրընկալուեցան Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ: