Արխիւ

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2017

ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ան­թո­նիօ Կու­թե­րէս եր­կօ­րեայ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեան մը հա­մար այ­սօր կը ժա­մա­նէ Թուր­քիա։ Տա­րե­մու­տի դրու­թեամբ պաշ­տօ­նի կո­չուած ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը ա­ռա­ջին ան­գամ կը հիւ­րըն­կա­լուի Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2017

Ֆրանսուա Օլանտ յաջորդ ամիս պաշտօնական այցով Փարիզ հրաւիրած է Սերժ Սարգսեանը:
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահը նախընթաց երեկոյեան մասնակցեցաւ CCAF-ի չորրորդ տարեկան ընթրիքին:

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2017

Ռուսական ռազմաօդանաւ մը թիւրիմացութեամբ ռմբակոծեց շէնք մը, ուր կը գտնուէին թուրք զինուորներ. 3 նահատակ:
Վլատիմիր Փութին ցաւակցութիւն յայտնեց Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին: Մայք Փոմփէօ երէկ հիւրընկալուեցաւ Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ:

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2017

«Վահան Տէրեանի անյայտ նախաձեռնութիւնը. հայ որբերու յուշերը» գիրքի գինեձօնը:
Բանասէր Գէորգ Էմին-Տէրեան կը բացայայտէ մեծ գրողի կեանքէն նոր ու յատկանշական երեսակներ:

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2017

Ս. ՄԱՀ­ՍԷ­ՐԷ­ՃԵԱՆ

Քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հին մէջ չգրուած օ­րէնք մը կ՚ը­սէ, որ նո­րըն­տիր նա­խա­գահ մը կամ նո­րա­կազմ կա­ռա­վա­րու­թիւն մը 100 օ­րե­րու «մեղ­րա­լուս­նի շրջան» մը կ՚ու­նե­նայ, այդ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին ըստ բա­ւա­կա­նին կը յստա­կա­նայ, թէ տուեալ իշ­խա­նա­ւո­րը ի՞նչ ուղ­ղու­թիւն պի­տի տայ իր վա­րած կառ­քին՝ պե­տա­կան գոր­ծե­րուն տար­բեր բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ, ներ­քին ու ար­տա­քին գե­տին­նե­րու վրայ:

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աշ­խա­տող ա­մէն մար­դու ար­դա՛ր ի­րա­ւունքն է՝ ար­ձա­կուրդ վա­յե­լել, հան­գիստ կամ դա­դար ը­նել եւ զբօ­սան­քի ժա­մա­նակ յատ­կաց­նել։ Ա­սի­կա բնա­կան է, քա­նի որ տե­ւա­կան աշ­խա­տան­քը ան­տա­նե­լի կը դարձ­նէ կեան­քը, օ­գու­տէ ա­ւե­լի՛ վնա­սի պատ­ճառ կը դառ­նայ այդ տե­սակ աշ­խա­տու­թիւ­նը եւ ան­շուշտ ա­պար­դիւն կը մնայ ա­նոր հե­տե­ւան­քը՝ աշ­խա­տան­քէն ակն­կա­լուած շա­հը կամ օ­գու­տը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

Յու­նուար 26-ին, կը մա­հա­նայ ա­մե­րի­կա­հա­յու­թեան ար­ժէ­քա­ւոր դէմ­քե­րէն՝ Գրի­գոր Օ­հա­նեան, Կրտսեր, ֆիլ­մա­րուես­տի աշ­խար­հին ծա­նօթ իբ­րեւ Մայք Գա­նըրզ ա­նու­նով: Կար ժա­մա­նակ մը, երբ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յեր, ի մաս­նա­ւո­րի ա­մե­րի­կա­հայ նոր սե­րուն­դը կը հպար­տա­նար իր հայ­րե­նա­կից աստ­ղե­րով, ո­րոնք ա­րուես­տի զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ դար­ձած էին փնտըռ-ւած ա­նուն­ներ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Առ­տուան ժա­մը տասն­մէկն է, վա­րէն կան­չող մը չկայ, ի՞նչ կայ ար­դեօք, ի՞նչ պա­տա­հած կրնայ ըլ­լալ: Վատ բա­ներ չան­ցը­նեմ մտքէս ու սրճեփ մը սուրճ ե­փեմ ու ի­ջեց­նեմ դրա­ցի­նե­րուս:

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Խիղճ»ը՝ մար­դուս մէջ Աս­տու­ծոյ ձայնն է, ո­րուն պէտք է անդ­րա­դառ­նալ եւ լսել, պար­զա­պէս սխալ քայլ չնե­տե­լու եւ երբ սխալ մը գոր­ծուած է՝ սխա­լը սրբագ­րե­լու եւ չկրկնե­լու հա­մար։ Այս ի­մաս­տով «խիղճ»ը ա­պա­հո­վագ­րու­թիւն մըն է՝ գոր­ծուած եւ կամ գոր­ծուե­լով գո­յա­ցած վտանգ­նե­րու եւ վնաս­նե­րու դէմ

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017

Օքս­ֆոր­տի հա­մալ­սա­րա­նը կը նա­խա­տե­սէ ի­րա­կա­նաց­նել հայ­կա­կան ձե­ռագ­րե­րու թուայ­նաց­ման ձեռ­նարկ մը։ Վեր­ջերս, Վիեն­նա­յի հա­մալ­սա­րա­նի Պատ­մա­կան եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ֆա­քիւլ­թէի Բիւ­զան­դա­կան եւ յու­նա­կան ժա­մա­նա­կա­կից ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ամ­պիո­նը կազ­մա­կեր­պեց հա­յա­գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ձօ­նուած ձեռ­նարկ մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էր Վիեն­նա­յի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Ար­ման Կի­րա­կո­սեան։

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով յայ­տա­րա­րեց, որ Ուք­րայ­նոյ հա­կա­մար­տու­թեան հար­ցին շուրջ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամ­փի տե­սա­կէ­տը ո­րա­կա­պէս տար­բեր է՝ նախ­կին նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի բաղ­դատ­մամբ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017

Նախկին Խորհրդային Միութեան վերջին ղեկավարին ուշագրաւ յօդուածը՝ Time-ի մէջ:
Միխայիլ Կորպաչովի դիտարկումներով, աշխարհ կարծես թէ կը պատրաստուի պատերազմի մը:

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017

Հայաստանի կառավարութիւնը զարկ կու տայ երկրի ենթակառուցուածքներու կատարելագործման:
Ճանապարհաշինութեան, հեռահաղորդակցութեան եւ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու բնագաւառները առաջնահերթ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017

Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նի կը պատ­րաս­տուի այ­ցե­լել Մոս­կուա, ուր պի­տի հիւ­րըն­կա­լուի Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի կող­մէ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ այ­ցե­լու­թիւ­նը նա­խա­տե­սուած է յա­ռա­ջի­կայ Մար­տի վեր­ջա­ւո­րու­թեան։

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017

Ար­դա­րա­տու­թեան նա­խա­րար Պե­քիր Պոզ­տաղ այս ա­ռա­ւօտ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ TRT-էն։ Այս առ­թիւ ան յայտ­նեց, որ սահ­մա­նադ­րու­թեան բա­րե­փոխ­ման ուղ­ղեալ հան­րա­քուէին հա­մար որ­պէս թուա­կան կը նա­խա­տե­սուի Ապ­րի­լի 16-ը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017

CIA-ի տնօրէն Մայք Փոմփէոյի այսօրուան Անգարա այցելութիւնը կը պայմանաւորէ ԻՇԻՊ-ի դէմ միջազգային պայքարի ապագան:
Թուրք զինեալ ուժերու «Եփրատի վահան» գործողութիւնը կը շարունակուի ամենայն սաստկութեամբ: Թուրքիա կը սգայ երէկ նահատակուած հինգ զինուորներուն յիշատակը: Էրտողանի եւ Թրամփի միջեւ գոյացած փոխըմբռնումը կրնայ նոր հարթութեան մը վրայ դնել հաշուարկները: Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի խօսքերով, մեծ բծախնդրութիւն եւ ուշադրութիւն կը ցուցաբերուի Սուրիայէ ներս առնուած քայլերու համակարգման համար:

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ըն­դու­նեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նը։ Ող­ջու­նե­լով վար­չա­պե­տին այ­ցե­լու­թիւ­նը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին՝ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը կա­րե­ւո­րեց երկ­րին առ­ջեւ ծա­ռա­ցած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու յաղ­թա­հար­ման եւ ժո­ղո­վուր­դը յու­զող առ­կայ խնդիր­նե­րու կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ կա­ռա­վա­րու­թեան ջան­քերն ու ձեռ­նար­կուած ծրագ­րե­րը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնը Հայաստանի մէջ ընդունուած է նշել ոչ միայն եկեղեցական ծէսով, այլ նաեւ՝ ժողովրդական սովորութիւններով, որոնք նուիրական աւանդութիւններ դարձած են եւ տարուէ տարի կ՚ընդարձակին: Հետեւելով այս տօնին ժողովուրդին կողմէ սիրուած ըլլալուն՝ այս տարի Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը սկիզբ դրած է Երիտասարդներու եւ սիրոյ արագահաս բարեխօս Սուրբ Սարգիսի տօնին նուիրուած փառատօնի մը, որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 8, 2017

Շուէտի կողմէ խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ:
ԵՄ-Հայաստան նոր շրջանակային համաձայնութեան շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքը հետաքրքրութեան առարկայ:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 8, 2017

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Թայ­լան­տի նո­րան­շա­նակ դես­պան Քրիանկ­սաք Քի­թի­չայ­սէ­րը, որ յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մա­գի­րը։ Հարկ է նշել, որ Թայ­լան­տի դես­պա­նին նստա­վայ­րը կը գտնուի Մոս­կուա­յի մէջ։

Էջեր