Արխիւ
Երէկ, Լիբանանի Վարչապետ Սաատ Հարիրի հիւրընկալեց Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, դեսպանը շնորհաւորեց վարչապետը՝ նշանակման ու նոր կառավարութեան ձեւաւորման կապակցութեամբ։
Հոլիվուտեան յայտնի դերասան Ճորճ Քլունի Փետրուարի 24-ին կը ստանայ պատուաւոր «Սեզար» շարժանկարի մրցանակը։ Այս որոշումը կայացուցած է Ֆրանսայի Շարժանկարի ակադեմիան:
Հայաստանի Խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամին աջակցութեամբ՝ Փետրուարի 6-10 թուականներուն միջեւ Մոսկուայի մէջ կայանալիք «Փրոտ Էքսփօ-2017» միջազգային ցուցահանդէսին, մէկ միասնական տաղաւարով պիտի մասնակցին տասներկու հայկական գինեգործական ընկերութիւններ, որոնք պիտի ներկայացնեն աւելի քան յիսուն տեսակ հանգիստ եւ փրփրուն գինի:
«Սիրոյ եւ երիտասարդութեան տօնի առթիւ Փետրուարի 11-ին Արարատեան Հայրապետական Թեմը՝ առանց տարիքային սահմանափակման, կը հրաւիրէ բոլորը մեծ շուքով նշելու Սուրբ Սարգիսի տօնը, որպէսզի Երեւանը զարդարուի սիրոյ հայկական երանգներով», այս մասին կը տեղեկացնէ Qahana.am-ը՝ իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ:
Արցախի ճակատին վրայ հրադադարի խախտումներն ու լարուածութիւնը կը շարունակուին։ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ Թալիշի ուղղութեամբ կատարուած վերջին ներթափանցման փորձին ընթացքին գերեվարուած զինուորը՝ Էլնուր Հիւսէյինզատէ կալանաւորուեցաւ երկու ամիսով։
Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով՝ այսօր Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարար նշանակուեցաւ Դաւիթ Տօնոյեան։ Այս վերջինը պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալն էր ու նոր նշանակման համար ազատուեցաւ այդ պաշտօնէն։
23 միլիոն եւրօ ներդրումով տարածքաշրջանէ ներս Reebok-ի մեծագոյն կեդրոնը:
Նորակառոյց հսկայ ակումբի հնարաւորութիւնները բաւարար են՝ սպասարկելու տարեկան 15 հազար հոգիի:
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահը շփումներ ունեցաւ երկրի հարաւային սահմաններու երկայնքով:
Բարձրաստիճան զինուորականներ քննարկեցին «Եփրատի վահան» գործողութեան ընթացքը: Սուրիոյ բանակն ալ կը յառաջանայ դէպի Էլ Պապ՝ հարաւ-արեւելեան հատուածէն մօտենալով քաղաքին:
Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի «Էջմիածին» երգչախումբը այս օրերուն շրջագայութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Ռուսաստան եւ Սպիտակ Ռուսիա։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ երգչախումբը հանդէս կու գայ համերգներով։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Այս գերարագ դարուն մէջ կարելի է շատ արագ նոր լեզու մը սորվիլ, բայց ատիկա արդեօք որքանո՞վ կ՚ընդգրկէ լեզուի մը ամբողջական տիրապետումը: Լեզուն գիտութիւն մըն է եւ կը պահանջէ ակադեմական աշխատանք, բայց խօսակցական լեզուն սորվիլը նուազ գիտական է եւ կը պահանջէ կամք, ընթերցում եւ վարժութիւն:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
1127 տարի առաջ, 2 Փետրուար 890 թը-ականին, Փոքր Հայքի իր ժողովուրդին տուած արքայական շրջայցի մը ընթացքին, հիւանդացաւ եւ վախճանեցաւ հայոց պատմութեան արժանաւոր կերտիչներէն՝ Բագրատունեաց Հարստութեան հիմնադիր թագաւոր Աշոտ Առաջին Բագրատունին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ պատերազմին շղթայազերծումէն ի վեր լիբանանեան հողերէն դէպի Սուրիոյ տարբեր ճակատները հասած զինեալներու թիւը հասած է 6 հազարի: Այս տեղեկութիւնը շրջանառութեան մէջ կը դրուէր օրեր առաջ, երբ լիբանանեան լրատուական ցանցի ներկայացուցիչներ քննարկումի նիւթ կը դարձնէին մինչեւ այս պահը Սուրիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ «ապաստանած» արմատական զինեալներուն ճակատագիրը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անձ» իր ամենաընդարձակ իմաստով կը նշանակէ՝ իրաւունք ունեցող, պարտականութիւններ յանձն առած, իրաւունքը վայելելու եւ պարտականութիւնները կատարելու կամքով օժտուած, իր արարքներէն պատասխանատու եւ բանականութեան ուժով շարժող ու վարուող անհատ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այն ժամերուն, երբ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան «տարին ամփոփող մամլոյ ասուլիս» կու տար, Ատրպէյճանի բանակի ջոկատներ Ղարաբաղի հիւսիսային սահմաններու (Թալիշ) ուղղութեամբ ներթափանցման փորձ կը կատարէին: Ատրպէյճանական ոտնձգութիւնը կը բախէր հայկական սահմանապահ զօրքերու համապատասխան քայլերուն, որոնց արդիւնքով գրոհող կողմը ետ կը մղուէր, առնուազն տալով մէկ վիրաւոր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընդհանրապէս կենցաղավարութիւնը կը պահանջէ՝ հրաւէրը ընդունիլ եւ ընդառաջել անոր։ Արդարեւ հրաւէրը մերժել, հրաւիրողին բարեկամութիւնը մերժել կը նշանակէ, անշուշտ եթէ շատ բանաւոր եւ արդարացուցիչ պատճառ մը գոյութիւն չունի մերժումը։ Այս իմաստով, հրաւէրի մը ընդառաջել կամ մերժել չափանիշ մըն է երկու կողմին բարեկամութեան, մտերմութեան եւ անոնց փոխյարաբերութեան անկեղծութեանը, առողջութեանը։
Վենեզուելայի մէջ սկսած են նոր ուղղահայեաց թղթադրամներ հրապարակել՝ 500-էն մինչեւ 20.000 պոլիվար արժէքով: Մինչեւ հիմա մեծագոյն արժէքով թղթոսկին 100 պոլիվարն էր, որուն վրայի պատկերը եւս ուղղահայեաց դիրքով տպագրուած է:
Քարիւղի ճարտարապետներու միջազգային ընկերակցութիւնը վերջերս իր «Առողջապահութեան, ապահովութեան, կենսոլորտի պահպանման եւ ընկերային պատասխանատւութեան» մրցանակը շնորհած է Տքթ. Մարիանա Ոսկանեանին։
Խրիմի մէջ սկսած է ռուս բեմադրիչ Ալեքսանտր Քոթի «Սպիտակ» շարժանկարի նկարահանումները, որ նուիրուած է Հայաստանի մէջ 1988 թուականի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին: Շարժապատկերին մէջ կը խաղան հայ եւ ռուս, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի դերասաններ:
Հայաստանի կառավարութիւնը ընդունեց Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ներկայացուցած Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» 2017 թուականի ծրագիրը եւ ձեռնարկներու ցանկին հաւանութիւն տալու մասին նախագիծը:
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին վերջերս շնորհուեցաւ՝ Հայաստանի մէջ գործող «Վասպուրական» հայրենակցական միութեան պատուոյ անդամի կոչում։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Տարօն Մարգարեան այս առթիւ հանդիպում մը ունեցաւ այդ հայրենակցական միութեան վարչութեան ներկայացուցիչներուն հետ։