Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունուար 17, 2017

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բը այս ա­ռա­ւօտ մեկ­նե­ցաւ Սուրբ Ե­րու­սա­ղէմ։ Դպրաց դա­սու նա­խա­գահ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեա­նի կող­մէ կը գլխա­ւո­րուի խում­բը, որ կը բաղ­կա­նայ շուրջ վաթ­սուն հո­գիէ։

Երեքշաբթի, Յունուար 17, 2017

Կաթողիկէ հայոց վիճակաւորը Անգարա այցելելով տեսակցեցաւ փոխ-վարչապետին հետ:
Զէքիեան Գերապայծառ եւ Նուման Քուրթուլմուշ զրուցեցին Թուրքիոյ հայերու առկայ հարցերուն շուրջ:

Երեքշաբթի, Յունուար 17, 2017

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը շա­բա­թա­վեր­ջին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ պար­գե­ւատ­րեց Տ. Փա­ռէն Արք. Ա­ւե­տի­քեա­նը։ Մայր Տա­ճա­րի մէջ մա­տու­ցուած Ս. Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ա­նոր շնոր­հեց Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ «Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ» պա­տուոյ բարձ­րա­գոյն շքան­շա­նը՝ գնա­հա­տե­լով ա­նոր վաս­տակն ու տա­րի­նե­րու ծա­ռա­յու­թիւ­նը Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ան­դաս­տա­նէն ներս։

Երեքշաբթի, Յունուար 17, 2017

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այս տա­րի կը լրա­նայ հռչա­կա­ւոր հայ ծո­վան­կա­րիչ, հա­մաշ­խար­հա­յին համ­բաւ վա­յե­լող ա­րուես­տա­գէտ՝ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քիի ծննդեան 200-ա­մեա­կը:

Երեքշաբթի, Յունուար 17, 2017

ՊԵ­ՏԻԿ

Ին­ծի հա­մար այ­սօր մեծ մտա­հո­գու­թիւն դար­ձած է այն ի­րա­վի­ճա­կը, որ այ­լեւս հա­յե­րէ­նը սրըն­թաց նա­հան­ջի մէջ է: Այ­լեւս շատ սո­վո­րա­կան է «բա­րեւ»ի տեղ լսել «պոն­ժուր» կամ «հայ», նոյ­նիսկ սո­վո­րա­կան դար­ձած «ցատ­քե­ցայ»՝ փո­խան «ցատ­քե­ցի», իսկ ա­ւե­լի ա­նըն­դու­նե­լին, երբ մեր հայ­կա­կան ռա­տիօ-հա­ղոր­դում­նե­րը ըլ­լան շատ սա­հուն ըն­թեր­ցում­ներ, բայց եր­բեք հայ­կա­կան հա­րա­զատ ա­ռո­գա­նու­թեամբ:

Երեքշաբթի, Յունուար 17, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Լոյ­սը աշ­խարհ ե­կաւ, բայց մար­դիկ խա­ւա­րը լոյ­սէն ա­ւե­լի սի­րե­ցին, ո­րով­հե­տեւ չա­րու­թիւն կը գոր­ծէին։ Ով որ չար գործ կը կա­տա­րէ՝ կ՚ա­տէ լոյ­սը…» (ՅՈՎՀ. Գ 19-20)։

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2017

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան շա­բա­թա­վեր­ջին Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց իս­թան­պու­լա­հայ տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Մեր զա­նա­զան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու կամ հա­մայն­քա­յին յանձ­նա­խում­բե­րու տիկ­նանց կազ­մե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան տօ­նե­րուն առ­թիւ Պատ­րիար­քա­րան փու­թա­ցին շնոր­հա­ւո­րու­թեան։

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2017

Թաք­սի­մի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ ո­գե­կո­չուե­ցան Է­սաեան բա­րե­յի­շա­տակ հա­րա­զատ­նե­րը։ Է­սաեան վար­ժա­րա­նի հիմ­նա­դիր Մկրտիչ եւ Յով­հան­նէս Է­սաեան­նե­րուն հա­մար հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն կա­տա­րուե­ցաւ յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի։

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2017

Գա­րա­կէօ­զեան Տան ըն­տա­նի­քը շա­բա­թա­վեր­ջին ապ­րե­ցաւ ա­ւան­դա­կան լու­բիա­յի օ­րուան հրճուան­քը։ Շրջա­նա­ւարտ­նե­րու տա­րե­կան հա­ւա­քը այս տա­րի եւս ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ գա­րա­կէօ­զեան­ցի­նե­րու հա­մախմբ­ման, ինչ­պէս նաեւ յո­բե­լեար ըն­թա­ցա­ւարտ­նե­րու պար­գե­ւատր­ման։

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2017

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Աշակերտները այս տարի եւս իրենց պատգամը փոխանցեցին՝ մէջբերելով վարժարանէն հասած կամ անոր հետ առընչակից մեծ մտաւորականներու խօսքերը:

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2017

Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ երէկ Գումգաբուի մէջ յանձնուեցան պարգեւներ:
Բարերարներ Հայկ Ասլանեան եւ Գէորգ Սանթալու պարգեւատրուեցան «Յովհաննէս Կոլոտ» շքանշանով:

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2017

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան շա­բա­թա­վեր­ջին Ե­րե­ւա­նի մէջ սար­քեց մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րու ըն­թաց­քին ամ­փո­փեց իր կող­մէ գլխա­ւո­րուած կա­ռա­վա­րու­թեան հա­րիւր օ­րե­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Ան թէեւ ա­ռա­ւել չա­փով կանգ ա­ռաւ երկ­րի տնտե­սա­կան կա­ցու­թեան վրայ, սա­կայն անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան։

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2017

«Փոր­թա­գալ» գե­ղա­րուես­տա­տան եր­դի­քին տակ շա­բա­թա­վեր­ջին սկսաւ «Լուռ ա­ճուրդ»ը, որ ա­ռա­ջին ան­գամ կը կազ­մա­կեր­պուի Թուր­քիոյ մէջ։ Փոր­թա­գա­լի Նշան­թա­շըի կեդ­րո­նին մէջ այս շրջագ­ծով ներ­կա­յա­ցուած են ար­տա­սահ­մա­նէն մաս­նա­ւո­րա­պէս բե­րուած ըն­տիր նմոյշ­ներ։

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2017

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, որ շա­բա­թա­վեր­ջին Աւստ­րիոյ մէջ վախ­ճա­նած է Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ նուի­րեալ սպա­սա­ւոր, ե­պիս­կո­պո­սաց դա­սու ա­ւագ ան­դամ­նե­րէն, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի ե­րի­ցա­գոյն միա­բան­նե­րէն Տ. Մես­րոպ Արք. Գրի­գո­րեան։ 85 տա­րե­կան հա­սա­կին ի Տէր հան­գաւ բազ­մա­վաս­տակ սրբա­զա­նը, ո­րու վախ­ճա­նը մեծ կո­րուստ մըն է Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Իմ փա­փաքն է Ե­րու­սա­ղէ­մի սուրբ հո­ղին խառ­նուիլ, հոն թա­ղուի­լ»։ Այս ե­ղած են Հի­լա­րիոն Ար­քե­պիս­կո­պո­ս Քա­պու­շիի վեր­ջին մաղ­թանք­նե­րը:

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Իմ փա­փաքն է Ե­րու­սա­ղէ­մի սուրբ հո­ղին խառ­նուիլ, հոն թա­ղուի­լ»։ Այս ե­ղած են Հի­լա­րիոն Ար­քե­պիս­կո­պո­ս Քա­պու­շիի վեր­ջին մաղ­թանք­նե­րը:

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Մարդ­կա­յին ան­հա­տա­կան եւ ըն­կե­րա­յին կեան­քին մէջ ա­նու­նը կա­րե­ւոր տեղ մը կը գրա­ւէ, քա­նի որ ան­հա­տը իր ա­նու­նով «ան­հատ» մը կ՚ըլ­լայ՝ կը զա­տուի եւ ինք­նու­թիւն կը ստա­նայ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մէջ, ու­րի­շէ մը կը տար­բե­րի, անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը կ՚ըլ­լայ եւ կը կան­չուի, կը յի­շուի իր ա­նու­նով։ Ա­նու­նը, այս բնու­թեամբ կը նոյ­նա­նայ ան­հա­տին հետ եւ ըն­կե­րու­թեան մէջ «ա­նուն»ով կը տար­բե­րի եւ կ՚ո­րո­շուի մարդ։ Ա­նու­նը ան­բա­ժան է ան­հա­տէն՝ էա­կան եւ ո­րո­շիչ դեր մը կը խա­ղայ ամ­բողջ կեան­քին մէջ։

Շաբաթ, Յունուար 14, 2017

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Մենք երկ­րա­գուն­դի վրայ գո­յու­թիւն ու­նինք ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար մեր ստեղ­ծի­չին ե­րազ­նե­րը: Հրա­ւի­րուած  ենք ո­րոշ ժա­մա­նակ ապ­րե­լու  հա­մար եր­կիր մո­լո­րա­կի վրայ…

Շաբաթ, Յունուար 14, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ծանր դէպ­քէն ետք իս­րա­յէ­լեան ա­պա­հո­վա­կան մար­մին­ներ ա­րա­գօ­րէն կը պա­շա­րէին Ֆա­տի Քան­պար ա­նու­նով պա­ղես­տին­ցիին տու­նը:

Շաբաթ, Յունուար 14, 2017

Գալ­ֆաեան Տան եր­դի­քին տակ Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան շրջա­նին ստեղ­ծուե­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Զա­նա­զան խրախ­ճանք­նե­րով տղա­քը ապ­րե­ցան տօ­նա­կան շրջա­նի եր­ջան­կու­թիւ­նը։

Էջեր