Արխիւ
ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Մենք երկրագունդի վրայ գոյութիւն ունինք իրականացնելու համար մեր ստեղծիչին երազները: Հրաւիրուած ենք որոշ ժամանակ ապրելու համար երկիր մոլորակի վրայ…
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցած ծանր դէպքէն ետք իսրայէլեան ապահովական մարմիններ արագօրէն կը պաշարէին Ֆատի Քանպար անունով պաղեստինցիին տունը:
Գալֆաեան Տան երդիքին տակ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանին ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Զանազան խրախճանքներով տղաքը ապրեցան տօնական շրջանի երջանկութիւնը։
Հայաստանի մէջ Նոր տարուայ եւ Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւնները եզրափակուեցան ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ հին Ամանորի թուականին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հայորդեաց տուներու աշակերտները նախընթաց օր Երեւանի մէջ հանդէս եկան հին Ամանորի օրով կազմակերպուած փայլուն ձեռնարկով մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աշխարհի մեծագոյն խորհողներ իրենց կարծիքը եւ տեսակէտը յայտնած են «մարդ» էակին մասին՝ որ միշտ կը մնայ «անծանօթ» մը, անլուծելի հարց մը։
Հեղինակաւոր National Geographic ամսագիրը հրապարակած է համեղ սնունդ ունեցող, սակայն այդ տեսանկիւնէն քիչերուն յայտնի քաղաքներուն ցանկը, որուն մէջ ներառուած է նաեւ Երեւանը:
Ամերիկահայ նշանաւոր գեղանկարչուհի եւ «Սիրուն տառեր» ստեղծագործութեան հեղինակ Սիրուն Երէցեան վերջերս Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ Արմելա Շաքարեանի ձեռամբ ստացաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» շքանշանը՝ հայկական մանրանկարչական արուեստին մէջ ներդրած իր նշանակալի աւանդին համար:
Կիրակի, Յունուար 29-ին, Գալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի համերգասրահին մէջ ելոյթ պիտի ունենայ մրցանակակիր թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեան, համալսարանին կողմէ կազմակերպուող Ֆիլիփ Լորենզի յիշատակի համերգներուն ծիրէն ներս:
Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն՝ Հայաստանի թանգարանները ունեցած են շուրջ երեք հարիւր այցելուներ, որոնց գերակշիռ մասը եղած են զբօսաշրջիկներ՝ Ռուսաստանէն, Չինաստանէն, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ ԱՊՀ-ական երկիրներէ:
Իրանի մայրաքաղաքը՝ Թեհրանի մէջ բացուած է «Հանդիպում» (Didar) խորագրեալ հայ-իրանական ժամանակակից արուեստի ցուցահանդէսը, որ կազմակերպուած է «Արտակ Մանուկեան» թանգարանի հետ համագործակցութեամբ։ Թեհրանի «Մարիամ» պատկերասրահին մէջ բացուած այս ցուցահանդէսով միտուած է ներկայացնել հայ արուեստագէտներուն ազդեցութիւնը՝ իրանական ժամանակակից արուեստին վրայ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Պարաք Օպամա արտասանեց հրաժեշտի խօսք մը՝ ամփոփելով իր նախագահութեան տարիներն ու շնորհակալութիւն յայտնելով իր աջակիցներուն:
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ արհեստավարժ բռնցքամարտի աստղերէն Արթուր Աբրահամի հետ, որ WBO վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեանն է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հայազգի մարզիկը Հռոմի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Սրբազան Քահանայապետին նուիրեց իր ձեռնոցները ու պատմեց մարզական աշխարհէ ներս տարած գործունէութեան մասին։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երկու ղեկավարներու խօսակցութենէն անմիջապէս վերջ յայտարարուեցաւ, որ Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացած է՝ Սուրիոյ օդային մարզէն ներս կատարուելիք թռիչքներու անվտանգութեան եւ համակարգման շուրջ։
Կիպրական հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ ներկայիս կ՚ապրուին կարեւոր իրադարձութիւններ։ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան Նախագահ Մուսթաֆա Աքընճը եւ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անաստասիատիս միջոցէ մը ի վեր արդէն կը ծաւալէին խտացեալ աշխատանք։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը ունեցած է ծանր կորուստ մը։ Այսպէս, հաստատութեան առաջին շրջանաւարտներէն Վահրիճ Չափարեան կնքած է իր մահկանացուն՝ խոր ցաւ պատճառելով թէ՛ իր ընտանիքին եւ թէ համայն դպրեվանքցիներուն։
ԲԱԳՐԱՏ Ծ. ՎՐԴ. ՊԵՐՃԷՔԵԱՆ
Աշխարհ կը տառապի իրերամերժ գաղափարախօսութիւններէ։
Կ՚ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր Արեւելքն ու Արեւմուտքը դարերով չկարողացան հասկնալ զիրար։
Գարակէօզեան Տան բարեյիշատակ հիմնադիր Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեան երէկ ոգեկոչուեցաւ երախտագիտական զգացումներով։ Ծանօթ է, որ ամէն տարի հանգուցեալ Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեան մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով մը կ՚ոգեկոչուի՝ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան նախաձեռնութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ղուկաս Աւետարանիչ, իր «Առաքեալներու Գործերը» գիրքին մէջ, յիշելով Տէր Յիսուսի խօսքը՝ կ՚ըսէ. «Աւելի երջանկաբեր է տալը, քան առնելը» (ԳՈՐԾ. Ի 35)։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ղօղանջն է, որ կը լսուի ու թաղ-թաղ, տուն-տուն, շրջան-շրջան, աւերակ-աւերակ կը տարածուի, կը սփռուի: Մութ ու դիւային շրջաններուն մէջ լոյս մ՚է, յոյս մ՚է, որ կը տարածէ ան:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի սահմանամերձ Տաւուշի մարզի Բերդ աւանին մէջ ծնած, մեծցած, ապա Մոսկուա տեղափոխուած, այսօր հռչակ վայելող գրող՝ Նարինէ Աբգարեանը յաճախ կ՚անուանեն «ռուսական գրականութեան հայկական բոյրը»: