Արխիւ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 3, 2016

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) հիմ­նադ­րու­թեան 110-ա­մեա­կին ձօ­նուած յո­բե­լե­նա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րու շար­քին եզ­րա­փա­կիչ փուլը այս օ­րե­րուն տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 3, 2016

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու այ­սօր շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Պա­քուի մէջ։ Ան կը հիւ­րըն­կա­լուի Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի կող­մէ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 3, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Կը շա­րու­նա­կենք ա­նուն­նե­րու ի­մաստ­նե­րը եւ ծա­գում­նե­րը ներ­կա­յաց­նել, յատ­կա­պէս ցոյց տա­լու հա­մար, թէ «ա­նուն»ը ո՜ր­քան կա­րե­ւոր դեր կը խա­ղայ մար­դուս թէ՛ ան­հա­տա­կան-ներ­քին, թէ՛ հա­ւա­քա­կան-ար­տա­քին կեան­քին մէջ եւ թէ ի՛նչ­պէս կը նոյ­նա­նայ «ա­նուն»ը ինք­նու­թեան հետ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 3, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Այսօր մա­հուանդ 20-րդ տա­րե­լիցն է... Եր­կու տաս­նա­մեակ ան­ցեր է ար­դէն այն թուա­կա­նէն ի վեր, երբ այ­լեւս ի­րա­րու հետ չենք ֆի­զի­քա­պէս։ Գի­տեմ, կը զգամ, որ երկ­նա­յին լու­սե­ղէն պսակ­նե­րու ընդ­մէ­ջէն, պատ­մու­թեան պա­տուան­դա­նին վրայ հպարտ կանգ­նած կը դի­տես զիս հե­ռու­նե­րէն։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 3, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ըն­դու­նեց Ալ­թը­մէր­մէ­րի Գլխա­դիր Ս. Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ տիկնանց խնա­­մա­կա­լու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րը։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 3, 2016

Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի Ծնո­ղաց միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Գում­գա­բուի Պէզ­ճեան սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ընթ­րիք մը, ո­րու ըն­թաց­քին գոր­ծադրուե­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան յայ­տա­գիր։ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեա­նի կող­մէ օրհ­նուած սե­ղան­նե­րուն շուրջ հա­մախմ­բուե­ցան ե­րե­կոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րը, ո­րոնք խան­դա­վառ պա­հեր ապ­րե­ցան մե­նա­կա­տար Զէ­քե­րիա Իւն-­լի­ւի կող­մէ գոր­ծադ­րուած յայ­տագ­րով։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2016

Հա­լէ­պա­հայ ե­րէց սե­րուն­դէ յայտ­նի մտա­ւո­րա­կան Թո­րոս Թո­րա­նեան, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն հաս­տա­տուած է Ե­րե­ւան, վեր­ջերս զրու­ցեց «Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջին հետ։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք իր հետ կա­տա­րուած տե­սակ­ցու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին շեշ­տած է, որ Սու­րիոյ գա­ղու­թը պի­տի պահ­պա­նուի՝ Հա­յաս­տա­նի հա­մար։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2016

Յոյն շնոր­հա­լի բա­նաս­տեղծ ու հայ մշա­կոյ­թի մեծ սի­րա­հար Քու­լիս Ա­լե­փի­սի «Ար­մե­նի­քի մու­սա» եր­կե­րու հա­ւա­քա­ծոն, իր սկզբնա­կան հրա­տա­րա­կու­թե­նէն 78 տա­րի­ներ ետք, դար­ձեալ լոյս կը տես­նէ՝ «Ար­մե­նի­քա» ե­ռամ­սեա­յի կող­մէ վե­րահ­րա­տա­րա­կու­թեամբ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2016

Ara KOÇUNYAN

Samatya Surp Kevork Kilisesi Vakfı Yönetim Kurulu, geçtiğimiz Pazartesi günü bu sütunda Ermenice olarak yayımlanmış olan "Samatya'da Neler oluyor?" başlıklı yazımızla ilgili cemaat basınında bir duyuru yayımladı. Zorunlu addedilmiş olan duyuru hem Ermenice, hem de Türkçe; üstelik iki versiyon arasında tutarsızlıklar da var.

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2016

Օթ­թաուա­յի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ լու­սան­կար­նե­րու ցու­ցա­հան­դէս մը, որ ձօ­նուած էր միջ­նա­դա­րեան Ա­նի քա­ղա­քին։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2016

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Տեվ­լէթ Պահ­չե­լիի հետ։ ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւ­նը եւ ՄՀՓ մի­ջո­ցէ մը ի վեր աշ­խա­տանք կը տա­նին Սահ­մա­նադ­րու­թեան բա­րե­փոխ­ման նիւ­թին շուրջ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2016

Ֆէ­րի­գիւ­ղի «Նազար Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ յայտ­նի ա­րուես­տա­գէտ Ա­րամ Կոս­տա­նեան։ Ու­սուց­չաց օ­րուան յա­ջորդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, Թըր-քա­հայ ու­սուց­չաց հի­մնար­կի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ե­րե­կոյթ մըն էր այս մէ­կը, որ ձօ­նուած էր մեր կրթա­կան մշակ­նե­րուն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2016

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի Ծնո­ղաց միու­թիւ­նը ե­րէկ ճաշ­կե­րոյթ մը կազ­մա­կեր­պեց Պա­քըր­գիւ­ղի «Է­ֆէն­տիմ» ճա­շա­րա­նին մէջ։ Վարժա­րա­նի հա­մա­կիր­նե­րը այս առ­թիւ հա­ճե­լի ժա­մանց ու­նե­ցան՝ ե­րաժշ­տա­կան յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թեամբ։ Տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն մը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2016

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազրոյց մը ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նո­րըն­տիր փոխ-նա­խա­գահ Մայք Փեն­սի հետ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, զրոյ­ցը տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­մե­րի­կեան կող­մի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2016

​Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, որ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը ո­րո­շած է պար­գե­ւատ­րել մեր հա­մայն­քի բա­րե­րա­րու­հի­նե­րէն Մո­նիք Եր­կա­նեա­նը։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի տնօ­րի­նու­թեամբ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն ի­րեն պի­տի շնոր­հուի «Կո­լոտ» շքան­շա­նը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ե­րա­նաշ­նորհ Յով­հան­նէս Բա­ղի­շե­ցի Պատ­րիար­քի յի­շա­տա­կին հաս­տա­տուած այս շքան­շա­նը կը շնոր­հուի բա­րե­րար­նե­րուն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2016

Գարակէօզեանի «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստի աշխատանոցին մէջ:
Հանգուցեալ բեմադրիչ Արթօ Պէրպէրեան վերյիշուեցաւ իր մահուան 17-րդ տարելիցին առթիւ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2016

Չավուշօղլու-Լաւրով զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։
Թուրքիա կը յարգէ այս հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ Ռուսաստանի կամքը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Կը շա­րու­նա­կենք ներ­կա­յաց­նել ա­նուն­նե­րու ի­մաստ­նե­րը՝ օգ­տուե­լով Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեա­նի, Ար­տա­շէս Տէր Խա­չա­տու­րեա­նի եւ André-Marie Gerard-ի բա­ռա­րան­նե­րէն։ Ինչ­պէս ը­սինք, ա­նու­նը ան­ձին ինք­նու­թեան հետ միա­ցող, ինք­նու­թեան կազ­մա­ւոր­ման դեր խա­ղա­ցող ար­ժէք մը, տարր մըն է։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երբ 13 Հոկ­տեմ­բեր 1990 թուա­կա­նին սու­րիա­կան բա­նա­կի «Մի­կ» կոր­ծա­նիչ­նե­րը ծանր հա­րուած­ներ կու տա­յին Պաապ­տա­յի նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տին, այդ օ­րուան զի­նուո­րա­կան «փո­խանց­ման կա­ռա­վա­րու­թեա­ն» վար­չա­պետ զօ­րա­վար Մի­շէլ Աուն կը ստի­պուէր ա­պաս­տա­նիլ Պէյ­րու­թի մօտ ֆրան­սա­կան դես­պա­նա­տուն:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2016

Հայ մեծանուն գրող Վահան Տէրեան բացի քերթուածներէ, նաեւ յօդուածներու եւ խոհերու հեղինակ է: Անոր «Հոգեւոր Հայաստան» յօդուածը համահունչ է այս օրերուն, քանի հայութիւնը կը դիմագրաւէ նախորդ դարասկիզբի մարտահրաւէրները, որոնց ականատես եղած է Տէրեան՝ մեծ գրագէտը եւ չէ կրցած անտարբեր մնալ հայութեան ցաւերուն հանդէպ:

Էջեր