Արխիւ
28 Նոյեմբեր-2 Դեկտեմբեր թուականներուն միջեւ, Ուքրայնոյ Խարքով քաղաքի «Լոքոմոթիւ» մարզահամալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի խմբային 3-րդ ախոյենութիւնը:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս խորագրին տակ՝ պիտի ներկայացնեմ իրական կեանքէ առնուած եր-կու դրուագ, որոնք վստահ եմ պիտի ապշեցնեն ձեզ։
Երեւանի «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան Երիտասարդաց խորհուրդը Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) աջակցութեամբ կը կազմակերպէ «Արեւմտահայերէնը Հայաստանի մէջ. մարտահրաւէրներ, հեռանկարներ» խորագրով համաժողով մը: ՀԲԸՄ-ի երեւանեան մասնաճիւղի դահլիճին մէջ, Նոյեմբերի 26-ին տեղի պիտի ունենայ սոյն համաժողովը։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին վերջին այցելութեան օրերուն Հայաստանէ ներս շրջանառութեան մէջ դրուեցան կարգ մը պնդումներ, ըստ որոնց ան կը վաճառէ Պատրիարքարանի իւղաներկերէն մին։ Այս կապակցութեամբ փորձեցինք շօշափել իր տեսակէտը եւ ինքն ալ փափաքեցաւ, որ խնդիրը պարզուի ամենայն մանրամասնութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անուն»ին կարեւորութիւնը իր իմաստին մէջն է, անունը, արդարեւ, կը նոյնանայ «անձ»ին հետ եւ կը կազմէ «ինքնութիւն» եւ այս կերպով անունը արժէք կը ստանայ։ Անհատը «ի՛նք» է իր կրած անունով եւ ինչո՞ւ չէ՝ իր անուան իմաստո՛վ։
Երուսաղէմէն եւ Ամսթերտամէն ուղարկուած գրութիւնները կը հերքեն տխուր զրպարտութիւնները:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը յայտնէ, որ եթէ իսկապէս Բեթղեհէմի վանքէն գողութիւն մը կատարած ըլլար աշակերտութեան տարիներուն՝ ապա բացարձակապէս վկայուած չէր կրնար ըլլալ Ժառանգաւորաց վարժարանէն:
Մխիթարեան վարժարանը տուն դարձաւ Սրբոց Թարգմանիչ վարդապետներու ոգեկոչման հադիսութեան: Ձեռնարկին ներկայ էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան հայրեր՝ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն, Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան եւ Ոսկեբերան եկեղեցոյ հովիւ եւ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի նէրկայացուցիչ Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Մատակարար մարմնի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արման Գամառի, ուսուցիչներ, աշակերտներ եւ հոծ թիւով ծնողներ:
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու երիտասարդ կրթական մշակ Արեւիկ Պապայեանը։ Բոլոր անոնք, որոնք Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի կեանքին, մանաւանդ մանկապարտէզի առօրեային տեղեակ են՝ վերջին շրջանին կ՚ողջունեն Արեւիկ Պապայեանի ներկայութիւնը։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Օրը կը սկսի աւետիսով մը: Հեռաձայնը կը զնգայ, Տիկին Սաթիկ կը փութայ վերցնելու ընկալուչը: Կը սպասէր ան կարծես լուրի մը: Սիրտը կը բաբախէր անոր, գիշերը չէր ալ կրցած քնանալ, աչքերը թարթել. ինչե՜ր կ՚անցնին միտքէն Տիկին Սաթիկին մինչեւ ընկալուչին քով հասնիլը:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արեւմտահայ ծագումով գրող, երգիծաբան Լեռ Կամսարի ստեղծագործութիւնները վերջին տարիներուն առանձնակի ընդունելութիւն գտած են Հայաստանի մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անուն» եզրին կարեւորութիւնը յայտնելէ ետք, ամէն մէկ անունի նշանակութիւնը գիտնալ «անձ»ին արդար եւ բնական իրաւունքն է. անձը իր կրած անունին իմաստը եթէ գիտնայ աւելի կը նոյնանայ անոր հետ եւ աւելի գիտակից կը վարուի, եւ իրաւո՛ւնք է եւ պարտք՝ գիտնալ իր կրած անուան նշանակութիւնը։
Սուրիոյ մէջ երեք թուրք զինուոր նահատակուեցաւ։ «Եփրատի վահան» գործողութիւններուն շրջագծով այդ երկրի տարածքէն ներս գտնուող զօրքերը Էլ Պապի շրջանին մէջ ենթարկուեցան օդային յարձակման։ «Եփրատի վահան» գործողութիւններու 93-րդ օրուան զուգադիպեցաւ այս ցաւալի դէպքը։
Աշխարհահռչակ տնտեսագէտը մասնակցեցաւ «Մանրածախութեան օրեր 2016»ին:
Փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլու կը մատնանշէ ներկայիս աշխարհի հասած նուրբ կէտը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը պատճառ դարձած է այնպիսի իրավիճակի մը, որ անկարելի է յառաջընթաց ակնկալել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն շրջագծով։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր համայնքային շրջանակներէ երկու ծանօթ, աշխոյժ եւ շատ սիրուած դէմքեր՝ Ազնիւ Մեծատուրեանն ու Նաժտա Շատեանը։ Այս շրջանին Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը կը նշէ իր հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը։
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութիւնը դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն մը պիտի հաստատէ Թուրքիոյ մօտ:
Նեչիրվան Պարզանի երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ Անգարայի եւ Իսթանպուլի մէջ՝ տարածքաշրջանի զարգացումներուն շուրջ:
Էրտողան. «Լեռնային Ղարաբաղ կը պատկանի Ատրպէյճանին»:
Ռուսաց Քիրիլ Պատրիարքի 70-ամեակին ձօնուած շքեղ համերգին ներկայ էր նաեւ Վլատիմիր Փութին:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Տիրոջ հանապազ զօրակցութիւնը հայցեց իր հոգեւոր եղբօր համար:
Երեւանի «Պուքինիստ» գրախանութը կը կազմակերպէ «Գրքի գիշեր 2016» ծրագիրը:
Հայաստանի ընթերցասէրները պիտի աջակցին այն մանուկներուն, որոնք կը տառապին քաղցկեղէ:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս երէկ հիւրընկալուեցան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու շրջանակներէն խումբ մը աշխատակիցներ։ Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այս առթիւ պարգեւատրեց քանի մը յայտնի լրագրողներ, որոնք կ՚աշխատակցին Հանրային հեռուստատեսութեան եւ Հանրային ռատիոյին։
Սուրիոյ բանակը մուտք գործեց Հալէպի արեւելեան շրջանները, որոնք ընդդիմադիր ուժերու հակակշռին տակ կը գտնուէին։ Ծանօթ է, որ վերջին շրջանին Հալէպի մերձակայքին մարտերը սաստկացած էին՝ կառավարական զօրքերուն եւ ընդդիմադիր մարտիկներուն միջեւ։