Արխիւ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016

Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի յա­րա­կից վար­չա­կան շէն­քի «Ա­կումբ»էն ներս ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի մը ցու­ցադ­րու­թիւ­նը։ Հո­գա­բար­ձու­թեան հա­սա­րա­կու­թեան հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու գծով պա­տաս­խա­նա­տու Թա­լին Էր­կիւ­նէ­շի ջան­քե­րով կազ­մա­կեր­պուած էր այս ձեռ­նար­կը, ո­րու շրջագ­ծով կո­կիկ թի­ւով հե­տաքր­քիր­նե­րու հա­մար ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ «Ա­րա­րատ եւ Ա­նի» խո­րագ­րեալ ժա­պա­ւէ­նը, որ այս տա­րի մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նի մը դափ­նե­կիր­նե­րու շար­քին մաս կազ­մած էր։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այս ա­ռա­ւօտ մեկ­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը պի­տի մաս­նակ­ցի Նիւ Եոր­քի մէջ նա­խա­տե­սուած Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ) ընդ­լայ­նուած կազ­մով նստաշր­ջա­նին, նա­խա­գա­հու­թեամբ՝ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016

ՊԱՏ­ՐԻԱՐ­ՔԱ­ԿԱՆ ԸՆԴ­ՀԱ­ՆՈՒՐ ՓՈ­ԽԱ­ՆՈՐԴ Տ. Ա­ՐԱՄ ԱՐՔ. Ա­ԹԷ­ՇԵԱՆ. «Յա­տուկ թեքստ մը պի­տի պատ­րաս­տենք յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին։ Հո­գե­ւո­րա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րի զե­կոյցն ալ պի­տի կցենք այդ մէ­կուն եւ պե­տու­թեան մօտ դի­մում պի­տի կա­տա­րենք։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016

Պատրիարքական Աթոռի Եկեղեցական ընդհանուր համագումար ժողովը երէկ պատմական նիստ մը գումարելով պաշտօնապէս թափուր հռչակեց գահը:
Որոշուեցաւ դիմել պետութեան՝ խնդրելով արտօնութիւն, որպէսզի նո՛ր, ազգընտիր գահակալի մը ընտրութիւնը կատարուի, ըստ ընկալեալ աւանդական կանոններուն:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016

Ա­թո­ռոյս Ե­կե­ղե­ցա­կան Ընդ­հա­նուր Հա­մա­գու­մար ժո­ղո­վը, Պատ­կա­ռե­լի Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վոյ 14 Հոկ­տեմ­բեր 2016 թուա­կա­նի, ՃԼԱ. նիս­տի ո­րոշ­մամբ եւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Բարձր. Տ. Ա­րամ Ս. Ար­քե­պիս­կո­պոս Ա­թէ­շեա­նի հրա­ւէ­րով կա­յա­ցաւ 26 Հոկ­տեմ­բեր 2016 Չո­րեք­շաբ­թի օր, ժա­մը 10.00-ին, Պատ­րիար­քա­րա­նի դահ­լի­ճին մէջ, Նո­րին Սրբազ­նու­թեան նա­խա­գա­հու­թեամբ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

-Մա՛մ, գալ շա­բաթ չեմ ու­զեր եր­թալ այս գոր­ծու­նէու­թեան: Օ­տար մար­դիկ ե­կան այ­սօր, ա­նոնք բարձ­րա­խօ­սով ու քա­մե­րա­յով սկսան նկա­րել ու պա­տե­րազ­մի մա­սին հար­ցում­ներ հարց­նել. ես բան մը չը­սի, չու­զե­ցի յի­շել այդ օ­րե­րը, բայց ըն­կեր­ներս մէ­կիկ-մէ­կիկ սկսան պատ­մել ի­րենց ապ­րած պա­տե­րազ­մա­կան դէպ­քե­րուն մա­սին,- դո­ղա­լով կ՚ը­սէ Ա­րան մօր, ո­րու ձեռ­քը այն­քան ա­մուր կը սեղ­մէ, որ միայն սար­սա­փա­հար մէ­կը այդ­պէս կ­­՚ը­նէ:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ե­րե­ւա­նի շար­ժան­կա­րա­յին սրահ­նե­րուն մէջ մեծ պաս­տառ­նե­րուն «Կեանք ու կռի­ւ» շար­ժան­կա­րը կը ցու­ցադ­րուի: Մէկ ա­մի­սէն ա­ւե­լի է, որ ցու­ցադ­րու­թեան ի­ջած  է այս շար­ժան­կա­րը, եւ  տա­կա­ւին ցու­ցադ­րու­թիւ­նը կ­­՚ըն­թա­նայ լե­ցուն դահ­լիճ­նե­րու մէջ, հան­դի­սա­տե­սին հե­տաքրք­րու­թիւ­նը չէ պակ­սած այս գոր­ծին հան­դէպ:  

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հո­գե­ւոր նե­րանձ­նա­կան կեան­քը անհ­րա­ժե՛շտ է ա­ղօթ­քի հա­մար։ Ար­դա­րեւ ա­ղօթ­քը սուրբ հայ­րե­րու կող­մէ հա­մա­րուած եւ ըն­դու­նուած է «հո­գե­ւոր նե­րանձ­նա­կան կեանք»ի ա­ռանցք։ Մարդ­կա­յին կեան­քի մէջ՝ ա­մէն մէկ ճգնու­թիւն, ա­մէն մէկ ա­ռա­քի­նու­թիւն ու­նի վերջ­նա­կան նպա­տակ մը՝ որ է Աս­տու­ծոյ հետ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան հաս­տա­տու­մը, Աս­տու­ծոյ հետ միա­ւո­րու­մը. իսկ ա­ղօթ­քը ուղ­ղա­կի՛ հո­գիի անձ­նա­կան հան­դի­պումն է Աս­տու­ծոյ հետ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016

Ղա­զախս­տա­նի հա­յե­րու միութ­եան «Մա­սիս» հան­րա­պե­տա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­գահ Էռ­նեսթ Վար­դե­րե­սեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Ալ­մա­թըի մէջ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի ե­րե­կոյ՝ նուի­րուած Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կին:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ ե­րէկ նա­հա­տա­կուե­ցաւ 20-ա­մեայ հայ զի­նուոր մը։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի զի­նուոր­նե­րէն Գուր­գէն Այ­վա­զեան ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէի ժա­մե­րուն զո­հուե­ցաւ Ատրպէյ­ճա­նի զօր­քե­րուն կող­մէ բա­ցուած կրա­կին հե­տե­ւան­քով։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2016

Տիար­պա­քը­րի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պետ Կիւլ­թան Քը­շա­նաք առ­նուե­ցաւ հսկո­ղու­թեան տակ՝ ա­հա­բեկ­չու­թեան հար­ցաքն­նու­թեան շրջագ­ծով։ Նոյն­պէս ձեր­բա­կա­լուե­ցաւ նաեւ հա­մա­քա­ղա­քա­պետ Ֆը­րաթ Ան­լը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2016

Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար Պե­-քիր Պոզ­տաղ ներ­կա­յիս կ՚այ­ցե­լէ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։ Այս ու­ղե­ւո­րու­թեան հիմ-­նա­կան նպա­տակն է ՖԵ­ԹԷՕ-ի պա­րագ­լուխ Ֆե­թհուլ­լահ Կիւ­լէ­նի ԱՄՆ-ի կող­մէ Թուր­քիոյ ար­տա­յանձն­ման ա­պա­հո­վուի­լը։ Ծա­նօթ է, որ 15 Յու­լի­սի զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձէն վերջ յաչս Ո­ւա­շինկ­թը­նի Ան­գա­րա ա­հա­զանգ կը հնչեց­նէ եւ յա­մա­ռօ­րէն կը պա­հան­ջէ Ֆեթ­հուլ­լահ Կիւ­լէ­նի ար­տա­յանձ­նու­մը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2016

Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վը ե­րէկ ըն­դու­նեց ո­րո­շում մը, ո­րու հի­ման վրայ Յու­լի­սի 15-ը հռչա­կուե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ար­ձա­կուրդ։ Խորհր­դա­րա­նէն ներս ե­րէկ հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցած նա­խագ­ծով՝ 15 Յու­լի­սը յետ այ­սու պի­տի նշուի որ­պէս ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ ազ­գա­յին միաս­նա­կա­նու­թեան օր։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2016

Ուք­րայ­նոյ Մե­լի­թո­փոլ քա­ղա­քին մէջ ծա­գած հրաձ­գու­թեան մը հե­տե­ւան­քով զո­հուե­ցան հայ մը եւ վրա­ցի մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, զո­հե­րու ա­նուն­ներն են՝ Սար­գիս Պաղ­տա­սա­րեան եւ Զու­րապ Օ­նա­նի­զի։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2016

Մալ­թա­յի Ինք­նիշ­խան Մար­տա­կան Ուխ­տի Ար­քա­յազն ու Մեծ Վար­պետ Ֆրա Մե­թիու Ֆես­թինկ ա­ւար­տեց դէ­պի Ե­րե­ւան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2016

Ռու­սաս­տա­նի կա­զի ըն­կե­րու­թեան «Կազփ­րոմ»ի վար­չու­թեան նա­խա­գահ Ա­լեք­սէյ Միլ­լեր ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, ուր հիւ­րըն­կալ­ուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ան ըն­դու­նուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի կող­մէ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2016

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Ի­րա­քէ ներս Մու­սու­լի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ ու շեշ­տեց, որ ե­թէ Թուր­քիոյ դէմ սպառ­նա­լիք մը յա­ռա­ջա­նայ, ա­պա եր­կի­րը իր բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը շարժ­ման պի­տի ան­ցը­նէ, նե­րա­ռեալ ցա­մա­քա­յին գոր­ծո­ղու­թեան մը վար­կա­ծը։ Ան որ­պէս օ­րի­նակ ցոյց տուաւ Սու­րիոյ մէջ Թուր­քիոյ կող­մէ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ առ­նուած քայ­լե­րը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2016

Միջնորդները համատեղ յայտարարութիւն մը հրապարակեցին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան այցելելէ վերջ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցան Հայաստանի բայձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2016

Արեւելեան Ուղղափառ եւ Անկլիքան եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն երկխօսութեան 5-րդ ժողովը:
Արամ Ա. Կաթողիկոս նախագահեց աստուածաբանական բնոյթով նիւթերու արծարծման՝ Ս­ուրբ Հոգւոյ բխման շուրջ:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2016

Ֆրան­սա­հայ աշ­խար­հահռ­չակ եր­գիչ Շարլ Ազ­նա­ւուր պի­տի ու­նե­նայ իր պա­տուոյ աստ­ղը՝ Հո­լի­վու­տի «Փառքի ծա­ռու­ղի»ին մէջ։

Էջեր