Արխիւ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2016

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեան­քը՝ որ կ՚ապ­րինք, նե­ղու­թիւն­նե­րու, դժուա­րու­թիւն­նե­րու, ցա­ւե­րու, վիշ­տե­րու եւ վեր­ջա­պէս ան­գութ մա­հուան դէմ պայ­քա՛ր մըն է։ Այս ի­մաս­տով կեան­քը մա­հուան պատ­րաս­տու­թեան մէջ եր­կունք մըն է։ Եւ թե­րեւս շատ տա­րօ­րի­նակ պի­տի թուի, բայց կեան­քը կ՚ապ­րի մարդ՝ մեռ­նե­լու հա­մար։ Ու­րեմն կեան­քը եր­կո՛ւնք մըն է…։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2016

Գեր­մա­նիան ներ­կա­յաց­նող հայ ար­հես­տա­վարժ բռնցքա­մար­տիկ Կա­րօ Մու­րատ իր 30-րդ յաղ­թա­նա­կը տա­րաւ նա­քաու­թով: Գեր­մա­նիոյ Կո­փին­կէն քա­ղա­քին մէջ  տե­ղի ու­նե­ցած մե­նա­մար­տին 33-ա­մեայ Մու­րա­տի մրցա­կի­ցը ուք­րա­նա­ցի Եւ­կե­նի Մախ­տէին­քոն էր, որ 12-րդ ռաուն­տին պար­տուե­ցաւ թեք­նիկ նա­քաու­թով:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2016

«Հայ­փոստ Թրասթ Մե­նեճ­մընթ» շրջա­նա­ռու­թեան մէջ  դրած է եր­կու նա­մա­կա­նիշ՝ նուի­րուած Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կին:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ար­խի­ւէն ներս ա­մէն տա­րի շուրջ 200 հա­զար թերթ փաս­տա­թուղթ կը թուայ­նա­ցուի։ Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ար­խի­ւի տնօ­րէն Ա­մա­տու­նի Վի­րա­բեան սար­քեց մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րու ըն­թաց­քին տե­ղե­կա­ցուց՝ թէ մօ­տա­ւոր հա­շուարկ­նե­րով 350 մի­լիոն փաս­տա­թուղթ ի պահ դրուած է ի­րենց մօտ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2016

«Աու­րո­րա» մար­դա­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան եւ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հիմ­նադ­րա­մի միա­ցեալ  նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը հան­դի­սա­ցող եւ 7 մի­լիոն տո­լա­րի ֆոնտ ու­նե­ցող «Ե­րախ­տա­գի­տու­թեան կրթա­թո­շակ» ստա­ցած տասն ու­սա­նող­ներ՝ Սու­րիա­յէն, Պա­ղես­տի­նէն, Յոր­դա­նա­նէն, Լի­բա­նա­նէն Սեպ­տեմ­բե­րին պի­տի սկսին ի­րենց ուս­ման՝ Աշ­խար­հի միա­ցեալ գո­լէճ­ներ (United World Colleges) ցան­ցի դպրոց­նե­րուն մէջ:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2016

15 Յու­լի­սի ձա­խող պե­տա­կան հա­րուա­ծին զու­գա­հեռ ձեռ­նար­կուած հար­ցաքն­նու­թեան շրջագ­ծով ձեր­բա­կա­լուե­ցաւ յայտ­նի մտա­ւո­րա­կան մը՝ Փրոֆ. Մեհ­մէտ Ալ­թան։ Հարկ է նշել, որ ա­ւե­լի քան տասն օ­րէ ի վեր Մեհ­մէտ Ալ­թան եւ իր եղ­բայ­րը՝ լրագ­րող-հրա­պա­րա­կա­գիր Ահ­մէտ Ալ­թան կը հար­ցաքն­նուէին։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2016

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուի հետ։ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հան­դի­պու­մը, որ տե­ւեց 1 ժամ 45 վայր­կեան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2016

Միջնորդները յառաջիկային պիտի այցելեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները Նիւ Եորքի մէջ տեսակցեցան Նալպանտեանի եւ Մամէտեարովի հետ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը ներ­կա­յիս ու­րա­խու­թեամբ ու հպար­տու­թեամբ հա­մա­կած է հա­մայն հա­յու­թիւ­նը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2016

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Ա­րե­ւուն ճա­ռա­գայթ­նե­րը կը ջեր­մաց­նեն ան­կո­ղինս, կ­­՚արթնց­նեն զիս: «Ար­դեօք ժա­մը քա­նի՞ է», կը մտա­ծեմ ու ժա­մա­ցոյ­ցիս նա­յե­լով կը ցատ­կեմ տե­ղէս: Ար­դէն ժա­մը տասն է, ինչ­պէ՞ս քնա­ցած եմ այս­քան: Մայրս ալ, ինչ­պէս միշտ, չ­­՚արթնց­ներ. բայց ո­րո­շած եմ ե­կե­ղե­ցի եր­թալ: Օ­րը Ուր­բաթ է, Զօ­րա­վար Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Սուրբ Պա­տա­րագ կը մա­տու­ցուի, ուր ընդ­հան­րա­պէս կը հա­մախմ­բուին սու­րիա­հա­յե­րը: Պէտք է ել­լեմ ու պատ­րաս­տուիմ, ար­դէն ու­շա­ցած եմ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

-Այս քսան­հինգ տա­րուան ըն­թաց­քին ի՞նչ քայ­լե­րու կրնար դի­մել Հա­յաս­տան, Հա­յաս­տան-Թուր­քիա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ նոր ծիր մը բա­նա­լու, եւ փո­խա­րէ­նը ի՞նչ կրնար ը­նել Թուր­քիան՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ վեր­ջին յի­սուն տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին թրքա­հա­յե­րը այս­քան ի­րա­ւունք չեն ստա­ցած, որ­քան Նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի ա­ռաջ­նոր­դած ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան իշ­խա­նու­թեան գա­լէն ի վեր:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան, որ ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի 71-րդ նս­տաշր­ջա­նի բաց­ման փու­լի աշ­խա­տանք­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու հա­մար կը գտնուի Նիւ Եոր­քի մէջ, տե­սակ­ցե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Փոխ-նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տը­նի հետ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Էր­տո­ղան Ճօ Պայ­տը­նը հիւ­րըն­կա­լեց իր ի­ջե­ւա­նած պան­դո­կին մէջ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2016

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանին առթիւ տօնակատարութիւններ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Մենք չենք փոխած մեր ազատութիւնը պաշտպանելու վճռականութիւնը»:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի Հանրապետութեան 25-ամեակի յոբելեանին առթիւ տեսակցութիւն՝ «Ազգ»ի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեանի հետ:
«Մարդկանց կը թուի, որ իրենք եթէ պատերազմի հերոս են, ուրեմն կրնան նաեւ ղեկավարել։ Այս մտայնութիւնը տակաւին չէ փոխուած»:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ Գիր­քի գլխա­ւոր յատ­կու­թիւն­նե­րէն մին է ա­նոր «միու­թիւ­նը»ը։ Ուս­տի «միու­թիւն» ը­սե­լով կը հասկ­նանք այն՝ թէ ու­նի մէ՛կ գլխա­ւոր նպա­տակ՝ որ ա­նոր գրե­թէ իւ­րա­քան­չիւր է­ջին վրայ կը տես­նուի սկիզ­բէն մին­չեւ վեր­ջը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2016

ԳԵՐՅ. Հ. ՅՈՎ­ՍԷՓ Ծ. Վ. ԹՈ­ՓԱ­ԼԵԱՆ

Ար­հի. Գերպծ. Տ. Յով­հան­նէս Ար­քեպս. Չո­լա­քեա­նի յա­ւեր­ժա­կան եր­թին ա­ռի­թով (1919-2016)

Կա՛ց, Գե­րա­պայ­ծառ Տէր,
կա՛ց, Ար­հիա­պա­տիւ Հայր...:
Ո՛չ իսկ լուր մը տուիր Քու մեկ­նու­միդ...:

 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2016

Հայաստանի անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանին առթիւ Հանրապետական մաղթանք՝ Երեւանի մէջ:
«Միայն հզօր պետութիւնով մը կրնանք սատարել սփիւռքի հայապահպանման ջանքերուն», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

30 Ապ­րիլ 1911 թուա­կիր Հայ Մա­մու­լի մէջ կը հան­դի­պինք հե­տաքրք­րա­կան հա­տուած­նե­րու՝ ո­րոնք կը ներ­կա­յաց­նենք մեր սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­նե­րուն՝ բաղ­դա­տե­լու եզր մը՝ ան­ցեա­լի դէպ­քե­րը եւ ներ­կան։ Ուս­տի, ինչ­պէս յա­ճախ կը կրկնենք, ներ­կան լաւ հասկ­նա­լու հա­մար, պէտք է ա­տեն ա­տեն նա­յիլ ան­ցեա­լի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2016

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թեան նախ­կին բազ­մա­մեայ վի­ճա­կա­ւոր Ար­հիա­պա­տիւ Տ. Յով­հան­նէս Արք. Չո­լա­քեան Գե­րա­պայ­ծա­ռին մա­հը մեծ ցաւ ստեղ­ծած է պոլ­սա­հայ կեան­քէն ներս։ Տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ իր հօ­տը հովուած Չո­լա­քեան Գե­րա­պայ­ծառ կը վեր­յի­շուի իր մարդ­կա­յին ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րով եւ իր հա­րուստ կեն­սագ­րու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2016

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կին առ­թիւ զրու­ցե­ցինք յայտ­նի լրագ­րող-հրա­պա­րա­կա­գիր, վեր­լու­ծա­բան եւ «Ա­նի» ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նի ղե­կա­վար Թա­թուլ Յա­կո­բեա­նի հետ։ Ստո­րեւ մը ներ­կա­յաց­նենք այս տե­սակ­ցու­թիւ­նը։

Էջեր