Արխիւ
ՄԱՐԻԱՄ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ
Իբրեւ հոգեբոյժ, հայ ընտանիքներու հետ աշխատելու ժանանակ յաճախ կը դիմագրաւեմ հարցեր, որոնց պատճառը սերունդներու միջեւ մշակութային եւ մտածելակերպի տարբերութիւններն են: Ընդհանրապէս, այս բախումները Ամերիկա ծնած հայերու եւ իրենց ծնողներուն միջեւ կ՚ըլլան. ծնողներ, որոնք Ամերիկայի մէջ առաջին սերունդի գաղթականներ են:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինչպէս խոստացած էինք, ստորեւ հատուածներ կը ներկայացնենք Վահան Վարդապետ Բաստամեանցի «Կանոնագիտական երկեր» գիրքէն։ Վաղարշակ Սարկաւագ Սերովբեանի իր անձնական գրադարանէն մեզի նուիրած գիրքը, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակութիւններէն է, աշխատասիրուած է՝ «Հայ-Բիւզանդական եկեղեցական բանակցութիւնների վաւերագրերը» խորագրեալ աշխատասիրութեան հեղինակ Ազատ Բազոյեանի կողմէ։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Անցեալին շատ կը զարմանայի շատ մը երեւոյթներու եւ գործարքներու վրայ, սակայն տարիքի, փորձառութեան եւ քննարկումներու պատճառաւ, կամաց-կամաց այդ հաճոյքը ինծմէ հեռացաւ կամ աւելի ճիշդ՝ հեռացուցի։ Չոր իրականութիւնը աւելի օգտակար է քան քաղցր խօսքերու առատ հոսքը, զոր կը լսենք առիթներով բեմերէ, որոնք երբեք ալ չեն համապատասխաներ խօսք առնողին կեանքին հետ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի «Ազգային ազատ հոսանք»ը մտադիր է քաղաքական ամբողջական սառեցման տանիլ երկիրը: Ներքին քաղաքական կեանքին մէջ առկայ տարակարծութիւնները կը հասնէին գագաթնակէտի մը, երբ մարոնի առաջնորդ զօրավար Միշէլ Աունի գլխաւորած կուսակցութիւնը «դեղին քարտ» մը տալով կը սպառնար՝ իր ունեցած երկու նախարարները քաշել Վարչապետ Թամմամ Սալամի կառավարութենէն:
Հայաստանի Մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը յայտարարեց «100 գաղափար Հայաստանի համար» հանրապետական երիտասարդական մրցումի դիմումներու ընդունման հոլովոյթը: «100 գաղափար Հայաստանի համար» հանրապետական երիտասարդական մրցումին կրնան մասնակցիլ 16-30 տարեկան երիտասարդներ կամ հեղինակային խումբեր:
Գնալը կղզիի բարձունքին շաբաթավերջին վերակենդանացան Մուսա լերան պատմական հարուստ աւանդութիւնները՝ աղօթքով ու միասնականութեան ոգիով:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հանդիսապետեց բազմակողմանի ծրագրի սկզբնական փուլին՝ բոլորին փոխանցելով օրհնութիւնները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը ներկայացնենք Արտաշէս Գալփաքճեանի 18 Սեպտեմբեր 1937 թուակիր «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի այս նոյն սիւնակներու մէջ հրատարակուած շահեկան յօդուածը։
Մեր պիտոյքները առաձգական են. ո՛րքան որ կը լայննան, նոյնքան ալ կրնան նեղնալ, այնպէս որ նիւթական շատ համեստ վիճակ ունեցող մէկն ալ անվիճելիօրէն կրնայ խնայութիւն ընել։
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ ազգութեամբ եզիտի մարզիկ Մանուէլ Մամոյեան, 25 Օգոստոսին, «Կինէս»ի նոր մրցանիշ սահմանեց՝ զայն նուիրելով ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին անմահացած հերոսներու յիշատակին:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոցիասի հետ։ Կրետէ կղզիին մէջ տեղի ունեցաւ նախարարներուն հանդիպումը, որու աւարտին անոնք սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին պարգեւատրեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ռուս ղեկավարի կարգադրութեամբ Եդուարդ Նալպանտեանին շնորհուեցաւ «Բարեկամութեան» շքանշան։
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած ամառնային ճամբարի ծրագիրը եզրափակուեցաւ:
Լիզպոն մեկնած պոլսահայ երիտասարդներու խումբը քաղաքս վերադարձաւ՝ դրական տպաւորութիւններով:
«Եփրատի վահան» գործողութիւնը կ՚ուղղուի դէպի ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի շարքերը՝ ազդու ռմբակոծումներով:
Թուրքիոյ աջակցութեամբ դաշտի վրայ առաւելութիւն կ՚արձանագրէ նաեւ Ազատ Սուրիոյ բանակը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ի՜նչ գեղեցիկ է սա բնութիւնը՝ հաւատարիմ եւ անկե՛ղծ։
Պահ մը խորհեցէ՛ք, սիրելի՜ բարեկամներ, երեւակայեցէք դաշտ մը կամ բլուր մը՝ ուր կը շրջագայիք մտածումներու մտերիմ ընկերակցութեամբ, կը նշմարէք երեւոյթներ, որոնք կը լուսաբանեն, կը պարզաբանեն հազար ու մէկ նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու դէմ մայր բնութեան, անկեղծ բնութեան ցոյց տուած վարմունքը՝ որ կը նմնաի մարդկային վարմունքին։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Գաղտնիք մը չէ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները դրամատիրական երկիր մըն է, ուր կ՚իշխէ տանտէրն ու գործատէրը։ Միտքս պիտի պարզեմ իրական կեանքէ առնուած օրինակներով։
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Դասընկերներ էին: Դպրոցական օրերէն իրարու կը համակրէին:
Տարիները անցան, դարձան մտերիմներ, ապա՝ սիրահարներ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այն ինչ, որ տեղի կ՚ունենայ Ճերապլուսի մէջ՝ սպասելի էր: Թրքական բանակի հրասայլերուն Սուրիան մտնելը եւ այդ քայլին դիմաց Մոսկուայի եւ Դամասկոսի կողմէ եղած փափուկ ոճով դատապարտումները կը խօսէին, այն մասին, թէ Սուրիոյ հակամարտութեան այս փուլին հիմնական դերակատարութիւն տրուած է Անգարային:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Կը հաղորդուի, որ տեսակցութեան ընթացքին երկու նախագահները անդրադարձած են Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին։
Ռիոյի ողիմպիականներուն մասնակից Հայաստանի մարզիկները երէկ երեկոյեան վերադարձան Երեւան:
Ժողովուրդը մեծ համակրանքով շրջապատեց մետայլակիրները, որոնք արժանացան համատարած գնահատանքի:
Վոսփորի հիւսիսէն Եւրոպան եւ Ասիան միացան նոր կամուրջով մը՝ Եավուզ Սուլթան Սելիմի անունով:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան ներկայ եղաւ երէկուան բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիրն ու իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ թաղի երէցը՝ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։