Արխիւ

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2016

Փե­քի­նի մէջ, Չի­նաս­տան, վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րա­խա­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին օ­րուան նուի­րուած «Ամ­բողջ աշ­խար­հի ե­րա­խա­նե­րու բա­րե­կամու­թիւ­նը» խո­րա­գեալ մա­նուկ­նե­րու նկար­նե­րու մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սին բա­ցու­մը:

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2016

ՍԱՐ­ԳԻՍ ՓՈ­ՇՕՂ­ԼԵԱՆ

Ինչ որ մար­դու կը վե­րա­բե­րի, ամ­բող­ջու­թեամբ կա­րե­լի է վե­րագ­րել նաեւ կեն­դա­նա­կան (ա­նաս­նա­կան) աշ­խար­հի: Կ՚ը­սենք հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն. մի­թէ՞ ան­տա­ռի ա­նա­սուն­նե­րը չու­նին ի­րենց հայ­րե­նի­քը… ու եր­բեմն զի­րար խա­չա­ձե­ւե­լով՝ նաեւ մա­հա­ցու մար­տեր կը մղեն ի­րարու մի­ջեւ, երբ ի­րա­րու սահ­ման­նե­րը աս­պա­տա­կած են, քա­նի որ ա­մէն ա­նա­սուն ինք կը գծէ իր սահ­մա­նը:

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2016

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇ­ԿԷ­ՐԵԱՆ

ՈՉ՝ ԾԱ­ՓԱ­ՀԱ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ…
Ծա­փա­հա­րու­թիւ­նը գնա­հա­տան­քի ձեւ մըն է, որ կը ձգտի քա­ջա­լե­րել եւ խրա­խու­սել հան­դէս ե­կող ա­րուես­տա­գէ­տը։ Ան իր մեկ­նա­բա­նու­թեան ար­ժե­ւորու­մը կը տես­նէ ծա­փա­հա­րու­թեան ո­րա­կին՝ ո­րո­տըն­դոստ կամ յոտն­կայս, եւ տե­ւո­ղու­թեան մէջ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2016

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­կան թա­տե­րա­բե­մին վրայ վերջին օ­րե­րուն դար­ձեալ օ­րա­կարգ կը դառ­նար խորհր­դա­րա­նի ընտ­րու­թեան հար­ցը: 
Մինչ տար­բեր լրագ­րող­ներ խնդրին մա­սին գրե­լով կար­ծիք կը յայտ­նէին, թէ սահ­մա­նադ­րա­կան ժամ­կէտ­նե­րով յա­ռա­ջի­կայ՝ 2017 թուա­կա­նի ամ­րան սկիզ­բին ըլ­լա­լիք խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը դար­ձեալ պի­տի յե­տաձ­գուին, ան­դին Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Նե­պիհ Պըր­րի կը յայ­տա­րա­րէր, որ ընտ­րու­թիւն­նե­րը պի­տի կա­յա­ցուին ճիշդ ժա­մա­նա­կին եւ ո­րե­ւէ յե­տաձ­գում ար­դա­րա­նա­լի կամ ըն­դու­նե­լի չէ: 

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2016

Պուէ­նոս Այ­րէ­սի, Ար­ժան­թին, Ս. Գրի­գոր հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին նե­րա­ռուած է քա­ղա­քի զբօ­սաշր­ջա­յին շրջայ­ցի պաշ­տօ­նա­կան ծրա­գի­րին մէջ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2016

Հա­յաս­տա­նի Գա­ւա­ռի եւ Հրազ­դա­նի բժշկա­կան կեդ­րոն­նե­րուն մէջ ա­մե­րի­կա­ցի բժիշկ­ներ կա­մա­ւոր ա­ռա­քե­լու­թիւն կը կա­տա­րեն՝ Հա­յաս­տա­նի մօտ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նա­տան եւ Քան­զաս նա­հան­գի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 18, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Երբ «օ­տա՛ր» մէ­կը՝ ըն­կե­րը՝ մեր ան­ձին պէս պէտք է սի­րել, կ՚ը­սուի, ա­պա ու­րեմն, մեր ազ­գա­կան­նե­րը, մեր ա­րե­նա­կից­նե­րը՝ մեր եղ­բայր­նե­րը, մեր հա­մազ­գի­նե­րը, ո­րոնք բաղ­դատ­մամբ «օ­տար» ըն­կեր­նե­րուն՝ մե­զի ա­ւե­լի՛ մեր­ձա­ւո­րա­գոյն ըլ­լալ­նուն պատ­ճա­ռով, բնա­կա­նա­բար պէ՛տք է որ ա­ւե­լի հա­րա­զատ, ա­ւե­լի սերտ սի­րով սի­րենք։ Այս կը նշա­նա­կէ, որ ու­րեմն, ա­ռա­ւե­լա­բար ան­հա­մե­մատ սի­րով սի­րե­լու ենք մեր եղ­բայր­նե­րը, մեր մեր­ձա­ւոր­նե­րը՝ ո­րոնք կրկին սի­րոյ ար­ժա­նի են։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 18, 2016

ԳԷՈՐԳ ՅԱ­ԿՈԲ­ՃԵԱՆ

12 Օ­գոս­տո­սը Ե­րի­տա­սա­րու­թեան մի­ջազ­գա­յին օրն է: Այս տա­րի ՄԱԿ-ը այս օ­րը օգ­տա­գոր­ծած էր ե­րի­տա­սար­դու­թեան մաս­նակ­ցու­թիւնն ու ներգ­րա­ւուա­ծու­թիւ­նը ամ­րագ­րե­լու ՄԱԿ-ի Կա­յուն զար­գաց­ման նպա­տակ­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման մէջ:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 18, 2016

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Օ­գոս­տոս ամ­սուն հայ­րե­նի­քը կը վխտայ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րով: Աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րէն կը ժա­մա­նեն հայ­րե­նիք՝ ա­նոր տե­սար­ժան վայ­րե­րը ըմ­բոշխ­նե­լու: Զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րը միայն հա­յեր չեն հար­կաւ. բա­ւա­րար է ե­րե­կո­յեան քա­լել Ե­րե­ւա­նեան հրա­պա­րակ­նե­րուն մէջ ու լսել հասկ­նա­լի ու ան­հասկ­նա­լի լե­զու­ներ՝ անգ­լե­րէն, գեր­մա­նե­րէն, պարս­կե­րէն, յու­նա­րէն, ա­րա­բե­րէն, հնդկե­րէն...:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 18, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ինչ­պէս յայտ­նած էինք, վեր­ջերս, Ե­րե­ւա­նի մէջ վե­րահ­րա­տա­րա­կուե­ցաւ Հան­րա­յին հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թեան լրագ­րող, հե­ռուս­տա­հա­ղոր­դա­վար, քա­ղա­քա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու թեկ­նա­ծու, Տոց. Աբ­րա­համ Գաս­պա­րեա­նի «Ներ­քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րու ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէ­ջ» աշ­խա­տու­թիւ­նը, որ մաս­նա­գի­տա­կան խոր ու հան­գա­մա­նա­լից անդ­րա­դարձ մըն է Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի յետ­գա­ղու­թա­յին շրջա­նին՝ մին­չեւ 21-րդ դա­րու ա­ռա­ջին տաս­նա­մեա­կը:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 18, 2016

Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի նշա­նա­կուե­ցաւ Թա­լին Նա­յիր։ Ծա­նօթ է, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն բազ­մա­վաս­տակ ու փոր­ձա­ռու կրթա­կան մշակ մը Ե­ղի­սա­բէթ Չա­թա­նաս­լան կը վա­րէր այդ պաշ­տօ­նը։ 2015-2016 կրթա­կան շրջա­նի ա­ւար­տին ան ո­րո­շած է կո­չուիլ հանգս­տեան՝ բա­զում տա­րի­նե­րու իր ե­րախ­տա­շատ ու նուի­րեալ կրթա­կան գոր­ծու­նէու­թե­նէն վերջ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 18, 2016

Է­լա­զը­ղի մէջ այս ա­ռա­ւօտ պա­տա­հե­ցաւ սաս­տիկ պայ­թում մը։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ դէպ­քը պա­տա­հե­ցաւ քա­ղա­քի Անվ­տան­գու­թեան տնօ­րէ­նու­թեան շէն­քին առ­ջեւ։ Պայ­թու­մէն ան­մի­ջա­պէս վերջ շտա­պօգ­նու­թեան բազ­մա­թիւ ինք­նա­շար­ժներ ու­ղար­կուե­ցան դէպ­քի վայր։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 18, 2016

​Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան նոր համախոհութիւն մը կը ձեւաւորեն Սուրիոյ տագնապին շուրջ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի այցելութիւն մը տալ Թեհրան:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 18, 2016

​Հայաստան եւ Ռուսաստան կը պատրաստուին համաձայնագիր կնքել՝ միացեալ զօրախումբի ստեղծման մասին:
Ըստ «Իզվեստիա» թերթի հաղորդումներուն, Մոսկուա Պաքուին մատակարարածներուն հետ նոյն զէնքերը կը տրամադրէ նաեւ Երեւանին:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 18, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Իր աշ­խա­տակ­ցած թեր­թին մէջ զբա­ղե­ցու­ցած սիւ­նա­կը՝ եր­բեմ­նի սեւ պե­խե­րով ու քի­թով խորհր­դան­շած հրա­պա­րա­կա­գիր մը այս շաբ­թուան հեր­թա­կան յօ­դուա­ծին մէջ անդ­րա­դար­ձեր է ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի մէջ լոյս տե­սած գրու­թեան մը։ Հե­ղի­նա­կը քննա­դա­տե­լի նկա­տեր է մեր թեր­թին մէջ լոյս տե­սած յօ­դուած­նե­րէն մէ­կուն բո­վան­դա­կու­թիւ­նը եւ իր հա­կա­փաս­տարկ­նե­րը թուար­կեր՝ այդ յօ­դուա­ծը ստո­րագ­րած մեր աշ­խա­տակ­ցին դէմ։ Մին­չեւ այս­տեղ ան­հասկ­նա­լի կամ ա­նըմբռ­նե­լի ո­չինչ կայ. բնա­կան ե­րե­ւոյթ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2016

Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս տեսակցեցաւ ՄԱԿ-ի յատուկ ներկայացուցիչին հետ:
Սթեֆան Տէ Միսթուրա անդրադարձաւ Սուրիոյ ճգնաժամի վերջին իրադարձութիւններուն:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2016

Դես­պան Ֆե­րի­տուն Սի­նիր­լիօղ­լու նշա­նա­կուե­ցաւ ՄԱԿ-ի մօտ Թուր­քիոյ մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս կա­տա­րուած նշա­նա­կում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ ո­րոշմ­նա­գի­րը հրա­տա­րա­կուե­ցաւ պաշ­տօ­նա­թեր­թին մէջ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2016

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հագ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րիի հետ։ Ծա­նօթ է, որ Օ­գոս­տո­սի 24-ին Թուր­քիա պի­տի այ­ցե­լէ ԱՄՆ-ի Փոխ-նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տըն։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2016

Փութին շնորհակալութիւն յայտնեց Նազարպայեւին՝ Անգարա-Մոսկուա տագնապի յաղթահարման բերած կարեւոր նպաստին համար:
Մոսկուա երէկ առաջին անգամ Իրանի տարածքի «Համետան» ռազմախարիսխին վրայով ռմբակոծումներ կատարեց Սուրիոյ թիրախներուն դէմ:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2016

ՃՀՓ­-ա­կան եր­կու ե­րես­փո­խան­ներ՝ Փոխ-կու­սակ­ցա­պետ Զէյ­նէպ Ալ­թըօք (Իզ­միր) եւ Սե­լի­նա Տո­ղան (Իս­թան­պուլ) նա­մակ մը գրե­ցին Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար Պե­քիր Պոզ­տա­ղին։ Այդ առ­թիւ ա­նոնք ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րե­ցին երկ­րէն ներս փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն ուղ­ղեալ ա­տե­լու­թեան ար­ձա­նագ­րած վե­րել­քին վրայ եւ կոչ ուղ­ղե­ցին զգայ­նու­թեան հա­մար։

Էջեր