Արխիւ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 11, 2016

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Հա­լէ­պա­հայ ծե­րու­նին՝ Յա­կո­բը, ա­մէն օր իր բնա­կած տան մօ­տա­կայ այ­գին կը յա­ճա­խէ ու եր­կար ժա­մեր կը մնայ հոն, եր­բեմն նոյ­նիսկ ինք­զինք մոռ­ցած, պա­րապ ստա­մոք­սին կանչն իսկ չի լսեր, միայն կը դի­տէ չորս դին. հա­մա­կեր­պած է ան Ե­րե­ւա­նի մէջ ապ­րելու, թէեւ ա­միս­ներ շա­րու­նակ կը տրտնջար ու կ­­՚ընդվ­զէր ա­մէն բա­նէ։ է՜հ, ի՞նչ խօսք, դժուար է հար­կաւ...:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 11, 2016

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ Ս. Պա­տա­րագ մա­տոյց Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեան։ Ինչ­պէս ա­մէն Չո­րեք­շաբ­թի, այս ան­գամ եւս Վոս­փո­րի Ա­սիա­կան ա­փի մեր այս գողտ­րիկ ե­կե­ղե­ցին լե­ցուած էր հոծ թի­ւով հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րով, ո­րոնք եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 11, 2016

Ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ սկսաւ Մնջա­խա­ղի մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօն մը, որ գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րու մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նայ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2016

ՍԱՐ­ԳԻՍ ՓՈ­ՇՕՂ­ԼԵԱՆ

Մարդ ա­րա­րա­ծը իբր մտա­ծող էակ յայտ­նուե­լէն ետք, ինչ­քա՜ն աշ­խա­տած է իր նմա­նը գե­րե­վա­րե­լու, եւ ա­նոր հա­կա­դիր՝ ա­զա­տուե­լու հա­մար ան­կէ. եր­կու գլխա­ւոր հա­տուած.- իշ­խող ու են­թար­կուող եւ եր­թը կը շա­րու­նա­կուի:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2016

​«Պի. Պի. Սի.» կը հա­ղոր­դէ, որ Ի­տա­լիոյ մէջ որ-­դեգ­րուած է նոր օ­րէնք մը՝ ա­մէն տա­րի աղ­բա­նոց­ներ նե­տուող մեծ ծա­ւալ­նե­րով սննդե­ղէ­նի վատ­նու­մը կան­խար­գի­լե­լու շարք մը մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու մա­սին:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2016

Շրնա­քի մէջ այս ա­ռա­ւօտ նա­հա­տա­կուե­ցան ե­րեք զի­նուոր­ներ։ Դէպ­քը լայն ար­ձա­գանգ գտաւ բո­վան­դակ Թուր­քիոյ մէջ եւ ստեղ­ծեց մեծ ցաւ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2016

Ար­ժան­թի­նի Հայ կեդ­րո­նի վար­չու­թիւ­նը այ­սու կու գայ սրտի ան­հուն կսկի­ծով՝ գու­ժե­լու ա­նակն­կալ մա­հը եր­կար տա­րի­նե­րու իր նա­խա­գա­հին՝ յան­ձինս Ալ­պեր­թօ Ճէ­րէ­ճեա­նի, որ նախընթաց օր սրտի կա­թուա­ծի պատ­ճա­ռով յան­կար­ծա­մահ ե­ղաւ, խոր սու­գի մատ­նե­լով իր հա­րա­զատ­նե­րը, բա­րե­կամ­նե­րը եւ հայ գա­ղու­թի ան­դամ­նե­րը:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2016

Լրագ­րող-հրա­պա­րա­կա­գիր Հայ­քօ Պաղ­տատ ետ ստա­ցաւ իր ան­ցա­գի­րը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2016

​Ատրպէյճան կը պատրաստուի նոր ռազմաօդանաւեր գնել Ռուսաստանէն:
Տիմիթրի Ռոկոզին տեղեկացուց, որ Պաքուի մէջ գործարան մըն ալ պիտի հիմնուի:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2016

​Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի ուշագրաւ յայտարարութիւնները՝ «Արեւելք» կայքէջին:
«Հակառակ ծանրակշիռ շրջափակումին, հալէպահայութիւնը կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ»:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2016

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­սօր աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Մոս­կուա, ուր կը տե­սակ­ցի Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Քրեմ­լի­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը քննար­կում­ներ կը կա­տա­րեն քա­ղա­քա­կան, ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան եւ մար­դա­սի­րա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հար­ցե­րուն շուրջ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2016

Սեն Փեթերսպուրկի մէջ երէկ տեղի ունեցած Էրտողան-Փութին տեսակցութեան արդիւնքը կը համարուի գերազանց:
Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ նոր էջ մը բացուեցաւ: Աքքույուի մէջ կառուցուելիք հիւլէակայանին համար սահմանուեցաւ ռազմավարական ներդրումի կարգավիճակ:
Թուրքիա-Ռուսաստան համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ նաեւ տարածքաշրջանային բազմաթիւ խնդիրներու լուծման:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Ռիո­յի Ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն յա­ջող մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ ա­մե­րի­կա­հայ Նա­րեկ Կիւ­րե­ղեան։ Ան որ­դին է նախ­կին պոլ­սա­հայ Մի­րի­ճան Կիւ­րե­ղեա­նի։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2016

Գալ­ֆաեան Տան տնօ­րէ­նու­հի Այ­տա Քա­յաէր ար­դէն իր պաշ­տօ­նը փո­խան­ցած է Թա­մար Ներ­կի­զին։ Ան Գալ­ֆաեա­նի ըն­տա­նի­քէն հրա­ժեշտ կ՚առ­նէ յու­զում­նա­խառն զգա­ցում­նե­րով։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2016

Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դը ան­ցեալ Եր­կու­շաբ­թի իր հեր­թա­կան ժո­ղո­վը գու­մա­րեց մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ։ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճա­նի գրա­սե­նեա­կը տե­ղե­կա­ցուց, որ նիս­տին ըն­թաց­քին կա­րե­ւոր ո­րո­շում մը առ­նուած է թրքա­հայ հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ։ Այս­պէս, խոր­հուր­դը ո­րո­շած է փո­փո­խու­թեան են­թար­կել Պէյ­քո­զի հա­յոց գե­րեզ­մա­նա­տան տա­րած­քին կար­գա­վի­ճա­կը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Ա­մուս­նու­թիւ­նը, եւ ա­մուս­նու­թեամբ կազ­մուած ըն­տա­նի­քը՝ մարդ­կա­յին ան­հա­տա­կան եւ հա­ւա­քա­կան կեան­քին հի՛մն է։ Ուս­տի ա­մուս­նու­թիւ­նը, մարդ­կա­յին ա­մե­նա­հին եւ էա­կան միու­թիւնն է, քա­նի որ մարդ­կու­թիւ­նը կը գո­յա­տե­ւէ որ­դեծ­նու­թեան շնոր­հիւ եւ կը շա­րու­նա­կէ սե­րուն­դէ՜ սե­րունդ՝ ըն­տա­նիք­նե­րու բազ­մաց­ման հե­տե­ւան­քով։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2016

ՀՐԱՅՐ ԳԷՈՐ­ԳԵԱՆ

Կեն­սո­լոր­տի պաշտ­պան­ներ եւ գիտ­նա­կան­ներ ա­ւե­լի քան եր­կու տաս­նա­մեա­կէ ի վեր ա­հա­զանգ կը հնչեց­նեն մար­դուն կող­մէ կեն­սո­լոր­տի ա­պա­կան­ման ի­րո­ղու­թեան դի­մաց, որ սկսած է երկ­րա­գուն­դը ա­ռաջ­նոր­դել դէ­պի ա­նա­պա­տա­ցում:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Երբ կը խօ­սինք կո­րուստ­նե­րու վրայ, կը տես­նենք, թէ «կո­րուստ»ը իր ա­մե­նա­լայն ի­մաս­տով, ցաւ եւ վիշտ պատ­ճա­ռող ե­րե­ւոյթ մըն է։ Կեան­քի ան­խու­սա­փե­լի ե­րե­ւոյթ­նե­րէն մէկն է կո­րուս­տը, քա­նի որ որ­քան բնա­կան է շա­հիլ, ու­նե­նալ եւ պա­հել ո­րե­ւէ ար­ժէք, նոյն­քան բնա­կան է վնա­սուիլ, կորսնց­նել եւ ու­նե­ցա­ծէն կեր­պով մը բաժ­նուիլ, հե­ռա­նալ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2016

​Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան յայտնի մեկնաբանը ԺԱՄԱՆԱԿ-ին հարցազրոյց մը տուաւ՝ նոր գրքի հրատարակութեան առթիւ:
Աբրահամ Գասպարեան. «Անփոխարինելի ու անկրկնելի միակ փրկութիւնը կրթական յեղափութիւնն է»:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2016

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Հա­լէ­պի մէջ գրան­ցուող զի­նուո­րա­կան մար­տե­րը դար­ձեալ ստի­պե­ցին, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա ու ա­ւե­լի վերջ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին պատ­կե­րասփ­ռուած ե­լոյթ­նե­րով խօ­սին տե­ղի ու­նե­ցող ա­րագ զար­գա­ցում­նե­րուն մա­սին:

Էջեր