Արխիւ
Կիրակի, 24 Յուլիս 2016-ին, Երեւանի Թէքէեան կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ, Հայրենիքի մէջ ՌԱԿ-ի Պատանեկան-ուսանողական շարժման մէջ պատմական նշանակութիւն ունեցող անդրանիկ հաւաքը:
Ֆրանսա երէկ ցնցուեցաւ հերթական սահմռկեցուցիչ ահաբեկչութեամբ։ Երկրի Նորմանտիի շրջանի Ռուէն քաղաքէն ներս, Սեն թ՚Էթիէն-Տիւլ-Ռուվարէ գաւառակէն ներս «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման երկու անդամներ յարձակեցան տեղւոյն եկեղեցւոյ վրայ։
Թուրքիա-Եգիպտոս առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ Գահիրէի մէջ սկսած է նախաձեռնութիւն մը՝ ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտներու ճանաչման ուղղութեամբ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վարդան Օսկանեանի կարծիքով՝ Երեւանի մէջ տեղի ունեցող դէպքերը չեն կրնար ժխտական ազդեցութիւն ունենալ արցախեան շփման գիծի ընդհանուր իրավիճակին վրայ:
Անցեալին տղոց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ թանգարան մը բացաւ իր հայրենի Մանաքոր քաղաքին մէջ:
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան արարքները կը շարունակուին։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Օգոստոսի 9-ին պիտի այցելէ Սեն Փեթերսպուրկ, ուր պիտի տեսակցի Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Յայտնի պատմաբան Հալիլ Ինալճըք երէկ կնքեց իր մահկանացուն՝ հարիւր տարեկան հասակին։ Ան երկար ժամանակէ ի վեր դարմանման տակ էր Անգարայի «Կիւվէն» հիւանդանոցին մէջ։
Երեւանի մէջ «Սասնայ ծռեր» զինեալ խումբին կողմէ բռնագրաւուած ոստիկանատան շուրջ ապրուած դէպքերը կը շարունակեն մնալ Հայաստանի օրակարգի թիւ մէկ խնդիրը։
Bloomberg Businessweek-Türkiye շաբաթաթերթին մէջ հարցազրոյց մը՝ Արսէն Աւագեանի հետ:
«Հայաստանի դէմ շրջափակումները բացասաբար կ՚անդրադառնան տարածքաշրջանային համագործակցութեան վրայ»:
Հանրապետութեան նախագահը տեսակցեցաւ խորհրդարանի կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ:
Էրտողանի եւ կուսակցապետներուն հանդիպումը տեւեց 2 ժամ 40 վայրկեան: Պատմական հանդիպման արդիւնքին համաձայնութիւն գոյացաւ նոր Սահմանադրութեան մշակման ուղղեալ քայլերուն շուրջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յոռետես եւ մոլորամիտ մարդիկ կրնան խորհիլ եւ ըսել, թէ՝ տգէտը «բարի» կ՚ըլլայ։ Այո՛, կրնան ըլլալ ժամանակաշրջաններ, ուր դէպքեր աններդաշնակ եւ իրարու անհամապատասխան կերպով կը պատահին, եւ մարդկային իմաստութիւնը կ՚ունենայ շեղումներ, սայթաքումներ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ահաբեկչութիւն Նիսի մէջ, կան զոհեր: Յեղաշրջման փորձ Թուրքիոյ մէջ, կան զոհեր։ Պայթյիւն Միւնխինի մէջ, կան զոհեր: Սեն Փեթերսպուրկի մէջ հանրակառք մը պայթած է, կայ զոհ մը: Երեւանի մէջ զինուած մարդիկ պատանդ վերցուցած են զինուորները, կայ զոհ մը...:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Ցանկութիւնները պահանջքի մը արդիւնքն են։ Կ՚աշխատինք ունենալ։ Առ այդ կը մտածենք, կը ծրագրենք եւ կ՚աշխատինք ու նայած նիւթին կը սպասենք իրագործումին:
ԶՕՀՐԱՊ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆ
Վերջերս՝ 28 Յունիսին ստացանք Պէյրութի նշանաւոր «Շիրակ» հրատարակչատան լոյս ընծայած՝ «Շիրակ Երգարան 2016»ի յատուկ թողարկումը, որ նուիրուած է մեր մեծագոյն աշուղ, անզուգական Սայեաթ-Նովայի կեանքին եւ մանաւանդ անոր անմահ երգերուն ու տաղերուն, որոնք առանց չափազանցութեան կ՚երգուին աւելի քան տասնամեակներէ ի վեր, մեր ժողովուրդին գրեթէ բոլոր ազգային թէ ժողովրդական առիթներուն:
ՕՀԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ
Պարսիկ իմաստուն մը, անխորհուրդ խօսքերէ զգուշութեան արժէքը ցոյց տալու համար, ըսած է՝ «Աւելի լաւ է խորհիլ, թէ ի՛նչ պիտի ըսեմ, քան զղջալ, թէ ինչո՞ւ ըսի»: Այս պատուէրը այնքան կը յարմարի մեր իրականութեան, որ կարծէք, թէ յատկապէս մեզի համար ըսուած ըլլար:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիա շուրջ տասը օրէ ի վեր ցնցիչ իրադարձութիւններու շարան մը կ՚ապրի։ Պետական հարուածի ձախող փորձը եկած է հիմնովին փոխել երկրի կլիման։ Առաջին օրերուն խուճապի եւ տագնապի տպաւորութիւնը, զգացումը գերակշիռ էր։ Երբ անցան օրերը, բաւական կարճ ժամանակի ընթացքին սկսաւ գերակշռել այն համոզումը, թէ երկրին կեանքը պէտք է փութով վերադառնայ իր բնականոն հունը։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Վարսէն Օրունճաքճըէլի յուղարկաւորութիւնը։
Համայնքային համակրելի բարերարը շաբաթավերջին աչքերը փակեց կեանքին:
Վրթանէս Սաաթճըի մարմինը յառաջիկայ օրերուն քաղաքս պիտի բերուի յուղարկաւորուելու համար:
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի եղանակի պաշտօնական բացման արարողութիւնները անցան խանդավառ մթնոլորտի մէջ:
Կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւնները տեղի ունեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի հովանաւորութեամբ: