Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2016

ՄԱԿ-ի շրջա­նակ­նե­րը մտա­հո­գուած են, թէ Ի­րա­քի մէջ յա­ռա­ջի­կայ ա­միս­նե­րուն հար­կա­դիր տե­ղա­հա­նու­թիւն­նե­րը կրնան թափ ստա­նալ ու որ­պէս հե­տե­ւանք՝ պար­տա­դիր տե­ղա­հա­նեալ­նե­րուն թի­ւը կրնայ կրկնա­պատ­կուիլ։ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ ձեռ­նար­կուած պայ­քա­րի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հա­ւա­նա­կան հե­տե­ւանք­նե­րէն մին պի­տի ըլ­լայ այս հար­ցը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2016

ՆԱ­ԹՕ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Եէնս Սթոլ­թեն­պերկ յայ­տա­րա­րեց, որ Ռու­սաս­տան տա­կա­ւին կրնայ շի­նիչ դեր մը խա­ղալ հա­մաշ­խար­հա­յին գոր­ծե­րուն մէջ։ Ըստ ի­րեն, Մոս­կուա միայն պի­տի շա­հի, ե­թէ հա­մա­գոր­ծակ­ցի դա­շին­քին հետ։ Ե­րէկ, Վար­շա­ւիոյ հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին Սթոլ­թեն­պերկ ը­սաւ.

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2016

Չե­խիոյ Նա­խա­գահ Մի­լոշ Զե­ման կը պատ­րաս­տուի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տալ Ե­րե­ւան՝ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, 8-10 Յու­նիս թուա­կան­նե­րուն Մի­լոշ Զե­ման նախ պի­տի այ­ցե­լէ Մա­կե­դո­նիա, ա­պա Հա­յաս­տան։

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2016

«Հայաստան հետեւողականօրէն պիտի աշխատի Վիեննայի պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ուղղութեամբ»:
Ըստ Սարգսեանի, Երեւան չի կրնար անտարբեր մնալ Արցախի դէմ Պաքուի յարձակումներու պարագային եւ համաձայն է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2016

​Պունտեստակի վաղուան քուէարկութեան ընդառաջ Անգարայի կողմէ կը հնչեն Պերլինի ուղղեալ աչալրջութեան իրերայաջորդ կոչեր:
Էրտողանի Եւ Մերքէլի միջեւ հեռախօսազրոյց:
Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւններուն մէջ արտասովոր կացութիւն մը ստեղծուած է հայկական հարցին բերումով: Թրքական կողմը կու տայ հաւանական պատժամիջոցներու ազդանշանը: Գերմանական կողմին համոզմամբ, նախագիծը որեւէ ազդեցութիւն չի գործեր իր մօտ ապրող փոքրամասնական հաւաքականութեան վրայ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2016

Աս­տուա­ծա­մօր Մա­յի­սեան ա­ւան­դա­կան ջեր­մե­ռան­դու­թիւ­նը ա­մէն տա­րուան իր նուի­րա­կա­նու­թիւ­նը պա­հե­լով, նոյն ե­ռան­դով եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին մաս­նակ­ցու­թեամբ այս տա­րի եւս շա­րու­նա­կուե­ցաւ Մխի­թա­րեան հայ­րե­րու Ա­նա­րատ Յղու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2016

Շիշ­լի մար­զա­կում­բին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած 2015-2016 շրջա­նի դա­սըն­թացք­նե­րը եզ­րա­փա­կուե­ցան ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի հա­մա­լի­րի «Եթ­քին Պէր­պէ­րօղ­լու» մար­զա­դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցաւ հոծ բազ­մու­թիւն մը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ Գիր­քի մէջ յի­շուած զա­նա­զան բոյ­սե­րու ցան­կը կը շա­րու­նա­կենք ներ­կա­յաց­նել։

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016

ԼԵ­ՒՈՆ ԼԱ­ՃԻ­ԿԵԱՆ

Ժո­ղովր­դա­կան ի­մաս­տուն խօսք մը կայ. մար­դը կ՚ապ­րի այն­քան, որ­քան զայն կը յի­շեն: Այս ի­մաս­տով պոլ­սա­հայ մեծ ման­կա­վարժ ու դաս­տիա­րակ Յով­հան­նէս Հինդ­լեա­ն (1866-1950) իր մահ­կա­նա­ցուն կնքե­լէ յե­տոյ եւս կը շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ, ապ­րիլ իր սա­նե­րու մտա­ծում­նե­րուն ու ձեռ­նար­կում­նե­րուն, ա­նոնց մէջ ու ա­նոր հե­տե­ւորդ­նե­րու մի­ջո­ցով:

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016

Հար­ցազ­րոյ­ց՝ Ա­ՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ եւ Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Ծա­նօ­թու­թիւն, Ի­մա­ցու­թիւն, Լե­զու, սոյն նշա­նա­բա­նի կո­րի­զին վրայ Ե­րե­ւա­նի մէջ հիմ­նուե­ցաւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման փոք­րիկ հիմ­նարկ մը, որ ե­կաւ փաս­տե­լու այն հան­գա­ման­քը, թէ հա­յե­րէն լե­զուի ան­բա­ժան մէկ մաս­նիկն է ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը եւ ու­նի դա­րե­րու զար­գաց­ման ըն­թացք ու մա­նա­ւանդ շօ­շա­փե­լի գո­յու­թիւ­նը խարս­խող ծա­ւա­լուն ու հա­րուստ գրա­կա­նու­թիւն՝ աշ­խար­հաս­փիւռ հայ գրա­գէտ­նե­րու յար­գար­ժան դրոշ­մով:

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կը շա­րու­նա­կենք ներ­կա­յաց­նել բոյ­սե­րու այն ցան­կը՝ որ յի­շա­տա­կուած է Սուրբ Գիր­քի մէջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016

Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք Վալ­թէր Շթայն­մա­յէր յայ­տա­րա­րեց, թէ մի­ջազ­գա­յին ո­րե­ւէ հա­կա­մար­տու­թիւն չի կրնար լու­ծուիլ ա­ռանց Ռու­սաս­տա­նի մաս­նակ­ցու­թեան։ Ե­րէկ, Շթայն­մա­յէր ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Պեր­լի­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած Գեր­մա­նիա-Ռու­սաս­տան հա­մա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին։

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Կով­կաս-2015» տա­րե­կան մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղո­վը։ «Է­րե­բու­նի փլա­զա»ի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու նա­խա­ձեռ­նարկն էր յայտ­նի քա­ղա­քա­կան մեկ­նա­բան Ա­լեք­սանտր Իս­քան­տա­րեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած Կով­կա­սի կա­ճա­ռը։

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016

Յակոբեան տեսակցեցաւ «Հայաստան» հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն հետ:
Սփիւռքի մէջ կը շարունակուի բազմակողմանի շարժումը՝ Արցախի զօրակցութեան համար:

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016

Զուի­ցե­րիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Պեր­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի մարմ­նա­մար­զու­թեան ա­ռաջ­նու­թիւ­նը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նը։ Այս կա­րե­ւոր մրցա­շար­քի ար­դիւն­քին հայ­կա­կան ընտ­րա­նիէն Յա­րու­թիւն Մեր­տի­նեան նուա­ճեց ոս­կէ մե­տայլ՝ հաս­նե­լով ա­խո­յեա­նի տիտ­ղո­սին։

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016

Թուր­քիա ե­րէկ դար­ձեալ մեծ ցաւ ապ­րե­ցաւ նա­հա­տակ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ լու­րե­րով, ո­րոնք այս ան­գամ հա­սան Վա­նէն, Շըր­նա­քէն եւ Սի­լո­փիէն։

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016

Սերժ Սարգսեան մասնակցեցաւ ԵԺԿ-ի 40-ամեակին առթիւ կազմակերպուած գագաթաժողովին
«Հայ ժողովուրդը եւրոպական քաղաքակրթութեան անբաժանելի մասն է իր անցեալով ու մշակոյթով, իր իղձերով»

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016

Իս­րա­յէ­լի Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու յայ­տա­րա­րեց, որ շատ մօտ են Թուր­քիոյ հետ հաշ­տուե­լու։

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ըն­դու­նեց Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեա­նը, որ ներ­կա­յիս կը գտնուի Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016

​Պունտեստակի մէջ հայկական բանաձեւի քննարկման ընդառաջ հեռախօսազրոյց՝ Պինալի Եըլտըրըմի եւ Անկելա Մերքէլի միջեւ:
Ազգային մեծ ժողովի երեք կուսակցութիւնները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ՝ որպէսզի թշնամութիւն չյառաջանայ:

Էջեր