Արխիւ

Ուրբաթ, Մայիս 20, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Յոյ­նե­րու եւ Պար­սիկ­նե­րու հա­ճու­թեամբ ու հա­ւա­նու­թեամբ ե՛ւ մի­ջամ­տու­թեամբ 350 թուա­կա­նին, կու­րա­ցած Տի­րա­նի ման­կա­հա­սակ որ­դին Ար­շակ թա­գա­ւոր դար­ձաւ։ Ար­շա­կի թա­գա­ւոր դառ­նա­լէն յե­տոյ երկ­րի մէջ խա­ղա­ղու­թիւ­նը վե­րա­հաս­տա­տուե­ցաւ։

Ուրբաթ, Մայիս 20, 2016

Հա­յաս­տա­նի մարմ­նա­մար­զու­թեան հա­ւա­քա­կա­նը՝ գլխա­ւոր մար­զիչ Յա­կոբ Սե­րո­բեա­նի գլխաւո­րու­թեամբ, այժմ կը նա­խա­պատ­րաս­տուի Եւ­րո­պա­յի ա­խո­յե­նու­թեան:

Ուրբաթ, Մայիս 20, 2016

Հայ օգ­նու­թեան ֆոն­տի (ՀՕՖ) նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջերս Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կերպուե­ցաւ հա­սա­րա­կա­կան քննար­կում մը, ո­րու ըն­թաց­քին շօ­շա­փուե­ցան ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ զա­նա­զան խնդիր­ներ։

Ուրբաթ, Մայիս 20, 2016

Հա­յաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տան Դի­լի­ջա­նի Ու­սում­նա­հե­տա­զօ­տա­կան կեդ­րո­նէն ներս վեր­ջին շրջան­նե­րուն բազ­մա­կող­մա­նի աշ­խա­տանք կը տա­րուի լուրջ թա­փով։

Ուրբաթ, Մայիս 20, 2016

Թուր­քիա պատ­րաստ է հիւ­րըն­կա­լել հեր­թա­կան մի­ջազ­գա­յին կա­րե­ւոր հա­ւա­քոյթ մը։ Այս Եր­կու­շաբ­թի, Իս­թան­պու­լի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ՄԱԿ-ի Հա­մաշ­խար­հա­յին մար­դա­սի­րա­կան գա­գա­թա­ժո­ղո­վը, որ կը տե­ւէ եր­կու օր։

Ուրբաթ, Մայիս 20, 2016

Յ. ՊԱ­ԼԵԱՆ

Գիր­քի սի­րա­հա­րը յա­ւեր­ժու­թիւն գա­ցած է, գիր­քե­րը չէ կրցած ի­րեն հետ տա­նիլ:
Ե­թէ տա­րած ըլ­լար, միա­միտ­ներ ցաւ պի­տի չզգա­յին: Գիր­քերն ալ որբ պի­տի չմնա­յին:

Ուրբաթ, Մայիս 20, 2016

Վա­ղը Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ «Թան­գա­րան­նե­րու գի­շեր»ը, որ կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պա­նու­թեան բնա­գա­ւա­ռին մէջ ա­մե­նա­հին մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն՝ Թան­գա­րան­նե­րու  մի­ջազ­գա­յին խոր­հուր­դի (Ի­ԿՕՄ) ա­ռա­ջար­կով:

Հինգշաբթի, Մայիս 19, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Բա­րե­պաշ­տա­կան ա­ւան­դու­թիւն մըն է ծննդեան տա­րե­դար­ձը տօ­նել մէ­կու մը։ Այս ա­ւան­դու­թիւ­նը ար­դա­րեւ ա­ռի՛թ մըն է մէ­կու մը ծնուն­դով ապ­րուած ու­րա­խու­թիւ­նը կրկին ապ­րե­լու եւ նաեւ յի­շեց­նե­լու՝ թէ տա­րի­ներ կ՚անց­նին եւ մարդ հետզ­հե­տէ կը փո­խուի եւ ու­րեմն պէտք է հո­գե­պէս եւ մտա­պէս հա­մա­կեր­պի այդ բնա­կան ըն­թաց­քին, ան­խու­սա­փե­լի փո­փո­խու­թեան։

Հինգշաբթի, Մայիս 19, 2016

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Գար­նան մեղ­մա­նուշ զե­փիւ­ռը կը համ­բու­րէ կար­ծես լի­ճին մա­կե­րե­սը: Համ­բոյ­րը թե­թեւ շար­ժում մը կ՚ա­ռա­ջաց­նէ ու շար­ժու­մը տա­րա­ծուե­լով մանր ա­լիք­ներ կը ստեղ­ծէ, ո­րոնք լճա­փի ցան­կա­պա­տին հպե­լով մե­ղե­դա­յին խշշոց մը կը սփռեն չորս դին: Զե­փիւ­ռին կ՚ող­ջու­նեն նաեւ շրջա­կայ ծա­ռե­րը: Ա­հա բար­տին, ո­րուն տե­րեւ­նե­րը ծա­փա­հա­րե­լով կը քաղց­րաց­նեն ե­րաժշ­տու­թեան մե­ղե­դայ­նու­թիւ­նը, ա­րե­ւու լու­սա­ճա­ճանչ ճա­ռա­գայթ­նե­րը տե­րեւ­նե­րու ծափծ­փան­քին գե­ղե­ցիկ, փայլփ­լուն տեսք մը կը հա­ղոր­դեն:

Հինգշաբթի, Մայիս 19, 2016

​Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

1886 թուա­կա­նին Մա­յի­սի 12-ին ծնած է Նշան Գրի­գո­րեա­ն: Ո՞վ է Նշան Գրի­գո­րեա­ն, ո­րուն ա­նու­նը նե­րա­ռուած է հան­րա­գի­տա­րան­նե­րու եւ այլ տե­ղե­կա­տուա­կան հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու մէջ, իբ­րեւ նշա­նա­ւոր հայ մը:

Հինգշաբթի, Մայիս 19, 2016

Բո­վան­դակ Թուր­քիոյ մէջ այ­սօր կը նշուի Մա­յիս 19-ի տօ­նը։ Հան­րա­պե­տու­թեան մե­ծա­նուն հիմ­նա­դիր Մուս­թա­ֆա Քե­մալ Ա­թա­թիւր­քի ո­գե­կոչ­ման եւ Ե­րի­տա­սար­դու­թեան տօ­նը այս տա­րի եւս կը տօ­նուի քա­ղա­քա­ցիա­կան խոր գի­տակ­ցու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Մայիս 19, 2016

AYLİN KOÇUNYAN

Türkiye’de azınlıkların tüzel kişilik ve temsil sorunları ve bu sorunların aşılması için düşünülen model ve arayışlar, son dönemde, sıkça gündeme gelmektedir. Gayrimüslimlerin Osmanlı’nın hukuki çoğulculuk bağlamında sahip oldukları cemaat yönetimi modelleri, bugünkü arayışlarla bire bir örtüşmese de, tarihsel bir deneyim ve arka plan olarak bu gündemde yerini almaktadır.

Չորեքշաբթի, Մայիս 18, 2016

ՆԱ­ԶԱ­ՐԷԹ ՊԷՐ­ՊԷ­ՐԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 3-ին, 187 տա­րի ա­ռաջ, ներ­կա­յիս իբ­րեւ Ատր­պէյ­ճան ճանչ­ցո­ւած երկ­րին հիւ­սիս-ա­րեւ­մուտ­քը գտնո­ւող ­Շամ­խոր քա­ղա­քին մէջ, իր ա­ւար­տին հա­սաւ 18-րդ ­դա­րուն սկսած եւ մին­չեւ 1829 թո­ւա­կա­նը շա­րու­նա­կո­ւած ռուս-պարս­կա­կան եր­կա­րա­տեւ պա­տե­րազ­մին կա­րե­ւո­րա­գոյն ու վճռո­րոշ ճա­կա­տա­մարտ­նե­րէն մէ­կը՝ ռու­սա­կան զօր­քե­րու եւ ա­նոնց յա­ռա­ջա­պահ ու­ժը կազ­մող հայ կա­մա­ւո­րա­կան­նե­րու փայ­լուն յաղ­թա­նա­կով։

Չորեքշաբթի, Մայիս 18, 2016

Աբ­րա­համ Լին­քը­նը Ամերիկայի Միացեալ Նա­հանգ­նե­րու 16-րդ նա­խա­գահն էր: Լին­քը­նը ազ­գա­յին հե­րոս էր, ա­նոր հետ կը կա­պուի ստրկա­տի­րա­կան հա­մա­կար­գի վե­րա­ցու­մը եւ Սպի­տակ տան մէջ միաս­նու­թեան եւ ազ­նուու­թեան մթնո­լոր­տի հաս­տա­տու­մը:

Չորեքշաբթի, Մայիս 18, 2016

Դպրո­ցա­կան կրթու­թեան ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մը հան­դի­սա­ցող «Է­րաս­մուս+» ծրա­գի­րին «Ռ€ԻՆԿ» նա­խա­գի­ծը, որ կ՚ըն­թա­նար տար­բեր եր­կիր­նե­րէ վար­ժա­րան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ ու Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, մէ­կու­կէս տա­րուան աշ­խա­տան­քէ մը վերջ եզ­րա­փա­կեց իր աշ­խա­տան­քը՝ Բան­կալ­թըի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի հիւ­րըն­կա­լու­թեամբ քա­ղա­քիս մէջ կա­յա­ցած հա­ւա­քոյ­թով մը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 18, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը նա­խըն­թաց օր Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ըն­դու­նեց «Քրիս­տո­սի խա­ղա­ղու­թիւն» (Pax Christi) մի­ջազ­գա­յին կա­թո­լիկ կազ­մա­կեր­պու­թեան Աւստ­րիոյ մաս­նա­ճիւ­ղի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն ու ան­դամ­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 18, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Սո­ֆիա։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նին կող­մէ գլխաւորուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը Պուլ­կա­րիոյ մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ կը մաս­նակ­ցի՝ Եւ­րո­պա­յի խոր­հուր­դի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 18, 2016

«Qatar Airways» ընկերութիւնը յաւակնոտ եւ ուշագրաւ ծրագրերով մուտք կը գործէ Հայաստանի շուկայ:
Տոհայի միջոցաւ դէպի Միացեալ Նահանգներ, Աւստրալիա եւ Եւրոպա հասնելու համար ձեռնտու հնարաւորութիւններ:

Չորեքշաբթի, Մայիս 18, 2016

Հայաստան հերթական անգամ մասնակցութիւն բերաւ Ժընեւի Գրքի միջազգային փառատօնին:
Տաղաւարը առարկայ դարձաւ բազմազգ գրասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան՝ իր ճոխ նիւթերով:

Չորեքշաբթի, Մայիս 18, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Ղա­րա­բա­ղի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար ան­կա­խու­թիւն ճանչ­նա­լու հար­ցը միշտ ա­ռաջ­նա­յին է: Ա­րիւ­նով նուա­ճուած այս տա­րած­քի ան­կա­խու­թեան ճա­նաչ­ման  մա­սին խօ­սի­լը ա­ւե­լի մեծ աշ­խու­ժու­թեամբ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը դրուէր մաս­նա­ւո­րա­պէս անց­նող 1 Ապ­րի­լին սկիզբ ա­ռած քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մի ա­մե­նէն թէժ պա­հե­րուն:

Էջեր