Արխիւ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը աշխատանք կը տանի թափով:
«Պատմութիւն հայոց աղօթամատոյցին»ը եւ «Խրատ ժամատեղեաց»ը հետաքրքիրներու տրամադրութեան տակ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հետաքրքրական եւ նո՛յնքան շահեկան է թղթատել պատմութեան հին էջերը՝ որոնք ուղղակի եւ երբեմն անուղղակի կերպով խարիսխը կը կազմեն ապագայի բազմաթիւ դէպքերու եւ ընկերային երեւոյթներու։ Մանաւանդ մեր եկեղեցական պատմութեան մէջ կան այնպիսի երեւոյթներ՝ որ կերպով մը նախապատճառները կազմած են յառաջիկայ դէպքերուն, եղելութիւններուն, իրադարձութիւններուն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պէյրութի մեր պաշտօնակից «Ազդակ» օրաթերթը ներկայիս կ՚ողջունէ իր հիմնադրութեան 90-ամեայ յոբելեանը։ Քանի մը օր առաջ՝ անցեալ շաբաթավերջին «Ազդակ» բոլորեց իր հրատարակութեան 89-րդ տարին ու թեւակոխեց 90-ամեակի յոբելենական շրջանը։
ՍԱՐԳԻՍ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Միջին Արեւելքը ներկայիս կ՚անցընէ յոյժ տագնապալի հան-գըրւան մը։ Արեւմուտքի կողմէ խթանուած «Արաբական գարունը» (2011-էն սկսեալ), հակակշռէ դուրս ելլելով, Հիւսիսային Ափրիկէէն անցաւ Միջին Արեւելք, ստեղծելով իսլամական ինքնակոչ այլ ծայրայեղ «Խալիֆայութիւն»ը։
ՈՒԷՖԱ-ն հաստատեց այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, նկատի ունենալով անվտանգութեան հետ կապուած դրդապատճառները, «Եւրօ-2016»ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյենութեան մրցումները կրնան տեղի ունենալ… առանց համակիրներու:
Վերի լուսանկարին մէջ կ՚երեւի Ասքանազ Նազարէթի Մանուկեան, որ եղած է Վանի պատմական Այգեստան թաղամասէն։
74 տարեկանին մահացած է ելեկտրոնական նամակի (E.mail) գիւտի հեղինակ Ռէյ Թոմլինսըն:
Ռուսաստանի մէջ ստեղծագործող հայազգի տիզայնըր Ալեքսանդր Սիրադեկեան (Aleksander Siradekian) Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի մէջ ընթացող Նորաձեւութեան շաբթուան շրջանակներէն ներս ներկայացուցած է իր ստեղծած հանրայայտ «պոչիկաւոր» կօշիկներու առանձնայատուկ հաւաքածոն:
Օսմանեան կայսրութեան 34-րդ թագաւորին՝ Սուլթան Ապտիւլհամիտի շառաւիղները որպէս ժառանգ իրաւական պայքար կը մղեն՝ իրենց մեծհօրմէ ժառանգուած կալուածներու սեփականութեան վերստին տիրանալու համար։
Վաղը, Ռուսաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ պիտի բացուի «Հայաստան. լինելութեան առասպելներ» խորագրեալ ցուցահանդէս մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս ցուցահանդէսին շրջագծով պիտի ներկայացուի աւելի քան 160 ցուցանմոյշ՝ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թան-գարաններէն եւ Երեւանի Մատենադարանէն։
Թուրքիոյ եւ Յունաստանի վարչապետները շօշափեցին երկկողմանի համատեղ օրակարգի հարցերը, որոնք հրատապ են նաեւ միջազգային առումով:
Ահմէտ Տավուտօղլու եւ Ալեքսիս Ցիփրաս առաջնահերթօրէն կանգ առին դէպի Եւրոպա գաղթականաց հոսքի կասեցման եւ Եգէականի վերահսկման վրայ:
Թուրքիոյ հայոց 84-րդ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանին համար երէկ խնամատար (vasi) մը նշանակուեցաւ դատական իշխանութիւններուն կողմէ արձակուած վճիռով։ Մեր համայնքէն չորս անհատներու՝ Թադէոս Պէպէքի, Յարութ Էօզէրի, Նազար Պինաթլըի եւ Տքթ. Արթին Մեծատուրի կողմէ բացուած դատի արդիւնքին՝ պատրիարքին համար խնամատար նշանակուեցաւ տիրամայր Մարի Մութաֆեան։
Եւրոմիութեան կողմէ հովանաւորուած Էրասմուս ծրագրին շրջագծով ներկայիս հաստատուած է նոր նախագիծ մը, որ կը կոչուի «The European Job Market For Teens»։ Սոյն նախագծի մասնակից երկիրներն են՝ Ֆինլանտիա, Հունգարիա, Գերմանիա, Խրուաթիա, Լեհաստան եւ Թուրքիա։
«Վարիշ» թատերախումբը երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ «Քաչ քաչամաք» խորագրեալ խաղի առաջին ներկայացմամբ։ Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյթը, որուն ներկայ էին Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Իսթանպուլի քաղաքապետութեան թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Սիւհա Ույկուր, մեր թատերական աշխարհէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր եւ գեղարուեստասէրներ։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Կասկած չկայ, որ առաջին մարդն իսկ իր նորածինը զբաղեցնելիք առարկայ մը փորձած է ստեղծել, մանուկին համար խաղալիք մը հնարել, բնազդաբար զգալով, որ երախաներուն համար կենսական է խաղալը: Յաճախ նշմարած էք, որ նուէրը երբ տրուած է մանուկին, ան սկիզբը աւելի ժամանակ յատկացուցած է տուփին եւ ժապաւէնին, քան՝ մէջի խաղալիքին:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան նուիրուած «Մէկ աշխարհ» (ONE World) 18-րդ միջազգային փաստավաւերագրական ժապաւէններու փառատօնին այս տարի տասներեք անուանակարգերու մէջ պիտի ցուցադրուի հարիւրքսաներեք ժապաւէն վաթսուներկու երկիրներէ: Փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Մարտի 7-16 թուականներուն միջեւ, Փրակի մէջ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր ամբողջ աշխարհը կը տօնէ Համաշխարհային կանանց օրը: Կը հնչեն տօնական շնորհաւորանքներ, կիներուն կը տրուին նուէրներ, ծաղիկներ, բացիկներ… Տեղի կ՚ունենան մրցանակաբաշխութիւններ, երեկոյթներ ու խնջոյքներ: Կինը մէկ անգամ եւս կը յայտնուի ուշադրութեան ներքոյ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընդհանրապէս կը գանգատին մարդիկ այս աշխարհի վրայ ապրուած կեանքէն։ Կը գանգատին, քանի որ ցաւը, վիշտը, նեղութիւնը աւելի՛ շատ կ՚ազդէ մարդուս, եւ կը տպաւորէ զանոնք։
Գահիրէի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը յայտնուած է քաղաքի ամենագեղեցիկ 17 վայրերու ցանկին վրայ: «Արմէնփրէս»ի համաձայն, identitymag.comը կազմած է Գահիրէի հէքեաթային 17 վայրերու ցուցակը:
Լիբանանահայ երէց սերունդի մտաւորականներէն բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան վերջերս այցելեց Պէյրութի Մեսրոպեան հայ կաթողիկէ վարժարանը։ Ան բժշկական գիրքերու եւ յօդուածաշարքերու յայտնի հեղինակ մըն է եւ իր նորագոյն գործին շնորհանդէսը վերջերս տեղի ունեցած էր Պէյրութի մէջ։