Արխիւ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
VADİP-ի վերջին ժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ եկած հրատապ հարցերուն շուրջ յառաջ կը տարուի հետեւողական աշխատանք:
Համայնքային վարիչները սերտ համագործակցութիւն մը հաստատած են երեսփոխան Մարգար Էսաեանի հետ՝ փոքրամասնական վարժարաններու պարագային տնտեսական ձեռնարկ համարուելու ռիսքը կանխելու նպատակով: Իրաւաբաններ յարմար կը դատեն Ազգային կրթութեան մասին օրէնքին մէջ յստակ յաւելումի մը ներառնուիլը:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան այսօր արդէն աւարտեց Իսթանպուլ կատարած իր այցելութիւնը։ Ծանօթ է, որ շաբաթէ մը ի վեր ան կը գտնուէր քաղաքիս մէջ եւ անցեալ շաբաթավերջին կարճատեւ այցելութիւն մըն ալ տուած էր Անգարա։
Ոչ եւս է ժամանակակից իրականութեան ամենալուսաւոր դէոմքերէն մին՝ պատմաբան, աղբիւրագէտ Պետրոս Յովհաննիսեան:
Գերմանիոյ խորհրդարանը այս Հինգշաբթի պիտի քննարկէ հայկական հարցը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Պունտեստակի պաշտօնական կայքէջին վրայ նշուած է, թէ յարգանքի տուրք պիտի մատուցուի հարիւր տարի առաջ տեղի ունեցած ոճրագործութեան զոհերու յիշատակին։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վաղը երկօրեայ այցելութիւն մը պիտի տայ Նիւ Եորք։
Իրան-Ատրպէյճան փոխյարաբերութիւններու ապագային շուրջ սպասումներու եւ քննարկումներու ուշագրաւ հանգրուան մը:
Իլհամ Ալիեւի դէպի Թեհրան պաշտօնական այցելութիւնը կը սկսի տարածքաշրջանի նոր իրադրութեամբ պայմանաւորուած մթնոլորտի մը մէջ: Պաքուի ղեկավարութիւնը ներկայիս կը ջանայ հաւասարակշռութիւն գտնել միջազգային գերակայ դերակատարներու առկայ հակադիր դիրքորոշումներուն միջեւ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ յաճախ կը հիւրասիրենք բարեկամներ ճոխ սեղաններու շուրջ, խորհա՞ծ ենք երբեք թէ՝ մեր սիրտը, մեր անկեղծութիւնը եւ մանաւա՛նդ մեր սէրը ճոխ է անոնց հանդէպ, որքան սեղանները։ Արդարեւ ճաշասեղան մը որքան ալ ճոխ ու հարուստ ըլլայ, եթէ կը պակսի իրական եւ անկեղծ սէրը՝ ապա ուրեմն ո՛չինչ պիտի արժէ անիկա։
Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
Թիթեղաշէն տուներու շարքին քարաշէն տուներէն մին էր մեր տունը:
Մեր թաղի տուներուն գլխաւոր խնդիրը այն էր, որ ձմեռը անձրեւէն գոյացած ջուրերը ներս կը մտնէին, բոլորս անտանելի դրութեան մատնելով: Մանաւանդ դպրոցականներս առաւօտ երբ արթննայինք ու տուները ջուրերով ողողուած գտնէինք, մեծ ու բարդ հարց էր, թէ ինչպէ՞ս այդ օր դպրոց պիտի հասնէինք:
Հայկական եւ անգլիական հրատարակչատուներու համատեղ նախաձեռնութեամբ ծրագիր մը:
Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան ներկայ էր Երեւանի մէջ կազմակերպուած շնորհանդէսին:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մէջ արդէն շուրջ ութ տարիէ ի վեր՝ ուշագրաւ եւ հետաքրքրական տօն մը կը նշուի՝ Գիրք նուիրելու տօնը: Տակաւին Հայաստանի Գրողներու միութեան լուսահոգի նախագահ Լեւոն Անանեանի նախագահութեան օրօք որոշում կայացուած է Հայաստանի մէջ Փետրուարի 19-ը հռչակել իբրեւ Գիրք նուիրելու աւանդական օր: Այս մասին յայտարարուած է 2008 թուականին՝ նշելով, որ տօնակատարութեան նախաձեռնողը Հայաստանի կառավարութիւնն է:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան այսօր կ՚աւարտէ Իսթանպուլ կատարած իր «անպաշտօն», «մասնաւոր» հերթական առեղծուածային այցելութիւնը։ Համայնքային շրջանակներէն ներս վերջին օրերուն հետզհետէ աւելի լայն արձագանգ ստեղծած է Նորին Ամենապատուութեան այս այցելութիւնը, մանաւանդ, որ ան շաբաթավերջին մեկնած է նաեւ Անգարա։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերադարձաւ քաղաքս։ Ինչպէս ծանօթ է, Նորին Սրբազնութիւնը շուրջ շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր մասնակցեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ տեղի ունեցած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նստաշրջանին։
Հայաստանի մէջ շաբաթավերջին ստեղծուեցաւ նոր կուսակցութիւն մը, որ կը կոչուի՝ «Հայկական վերածնունդ»։ Կուսակցութեան բուն անունն է «Հայկական վերածունդ միաւորում», որու հիմնադիր համագումարը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ, «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրի երդիքին տակ։
Երեւանի մէջ, Հանրապետութեան հրապարակի մօտակայքին կը շարունակուի վարչական նորակառոյց ընդարձակ համալիրին շինարարութիւնը։
Լոս Անճելըսի մէջ Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմնին (SARF) կողմէ կազմակերպուած նուիրահաւաքման արշաւի արդիւնքին հանգանակուեցաւ աւելի քան 1.2 միլիոն ամերիկեան տոլար։
Սուրիոյ ճգնաժամին կապակցութեամբ շաբաթավերջին կարեւոր իրադարձութիւններ ապրուեցան միջազգային բեմահարթակին վրայ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարները Ճոն Քերի եւ Սէրկէյ Լաւրով կապի մէջ էին անընդհատ։
Թուրքիա կը շարունակէ սաստիկ ու բազմակողմանի պայքար մղել ահաբեկչութեան դէմ։ Շաբաթավերջին, դժբախտաբար, երկիրը ցնցուեցաւ նոր նահատակներու վերաբերեալ լուրերով՝ հերթական անգամ ապրելով խոր յուզում։
Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հինգերորդ հանդիպումը:
Անգարա, Թիֆլիզ եւ Պաքու զարկ կու տան տարածքաշրջանային համագործակցութեան զարգացման:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է համայնքային շրջանակներու համակրելի դէմքերէն, եկեղեցական կեանքի ազնիւ սպասաւոր Անդրանիկ Սրկ. Տեմիրճիօղլու։ Աւելի քան տարիէ մը ի վեր ան կը գտնուէր բժշկական խտացեալ խնամքի տակ։
ՏՔԹ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Աշխարհի պատմութեան մէջ հազուադէպ չեն ժողովուրդներու զանգուածային գաղթերը՝ այլազան պատճառներով-պատերազմ, սով, կրօնամոլութիւն, ատելութիւն, համաճարակ, եւայլն: