Արխիւ
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Հետզհետէ առաւել սուր բնոյթ ստացող ներգաղթեալներու հրատապ թղթածրարը ժամանակի թաւալումին եւ աշխարհագրական ընդարձակման հետ կը դրսեւորէ բոլորովին նոր երեսակներ, որոնք անակնկալի կը մատնեն «գիտուն» Արեւմուտքը:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Փետրուար 15-ը ծննդեան տարեդարձն է հայ ժողովուրդի անմահներէն Ռուբէն Սեւակի, որ կը հանդիսանայ Մեծ Եղեռնի նահատակ գրողներու փաղանգին կրտսերագոյն արժանաւորը եւ, միանգամայն, բարձրորակ տաղանդաւորը։
Երեւանի «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ փայլուն եւ եզակի երեկոյթ մը:
Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբը մեկնաբանեց Մոցարթի եւ Շոփէնի ստեղծագործութիւնները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Առաջին մարդը՝ Ադամ, եդեմական դրախտին մէջ երանական կեանք մը ունէր եւ ինչպէս Շարականագիրը կ՚ըսէ՝ «Այնտեղ ան կը ցնծար՝ առանց տխրութեան կը զուարճանար տրտմութիւն չճանչցող խնդութեամբ»։
Երեւանի Պետական համալսարանի Հայ բանասիրութեան ֆաքիւլթէէն ներս երէկ ապրուեցաւ յատկանշական օր մը։ Այսպէս, ֆաքիւլթէի շէնքի մուտքասրահին մէջ հանդիսաւորապէս բացուեցան երեք անմոռանալի ակադեմիկոսներու՝ Հրանդ Թամրազեանի, Եդուարդ Ջրբաշեանի եւ Արսէն Տէրտէրեանի կիսանդրիները։
Ֆրանսայի Միյէն քաղաքին մէջ արգիլուեցան թրքերէն եւ արաբերէն դասերը։ Տեղական մամուլին մօտ արձագանգ գտած այս կարգադրութիւնը կատարուած է տեղւոյն քաղաքապետին՝ Ֆրանսուա Պուշէի նախաձեռնութեամբ։ Ան այս կարգադրութիւնը հիմնաւորած է իր շրջանին մէջ դպրոցներէ ներս անվտանգութեան պատճառաբանութեամբ։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու այսօր շփումներ կ՚ունենայ Պրիւքսէլի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ իր շփումները կը տեւեն երկու օր։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Վիրահայոց Թեմը անցեալ տարի շուրջ 250 հազար ամերիկեան տոլար ստացաւ Վրաստանի կառավարութեան կողմէ։
Եւրոասիոյ տնտեսական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Սարգսեան, որ Հայաստանի նախկին վարչապետն էր, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։
Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները կը պատրաստուին իրականացնել իրենց հերթական հանդիպումը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, եռակողմանի այս հերթական տեսակցութիւնը տեղի պիտի ունենայ Թիֆլիզի մէջ, այս Ուրբաթ։
«Րէօյթըրզ»ի հաղորդումներով, Թուրքիա միջազգային համախոհութեան հետ շփման մէջ է՝ Սուրիայէ ներս ցամաքային գործողութիւններու համար:
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Իսմէթ Եըլմազ երէկ վերջին իրադարձութիւններուն մասին բացատրութիւններով հանդէս եկաւ խորհրդարանի ժողովին ընթացքին:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր երեկոյեան կ՚ուղեւորուի դէպի Պաքու, ուր կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Վաղը Պաքուի մէջ նախատեսուած է Թուրքիա-Ատրպէյճան Բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդին ժողովը, որ տեղի կ՚ունենայ Էրտողանի եւ Ալիեւի գլխաւորութեամբ։
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին վերաբերեալ պատրաստուած երկու ամբաստանագրերուն միացման զուգահեռ նոր դատավարութեան թուականն ալ ճշդուեցաւ։
Թուրքիոյ սաստիկ ռմբակոծումները փոփոխութեան կ՚ենթարկեն Սուրիոյ ճգնաժամին վերաբերեալ ձեւաւորուած հաւասարակշռութիւնները:
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու Ուքրայնոյ շփումներուն ընթացքին ծանր մեղադրանքներ հասցէագրեց Ռուսաստանին:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հոգեւորականութիւնը իր եզակի տեղն ու արժէքը նուաճած է նաեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ։ Աւելի՛ն. ամենէն վճռորոշ ազդեցութիւնը ունեցած է մեր ժողովուրդի քաղաքակրթական զարգացման մայր հոսանքին վրայ, որովհետեւ Հայաստանի ու հայութեան բաժին հանուած բազմադարեան պետականազուրկ կեանքի բերմամբ՝ ոչ միայն հոգեմտաւոր, այլեւ՝ ազգային-քաղաքական առաջնորդութեան կոչուած է հայ հոգեւորականութիւնը։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«ՀԱԼԷՊ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան նախագահը հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Անի Պալըխեան. «Առաջնահերթը բնակարաններու խնդիրն է։ Տուն ապահովելու կարելիութիւնը սուրիահայու ամենակարեւոր հարցի լուծումն է»:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Մութաֆեան Պատրիարքին խնամատար (vasi) մը նշանակելու պահանջով բացուած դատը վերջին օրերուն վերստին կը զբաղեցնէ համայնքին օրակարգը։ Նկատի ունենալով, որ անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցած էր դատավարութիւն մը, արձագանգները արդէն շրջանառութեան մէջ են համայնքէն ներս։
«ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարի գիրքերուն շնորհանդէսը կը մնայ անմոռանալի:
Իշխան Չիֆթճեան, Վարդան Մատթէոսեան եւ Վահէ Թաշճեան հրաժեշտ առին քաղաքէս:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Վրաստանի դեսպան Թենկիզ Շարմանաշվիլին, որ այս շրջանին կ՚աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանէ ներս։ Վրացի դեսպանը հրաժեշտի այցելութեան փութացած էր Վեհափառ Հայրապետին մօտ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
12-րդ դարու վերջերուն՝ Վրաց թագաւորական գահը բարձրացաւ Թամարա թագուհին՝ որ իր գործերով մեծապէս սիրելի եղաւ ժողովուրդին, եւ բազմաթիւ երգերու եւ ոգեւորութեան առարկայ հանդիսացաւ։ Թամարա թագուհիի իշխանութեան ժամանակաշրջանին, Վրաստան իր քաղաքական ու մտաւորական զարգացման բարձրագոյն աստիճանին հասաւ։