Արխիւ

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2016

Պեր­լի­նաբ­նակ եր­գիչ, եր­գա­հան Մա­սիս Ա­ռա­քե­լեան «Կռունկ» խո­րա­գի­րը կրող եր­կու հա­մեր­գով հան­դէս պի­տի գայ Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ Փետ­րուար 5-ին «Նա­րե­կա­ցի» ա­րուես­տի միու­թեան կեդ­րո­նէն ներս, Փետրուար 9-ին՝ Գա­ֆէս­ճեան ա­րուես­տի կեդ­րո­նէն ներս:

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2016

Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի հիմնադրութեան 50-ամեակին ձօնուած հանդիսութիւնները անցան տօնական մթնոլորտի մէջ:
Իսթանպուլահայ կրթական շրջանակները եւ բազմաթիւ հիւրեր համախմբուեցան հաստատութեան վարչութեան կողմէ երէկ երեկոյեան կազմակերպուած պաշտօնական ընթրիքին առթիւ: Ձեռնարկը հովանաւորեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան:

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2016

Պատ­կա­ռե­լի Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վոյ ո­րո­շու­մով եւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Բարձր. Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հրա­ւէ­րով, 31 Դեկ­տեմ­բեր 2015, Հինգ­շաբ­թի օր, Թուր­քիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նի Դահ­լի­ճին մէջ գու­մա­րուե­ցաւ Ե­կե­ղե­ցա­կան ընդ­հա­նուր հա­մա­գու­մար, ո­րուն  նա­խա­գա­հեց Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2016

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի հիմնադրութեան 63-րդ տարեդարձին առթիւ կրօնական եւ աշխարհիկ փայլուն հանդիսութիւններ՝ Գումգաբուի մէջ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ համախմբուած համայնքային շրջանակները արձանագրեցին հերթական յաջողութիւնը՝ հաւասարակշռելով տարեկան պիւտճէն:

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կը շա­րու­նա­կենք դի­տել Հայ Ե­կե­ղե­ցին՝ պատ­մու­թեան հին է­ջե­րու մէջ, պատ­մա­կան վկա­յու­թիւն­նե­րու լոյ­սով։

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2016

Հա­յաս­տան տա­սը մար­զի­կով կը մաս­նակ­ցի Միւ­նի­խի մէջ սկսած հրա­ցա­նաձ­գու­թեան մի­ջազ­գա­յին մրցա­շար­քին, որ կը կրէ «IWK» International Air Gun խո­րա­գի­րը:

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2016

Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան առ­կայ լա­րուած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին ապ­րուե­ցան խո­րա­պէս մտա­հո­գիչ ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ։ Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նին մօտ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նող ռու­սա­կան ռազ­մաօ­դա­նաւ մը վերս­տին ի­րա­կա­նա­ցուց օ­դա­յին մար­զի խախ­տում մը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան վա­ղը Ե­րե­ւա­նի մէջ պի­տի սար­քէ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րով պի­տի կա­տա­րէ ան­ցեալ դի­ւա­նա­գի­տա­կան տա­րուան ամ­փո­փու­մը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2016

Հա­յաս­տա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ խմո­րում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին՝ հա­մա­խո­հա­կան նոր իշ­խա­նու­թեան մը ձե­ւա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, մի­ջո­ցէ մը ի վեր ար­դէն շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը գտնուի Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան եւ Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան (ՀՅԴ) մաս­նակ­ցու­թեամբ հա­մա­խո­հա­կան իշ­խա­նու­թեան մը ձե­ւա­ւոր­ման վար­կա­ծը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2016

Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան գոր­ծա­դիր մար­մի­նը՝ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վը այ­սօ­րուն դրու­թեամբ կը սկսի աշ­խա­տիլ նոր կազ­մով մը։ Դար­ձեալ այ­սօ­րուան դրու­թեամբ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վը կը գլխա­ւո­րէ Հա­յաս­տա­նի նախ­կին վար­չա­պետ Տիգ­րան Սարգ­սեան։

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2016

Սերժ Սարգսեան Ուաշինկթընի մէջ պիտի մասնակցի Միջուկային անվտանգութեան գագաթաժողովին:
Ըստ Պարաք Օպամայի, Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ի ներդրումներու ծաւալը պիտի շարունակէ բարձրանալ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2016

Հայաստանի եւ Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւններու ծրագրաւորեալ համագործակցութիւնը կը շարունակուի այս տարի եւս:
Նախարար Սէյրան Օհանեան կը հիւրընկալէ Թինաթին Խիտաշելին, որ պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Երեւանի մէջ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2016

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Բրի­տա­նա­կան տի­րա­պե­տու­թեան տակ գտնուող Մոմ­պէ­յի (նախ­կին Պոմ­պէյ, Հնդկաս­տան) մէջ, լոյս աշ­խարհ ե­կաւ հա­մաշ­խար­հա­յին գրա­կա­նու­թեան տաղան­դա­ւոր դէմ­քե­րէն Ճո­զէֆ Ռու­տիըրտ Քիփ­լինկ (1865-1936):

Շաբաթ, Յունուար 30, 2016

Աշխար­հի վրայ միակ պե­տու­թիւնն է Պու­տա­նը, ո­րու պաշ­տօ­նա­կան կրօնն է թանթ­րիա­կան պու­տիզ­մը:

Շաբաթ, Յունուար 30, 2016

Արժանթինի հարաւային շրջաններէն մէկուն մէջ թանգարանի վերածած են ամբար մը, ուր շուրջ կէս դար առաջ գիշերած է յեղափոխական Էրնեստօ Չէ Կուարան:

Շաբաթ, Յունուար 30, 2016

Փիէռ Պեր­ժէի եւ Իվ Սէն Լո­րա­նի հիմ­նադ­րա­մը կը պատ­րաս­տուի 2017 թուա­կա­նին եր­կու թան­գա­րան բա­նալ՝ Փա­րի­զի եւ Մա­րա­քէ­շի մէջ։

Շաբաթ, Յունուար 30, 2016

​Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան Ազգային հետազօտական համալսարանի բացումը: Նախագահ Սարգսեանի մասնակցութեամբ Բանակի օրուան առթիւ շքեղ երեկոյթ Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ:

Շաբաթ, Յունուար 30, 2016

Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ ուժանիւթի ոլորտին շուրջ բարձր մակարդակով երկխօսութիւն: Ալպայրաք եւ Քանեթէ քննարկեցին ապագայ բանակցութիւններու վերսկսման հարցերը:

Շաբաթ, Յունուար 30, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Սու­րիոյ տագ­նա­պին հա­մար քա­ղա­քա­կան լու­ծում­նե­րու ընդ­հա­նուր օ­րա­կարգ մը մէջ­տեղ բե­րե­լու կո­չուած ժը­նե­ւեան ժո­ղով­նե­րը կորսն­ցու­ցած են ի­րենց ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը: Մինչ անց­նող ա­ռա­ջին եր­կու ժո­ղով­նե­րուն Սու­րիոյ մէջ հա­կա­մար­տող կող­մե­րը մեծ յոյ­սեր կը տա­ծէին ժո­ղով­նե­րուն ա­ռըն­թեր, այ­սօր ի­րա­վի­ճա­կը նոյ­նը չէ:

Շաբաթ, Յունուար 30, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թրքա­հայ ու­սուց­չաց հիմ­նար­կը, ա­հա՛, կ՚ող­ջու­նէ ոս­կեայ յո­բե­լեա­նը։ Ան ար­դէն թե­ւա­կո­խած է իր հիմ­նադ­րու­թեան յիս­նա­մեայ յո­բե­լե­նա­կան հանգ­րուա­նը։ Շրջան մը, որ կ՚ի­մաս­տա­ւո­րուի բա­զում զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով, կ՚ար­ժե­ւո­րուի բա­զում մար­տահ­րա­ւէր­նե­րով, կը բնո­րո­շուի հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ ու կը գնա­հա­տուի հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ։

Էջեր