Արխիւ
Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի առաջին գիրքը, որ կը պարունակէ իտալացի լրագրող Անտրէա Թորնիելլիի հետ զրոյցները, լոյս պիտի տեսնէ Յունուարին:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Շարժանկարային արուեստի մեծ պաստառներուն վրայ է հայկական նոր շարժանկար մը՝ «Վարդապետի լռութիւնը»: Հայրենի բեմադրիչ Վիգէն Չալտրանեանի նոր աշխատանքն է՝ Կոմիտասի մասին: Շարժանկարը Կոմիտաս Վարդապետի մասին նոր բացայայտումներու ճանապարհ կը բանայ. արդեօք խելագարուա՞ծ է Կոմիտաս, թէ պարզապէս լռած է…
Անգլիական «The Times» յայտնի թերթը հրատարակեց յօդուած մը՝ Տիարպաքըրի կեդրոնին գտնուող Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ներկայ վիճակին շուրջ։ Այս շրջագծով թերթը գրեց, թէ քաղաքի մէջ տեղի ունեցող պայթումները կը վնասեն այս պատմական կոթողը։
2016-ի տարեմուտին եւ Սուրբ Ծննդեան տաղաւարին առթիւ աւանդական ընդունելութիւն Պատրիարքարանի դահլիճի երդիքին տակ:Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու եւ ծնողաց միութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք միասնաբար երգեցին «Խորհուրդ մեծ» շարականը եւ որպէս նուէր ստացան նուռեր:
Պատրիարքական Աթոռին տնօրինութեամբ, Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առթիւ տօնակատարութիւններ ու զօրակցութեան շարժում:
Կեսարիոյ Սուրբ գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տօնական աւետիսով աղօթք կը վերառաքուի առ Աստուած՝ համայն աշխարհի խաղաղութեան համար:
Մերձաւոր Արեւելքէն խոյս տալով Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մօտ ապաստան գտած հայ գաղթականները խոր երկիւղածութեամբ կը կատարեն իրենց ուխտը:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայութեան ուշադրութիւնը այսօր կեդրոնացած է Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ վրայ։ Պատմական այս սրբավայրը կը մագնիսացնէ մեր ամբողջ հաւատացեալներուն հետաքրքրութիւնը, որովհետեւ ան այսօր կը հիւրընկալէ Մերձաւոր Արեւելքի ողբերգութիւններէն խոյս տալով Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած հայ գաղթականները։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիք մեկնած է Լոնտոն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին շուրջ խորհրդակցութիւններու մասնակցելու նպատակով։ Ան Անգլիոյ Արտաքին եւ համագործակցութեան նախարարութեան մօտ խորհրդակցութիւններ կ՚ունենայ հիմնախնդրի կարգաւորման հեռանը-կարներուն առընչութեամբ։
«Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց ֆրանսահայ մտաւորականի գրքի թրքերէն թարգմանութիւնը:
Միշէլ Մարիան կ՚ուզէ տեղ մը բանալ՝ քաղաքականութեան մէջ արդարութեան եւ պատմութեան մէջ բարոյագիտութեան համար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Իմաստութիւն» բառը ունի հոմանիշ բառեր՝ «խելահասութիւն», «փորձառութիւն», «խելք», «հանճար», ինչպէս նաեւ՝ փոխաբերական իմաստով՝ «ողջամտութիւն», «ողջախոհութիւն», «վսեմախոհութիւն», «երեւոյթներու խոր իմացութիւն՝ ըմբռնում»։ Բոլոր այս նշանակութիւններուն հետ իմաստութիւնը կը յիշուի նաեւ անունով մը՝ որպէս «հոմանիշ» եւ նոյնիմաստ կամ նոյնանիշ բառ, որն է՝ Սողոմոն եւ կը գործածուի «Սողոմոն իմաստուն» ձեւով։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ փայլուն հանդէս մը տեղի ունեցաւ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։ Անցեալ տարուան վերջընթեր օրը կազմակերպուած այս ձեռնարկը ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։ Ամբողջ դպրոցին մէջ լիուլի ապրուեցաւ տօնական հրճուանքը։
Գարակէօզեանի ընտանիքին անդամները վերամիաւորուեցան՝ ոգեկոչելով հաստատութեան հիմնադիրը:
Աւանդական Լուբիայի օրը առիթ հանդիսացաւ վարժարանի եւ անոր սաներու վերաբերեալ յիշողութեան թարմացման: Խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին զանազան սերունդներէ ընթացաւարտները:
Յառաջիկայ Մայիսի վերջը եւ Յունիսի սկիզբը, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այդ երկու մրցումներն ալ պիտի կրեն բարեգործական բնոյթ:
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ եւ ընդդիմադիր «Հայ ազգային գոնկրէս»ի առաջնորդ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան բուժման նպատակով կը մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան շաբաթավերջին տեսակցեցաւ Ռուսաստանի Փոխադրութեան նախարար Մաքսիմ Սոքոլովի հետ, որ այցելեց Երեւան։ Հարկ է նշել, որ Մաքսիմ Սոքոլով միեւնոյն ժամանակ համանախագահն է Հայաստան-Ռուսաստան տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովին։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա Ուաշինկթըն հրաւիրեց Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւը։
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ Ատրպէյճան սկսած է վերստին սրել իրավիճակը:
«Զինուած դիմակայութեան աստիճանի բարձրացման եւ հետագայ գործողութիւններու պատասխանատուութիւնը կը վիճակի Պաքուին»:
Պալըքլըի յունաց հիւանդանոցի պարագային բացուած դատին արդիւնքը կրնայ առընչուիլ Թուրքիոյ ամբողջ փոքրամասնութիւններու հաստատութիւներուն:
Համայնքային վաքըֆներու համար գործակատար-կառավարիչներու նշանակման հեռանկա՞ր:
Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան Սուրբ Ղազար վանքին մէջ Յունուար 6-ին տեղի ունեցաւ բացումը Շաւարշ եւ Արփիկ Միսաքեանի նուիրուած ցուցահանդէսին, ներկայութեան Վենետիկի զանազան շրջաններէն շուրջ հարիւր յիսուն իտալահայերու, միաբաններու, Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան՝ Սարգիս Ղազարեանի, նախագահութեամբ Միաբանութեան վանահայր՝ Հ. Եղիա Վրդ. Քիլաղպեանի։
ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Երբ զաւակ կը դաստիարակենք, մարդկային արժանիքները կը ձեւաւորենք: