Արխիւ
Շաբաթավերջին Բանկալթիի մէջ, Galeri Birzamanlar-ի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման եզակի հաւաքոյթ մը։ Արդարեւ, Օսման Քէօքէրի կողմէ ղեկավարուած Galeri Birzamanlar-ը վերջերս կազմակերպած էր միջհամալսարանական ուսանողական լուսանկարչական հետաքրքրական մրցոյթ մը։
«Արաս» եւ «Իսթոս» հրատարակչութիւնները շաբաթավերջին գրքի երկօրեայ համատեղ տօնավաճառ մը իրականացուցին Պէյօղլուի մէջ, ինչ որ արժանացաւ գրասէրներու անմիջական ուշադրութեան։ Ամանորի նախօրեակին զուգադիպած այս ձեռնարկը իրականացուեցաւ Իսթիքլալ պողոտայի Փանաիա Իսոտիոն յունաց եկեղեցւոյ բակէն ներս։
Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ եւ յարակից վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած տարեկան զօրակցութեան հաւաքոյթը փայլուն անցաւ։
Թաղային խորհուրդը յամառ աշխատանքով կը հետապնդէ համայնքապատկան բացօթեայ շուկայի տարածքի արժեւորման ծրագիրը, որու շրջագծով ցարդ կնքուած պայմանագրերու պարագային խնդրոյ առարկայ չեն դարձած ժամկէտի խախտումներ։
Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նախապէս խորհրդածեցինք Եկեղեցւոյ «պաշտօնական լեզու»ին մասին եւ ըսինք, որ Եկեղեցին, ինչպէս ամէն հաստատութիւն եւ կազմակերպութիւն, իր պաշտօնը կամ առաքելութիւնը կարենալ գործադրելու համար «լեզու»ի պէտք ունի եւ որպէսզի ամէն ինչ կարգին ընթանայ, հարկաւոր է որ «հասարակաց» կամ «պաշտօնական» լեզու մը գործածէ՝ ներդաշնակութիւնը ապահովելու որպէս միջոց։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները այսօր կը տեսակցին Պեռնի մէջ:
Զուիցերիա ուղեւորուելէ առաջ Սերժ Սարգսեան երէկ խորհրդակցութիւն մը իրականացուց Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս: Արցախի ճակատին վրայ սաստիկ լարուածութիւնը միշտ կը մնայ առկայ:
Վաքըֆլըգիւղցիներու հայրենակցական միութեան մէջ երէկ ապրուեցաւ ամանորեան քէրմէսի եռուզեռ։ Տիկնանց կազմին կողմէ կազմակերպուած քէրմէսին ընթացքին այցելուներուն հրամցուեցան գիւղին բնորոշ արտադրանք, ձեռային աշխատանքներ եւ Կաղանդի իրեղէններ, որոնք առարկայ դարձան հիւրերու հետաքրքրութեան։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ ապրեցաւ քէրմէսի հրճուանք։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Ամանորին ընդառաջ թաղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ յարդարուած տաղաւարները առիթ հանդիսացան թէ՛ յարակից Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ զօրակցութեան եւ թէ տօնական շրջանի աւանդութեան մը տեւականացման։
Քըրմըզեան եղբայրներուն կողմէ հովանաւորուած նախագիծը բաւական հասունցած:
Պալեան գերդաստանի շիրմին նորոգութիւնը կ՚ընթանայ նախատեսուած հունին մէջ: «Հայճար» այժմէն պատրաստութիւններու ձեռնարկած է Մայիսին կայանալիք բացման հանդիսութեան համար:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական հանդիսաւոր աղօթք մը՝ աշխարհի խաղաղութեան համար։
Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան եւ Լոս Անճելըսի շրջանի հոգեւոր առաջնորդները համախմբուեցան Ս. Ղեւոնդեանց մայր տաճարին մէջ։
Երեւանի մէջ, Ծիծեռնակաբերդի թանգարանի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ ուշագրաւ ցուցահանդէսի մը բացումը։ «Մաքառելով կեանքի եւ արժանապատուութեան համար. ինքնապաշտպանական մարտերը Մեծ եղեռնի տարիներուն» խորագրեալ այս ցուցահանդէսի բացման զուգահեռ ներկայացուեցաւ նաեւ համանուն գիրքը, որ եւս նոր հրատարակուած է նոյն նիւթերով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը դիմաւորուինք սա հարցումով. եկեղեցւոյ պաշտամունքը, ընթերցանութիւնը գրաբա՞ր թէ աշխարհաբար ըլլալու է։ Ոմանք կ՚ըսեն, թէ եկեղեցին իր առաքելութիւնը կատարելու համար ո՛ր լեզուն որ աւելի շատ կ՚արդիւնաւորէ, կ՚օգնէ, այդ լեզուն գործածելու է, քանի որ եկեղեցւոյ առաքելութեան առաջնակարգ նպատակը՝ հաւատքն է, լեզուն անոր միջոցն է, առարկան է։
Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարները նախընթաց օր ժողով մը գումարեցին Իսթանպուլի մէջ։ Սա եռակողմանի այս ձեւաչափին մէջ պաշտպանութեան նախարարներու երրորդ հանդիպումն էր։
Կիւմրիի մէջ ռուսական ռազմակայանի համալիրէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ անցեալ Յունուարի 12-ին Աւետիսեաններու ընտանիքի եօթ անդամները սպաննած ռուս զինուորական Վալերի Փերմեաքովի դատավարութեան առաջին նիստը։ Հայաստանի Շիրակի մարզի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանին կողմէ կը դատուի մեղադրեալը, դատաւոր Յարութիւն Մովսէսեանի գլխաւորութեամբ։
Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տ.Տ. Քիրիլ Պատրիարքը շքանշան մը շնորհեց ռուսահայ յայտնի գործարար ու բարերար Սամուէլ Կարապետեանին, որ «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի հիմնադիր-նախագահն է։ Նորին Սրբութիւնը Սամուէլ Կարապետեանին շնորհեց «Սուրբ մեծ իշխան Դանիէլ Մոսկուացի» երրորդ աստիճանի շքանշան՝ Տոպրովսքայի Սուրբ Քիրիլի եւ Մեթոտիոսի տաճարի շինարարութեան հարցին մէջ ունեցած աւանդին համար։
Հայ երաժշտական աշխարհի երկու երիտասարդ աստղերը՝ Նարեկ Հախնազարեան եւ Սէրկէյ Խաչատրեան այսօր համերգով մը հանդէս կու գան Փարիզի մէջ։ Թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեանի եւ ջութակահար Սէրկէյ Խաչատրեանի ելոյթը կը կայանայ Փարիզի նուագախումբին հետ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիական տագնապի շուրջ ընթացող խմորումներու ծիրին մէջ երէկ կարեւոր համարուած ժողով մը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ: Բացի ժողովին ունեցած արդիւնքներէն, պէտք է շեշտադրել երկու հիմնական կէտեր:
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին շրջագծով, դատական գործընթացներուն մէջ միշտ կը յառաջանան բարդութիւններ, որոնք շարունակ նոր իրավիճակներ կը ծնին։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս այս մահափորձին մէջ հանրային պաշտօնեաներուն ունեցած դերակատարութիւնը պարզելու առաջադրութեամբ կատարուեցաւ յաւելեալ հարցաքննութիւն մը եւ պատրաստուեցաւ նոր մեղադրական մը։
Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի պաշտօնական աղբիւրները երէկ երեկոյեան ժամերէն սկսեալ տեղեկացուցին, թէ երկու երկիրներուն միջեւ պաշտօնապէս սկսած է ձիւնահալի մը գործընթացը։ Ծանօթ է, որ «Մաւի Մարմարա» նաւու դէպքով ծագած ճգնաժամը պատճառ դարձած էր, որ վերջին տարիներուն մեծ լարուածութիւն մը ապրուի երկու երկիրներուն միջեւ, որոնք մինչ այդ իրենց կապերը հասցուցած էին ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակին։
Սիրքէճիի Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքը Պատրիարքական Աթոռին վերադարձնելու խոստումով, որպէս պետական պաշտօնեայ Պատրիարքական Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին ներկայացած եւ անկէ գումար ստացած Քեմալ Թայֆուն Նարկին դատապարտուեցաւ բանտարկութեան եւ տուգանքի։
Յունաստանի Պաշտպանութեան նախարար Փանոս Քամերոս, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, երէկ ընդունուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Տեսակցութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Նախագահական աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան եւ այլ պաշտօնատարներ։